Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Նկատումներ` Ռուհանիի Երդման Արարողութեան Ներկայութեան Պատկերին Եւ Արարողակարգին Մասին

August 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 4 օգոստոսին Իրանի նորընտիր նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան հրաւիրուած էին բազմաթիւ օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Ասիկա առաջին անգամն էր, որ Իրանի նախագահի մը երդման արարողութեան նման հրաւէրներ կ՛ուղարկուէին: Նախագահներ Մոհամետ Խաթեմիի եւ Մահմուտ Ահմատինեժատի երդման արարողութիւններուն օրինակէն շեղող այդ քայլին նպատակը` հակառակ միջազգային պատժամիջոցներուն Իրանի միջազգային քաղաքական լաւ կապեր ունենալն ու մեկուսացած չըլլալը ցոյց տալն էր, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն բացուելու եւ երկխօսութիւն ծաւալելու քաղաքականութիւն մը վարելու նորընտիր նախագահին յանձնառութեան արտայայտութիւնը:

Այս բոլորին կողքին երդման արարողութիւնը, ներկայութեան պատկերն ու արարողակարգը իրենց կարգին կարգ մը բացայայտումներ կատարեցին: Երդման արարողութեան ներկայ էին 11 նախագահներ, 6 խորհրդարանի նախագահներ, 2 վարչապետներ եւ 11 արտաքին գործոց նախարարներ:

Թուրքիան ներկայացուած էր արտաքին գործոց նախարարի համեմատաբար ցած մակարդակով: Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի արարողութենէն բացակայութիւնը` Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցերով երկու երկիրներուն լարուած յարաբերութեան ակներեւ ցուցանիշն էր: Հակառակ իրանեան կողմին նոր էջ մը բանալու մտադրութեամբ ուղղած «բարի կամեցողական» հրաւէրին, Անգարա նախընտրած էր Կիւլի փոխարէն Թեհրան ուղարկել Ահմեթ Տաւութօղլուն` այդպիսով մերժելով իրանեան ժեսթը: Թրքական իշխանութիւնները թերեւս նաեւ զգուշացան, յաչս Արեւմուտքին, իրանեան քարոզչական նպատակին յաջողութեան նպաստած ըլլալու կեցուածքին մէջ յայտնուելէ: Թեհրան վստահաբար թրքական կողմի այս վերաբերմունքին պատշաճ գնահատական մը պիտի տայ:

Ազրպէյճանի ներկայացուցիչն էր խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով: Նախագահ Իլհամ Ալիեւի բացակայութիւնը իր կարգին երկու երկիրներու յարաբերութեան կացութեան մասին կը վկայէ, սակայն կը թուի, թէ Պաքու-Թեհրան յարաբերութիւնները աւելի լաւ մակարդակի վրայ են, քան` Անգարա-Թեհրան յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, եթէ նկատի ունենանք Իրանի խորհրդարանին մէջ առաջին շարքին վրայ հիւր նախագահները նստեցնելու արարողակարգը` պիտի տեսնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ցուցաբերուած էր: Իրանի նորընտիր նախագահի ձախին նստած էր նախկին նախագահ Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանին, իսկ աջին` այլ բարձրաստիճան հոգեւորական մը, որուն կողքին Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ, իսկ անոր կողքին` նախագահ Սարգսեանը: Այլ խօսքով` ան օտար հիւրերու շարքին 2-րդ դիրքը գրաւած էր եւ հաւանաբար առաջին դիրքն ալ գրաւէր, եթէ շրջանին մէջ սիւննի-շիի լարուածութեան լոյսին տակ, նախագահ Քարզայի սիւննի ըլլալու հանգամանքը արարողակարգի պատասխանատուներուն կողմէ նախապատուութեան ազդակ մը չնկատուէր:

Յամենայն դէպս, իրանեան իշխանութիւնները նախագահ Սարգսեանի անձին միջոցով դրացի Հայաստանի եւ անոր հետ յարաբերութեանց նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը արտայայտեցին:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.