
Հայազգի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումի երկրորդ խաղին նորէն յաղթանակ արձանագրեց Միխայիլ Մարքովի (Խըրխըզիստան) դէմ: Այս երկուքին միջեւ պայքարը աւարտեցաւ Արոնեանի յաղթանակով (2-0): Այսպիսով, Արոնեան դիւրութեամբ հասաւ երկրորդ հանգրուան:
Միւս կողմէ, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն, յաջորդաբար` Լուտվիկ Համերի (Նորվեկիա) եւ Խուլիօ Քարնթայի (Փերու) հետ: Անոնք թայ-պրէյքի մրցում մը պիտի ունենան իրենց մրցակիցներուն դէմ եւ յաղթողը պիտի անցնի յաջորդ հանգրուան:
Սակայն, Վլատիմիր Յակոբեան 0.5-1.5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տրուոնք Սոն Նգուենէն (Վիեթնամ) եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:


