Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

August 8, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրութիւնս կ՛անդրադառնայ, որ կան «Նամականի»-ն ստորագրողին տեսակէտները իրենց բացարձակին մէջ չընդունողներ, որոնք լեզուաբանական եւ այլ աղբիւրներու վրայ հիմնուած կրնան բանավիճիլ ըսուածներուն մասին:

Այս ընդգծումով տեղ կու տանք «Նամականի»-ին` միաժամանակ ակնկալելով այլ տեսակէտներ պաշտպանողներուն գրութիւնները:

«Ա.»

Սիրելի՛ Մարզպետ,

«Ազդակ»-ի մէջ կարդացի «Տարոսը մեզի» յօդուածդ (բութի պէտք չկայ –  ԱԵ): Ի՞նչ ըսեմ`  մէկ թերութիւն ունիս, որ …շատ լաւ կը գրես: Սա քու գլխաւոր թերութիւնդ է, եւ շատեր համակարծիք են ինծի: Բաւական բաներ սորվեցայ, ինչպէս միշտ կը սորվիմ գրութիւններէդ, ինչպէս ալ ատենին անձամբ քեզմէ կը սորվէի: Եւ եթէ Ամերիկա գաղթած չըլլայիր, դեռ ուրիշ ինչե՜ր  պիտի սորվէի:

Այս այսպէս է:

Հիմա գանք մանրուքներու. պիտի աղաչեմ քեզմէ` օտքդ-ծէքդ պագնելու ի գին, որ այսուհետեւ գրիչդ կոտրես եւ բնաւ, բնաւ օրուընէն  չգրես (ինչպէս կը գրեն մեր թերթերը). առ այս պատուոյ  խօ՛սք կ՛ուզեմ քեզմէ. այլ գրես օրէ(ն): Օրուընէն «բարբարոսութիւնը» յատուկ է լիբանանահայ խմբագիրներուն,  գրագէտներուն, ուսուցիչներուն, բայց ոչ քեզի. դուն անոնցմէ վեր ես:

Հետեւեալ հատուածը մտածական ու շարադրական քաոս մըն է.

«Այդ ուղին էր, որ զիրենք կը տանէր հո՛ն, ուր իրենց մտապատկերներուն  մէջ քանդակուած հերոսները վաղուց էին հասեր եւ ուր իրենք պիտի կարենային տեսնել զիրենք, զրուցել հետերնին եւ տեղեակ պահել զիրենք այն իրականութիւններու յառաջընթացին մասին, որ իրենք  էին նախաձեռներ ի խնդիր հայրենի հողի ազատագրման…»:

Զայն քաոսի, կարելի է ըսել` թանապուրի,  վերածողը ընդգծուած դերանուններն են, որոնք երկու տարբեր խումբեր կը բնորոշեն. ա) Լիզպոնի հինգերը, բ) Ասոնց մտապատկերները հանդիսացած հերոսները: Դուն մահացու մեղք գործած ես ասոնք բոլորը բնորոշելով նոյն իրենք դերանունի զանազան հոլովներով. մինչդեռ պէտք էր առաջին խումբը բնորոշել իրենք դերանունի տարբերակներով, իսկ երկրորդ խումբը բնորոշել անոնք դերանունի տարբերակներով:  Ուրեմն սապէս`

«Այդ ուղին էր, որ զիրենք կը տանէր հո՛ն, ուր իրենց մտապատկերներուն  մէջ քանդակուած հերոսները վաղուց էին հասեր եւ ուր իրենք պիտի կարենային տեսնել զանոնք (այդ հերոսները), զրուցել հետերնին եւ տեղեակ պահել զանոնք (այդ հերոսները) այն իրականութիւններու յառաջընթացին մասին, որ իրենք  էին նախաձեռներ ի խնդիր հայրենի հողի ազատագրման…»:

Վերջին, սակայն ոչ նսեմագոյն նկատողութիւն մըն ալ. «տեղեակ պահել զանոնք այն իրականութիւններու յառաջընթացին մասին, որ իրենք էին նախաձեռներ…»: Սա ալ պէտք է շարադասել հետեւեալ կարգով. «տեղեակ պահել զանոնք յառաջընթացին մասին այն իրականութիւններու, որ իրենք էին նախաձեռներ…»: Այսինքն` յարաբերեալը բերինք յարաբերականին առջեւ: Արեւելահայերէնը սկսած է քանդել մեր լեզուազգացողութիւնը, որովհետեւ անո՛նք այս շարադասութեամբ կը գրեն, իսկ մեր հոս-հոսներն ալ…կ՛ընդօրինակեն: Ողջ մնան:

Էլի՛ կը հանդիպինք:

Ո՛ղջ լեր, եւ ես ինձէն ողջ եմ:

                                                                                                                                      ԱՐՄԵՆԱԿ

Նախորդը

ԼՕԽ. 26 Մասնաճիւղեր` Բեղուն Գործունէութիւն

Յաջորդը

Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի Մեկնաբանական Աշխատութիւնը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.