Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Եկեղեցի Չեմ Երթար»

August 6, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Եոհանը հոլանտացի 22 տարեկան երիտասարդ շարժավար մըն է: Հոլանտացիք ընդհանրապէս մարդամօտ բնաւորութիւն ունին եւ մօտիկ են օտարին ու այցելուներուն: Ընդհանրապէս կը խօսին անգլերէն, այնպէս որ, դժուարութիւն չես ունենար իբրեւ այցելու անոնց հետ հաղորդակցելու: Եոհանը կանչուած էր զիս տանելու Էկմոնտ Ան Զի շրջանի պանդոկէն դէպի Հաարլեմ, ուր պիտի շարունակէի տասը օրերուն վրայ երկարած աշխատանքային այցելութիւնս Հոլանտա` մայիս 2013-ին: Եոհանը գիտէր իմ աշխատանքային բնոյթս, եւ թէ` գործ ունիմ Աստուածաշունչին հետ, նկատի ունենալով, որ իր աշխատած հանրային ինքնաշարժներու ընկերութիւնը ստանձնած էր մեր ընկերակցութեան միջազգային մէկ համագումարին մասնակիցներս փոխադրել պանդոկէն այլ տեղեր:

Եոհանին հետ չուշացաւ մեր հաճելի զրոյցը: Դիւրին էր նաեւ իրեն հետ հաղորդակցիլը. Հոլանտա գեղեցիկ երկիր է` տարածուն, աւելի տափարակ, քան` լեռնային, կանաչ մարգագետիններով օժտուած. ամբողջ երկրին տարածքին հոսող գետերն ու լիճերը յատուկ ջերմութիւն կու տան գեղեցիկ բնութեան: Երկիրը յատկանշական է երկրագործութեամբ եւ կաթնեղէնի արտադրութեամբ, այդ պատճառով ալ ագարակները, կովերն ու ոչխարները տարածուած են քիչ մը ամէն տեղ:

«Մենք մարդոցմէ աւելի կով ունինք», ըսելով` Եոհան սկսաւ իր զրոյցին` ժպտելով եւ ճամբու երկայնքին ցոյց տալով բոլոր արջառները:

«Գեղեցիկ են», ըսի Եոհանին, եւ մեր խօսակցութիւնը շարունակեցինք` խօսելով քիչ մը տնտեսութեան մասին, գործի եւ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին, բայց նաեւ` չմոռնալով ֆութպոլը եւ Հոլանտայի ազգային խումբին տիտանները: Իմ յիշած հոլանտացի ֆութպոլի «հերոսները» Եոհանին համար միայն անուն էին: Ան ծնած էր անոնց ժամանակաշրջանէն ետք, այնպէս որ, ես աւելի բան գիտէի Քրույֆի եւ Նիսքընզի մասին, քան` ինք…

Եկեղեցական եւ հոգեւոր նիւթերու վերաբերող հարցումս չուշացաւ. չեմ գիտեր ինչո՛ւ կասկածէ վեր նկատեցի իր քրիստոնեայ ըլլալը, գէթ` անուանական: Այնպէս որ, հարցումս եղաւ քիչ մը շատ ուղղակի.

– Բողոքակա՞ն ես, թէ՞ կաթողիկէ:

– Չեմ գիտեր,¬ ըսաւ Եոհան:

Թէեւ քիչ մը շուարեցայ, բայց շուտով անդրադարձայ, որ կրնար պատկանիլ այլ կրօնի…

– Կը ներես, բայց արդեօք իսլա՞մ ես,- հարց տուի:

– Ո՛չ իսլամ եմ եւ ո՛չ ալ քրիստոնեայ,- ըսաւ Եոհան: – Անկեղծ ըսած, չեմ ալ գիտեր բողոքականութեան եւ կաթողիկէութեան տարբերութիւնները:

Եոհան այս նախադասութեամբ իր կեանքին իրականութիւնը դրաւ դիմացս` առանց շուարելու կամ տատամսելու:

Հետաքրքրութիւնս, բնականաբար, աւելի սրեցաւ եւ չուշացաւ հարցումս` քիչ մը աւելի պրպտելու համար Եոհանի կեանքի կարճ ու փոքր պատմութիւնը:

– Հապա՞ ծնողքդ,- հարց տուի:

– Կարծեմ պէտք է քրիստոնեայ ըլլային, բայց երբեք հետաքրքրուած չէին կրօնով ու եկեղեցիով… Ես ալ այդպէս մեծցայ,- ըսաւ Եոհան:

Ապա շարունակեց.

– Ես երբեք աղօթատեղի չեմ գացած, բայց կը սիրեմ աղօթատեղիները, անոնք մեծ են,- ըսաւ ան:

– Նոյնիսկ Ծնունդի կամ Զատկուան տօներո՞ւն,- հարց տուի:

– Ո՛չ, ես եկեղեցի չեմ երթար,- ըսաւ ան:

Եոհանը լաւ ներկայացուցիչներէն մէկն է ներկայ օրերու, առաւելաբար` Արեւմտեան աշխարհի մէջ ընթացք առած «ապակրօն» մտածողութեան եւ մշակոյթին: Եթէ «աղօթատեղիները կը սիրեն իբրեւ կառոյց», բայց ո՞ւր մնաց հոգին, խորքը, պատգամը: Տակաւին կայ միւս իրականութիւնը, որ այդ «մեծ կառոյցները» այսօր վերածուած են ճաշարաններու կամ այլ նպատակներու համար կ՛օգտագործուին նոյնինքն Հոլանտայի եւ Արեւմուտքի մէջ:

***

Բայց հայկական եկեղեցին` ո՛չ տակաւին:

Տիգրան Մղտեսեան Հոլանտա հաստատուած է 33 տարիներ առաջ: Ան պոլսահայ է եւ շրջանաւարտ է ծանօթ Կեդրոնական վարժարանէն, որուն հայեցի եւ քրիստոնէական ամուր դաստիարակութեամբ եթէ կերտած է իր կեանքն ու նկարագիրը, բայց նաեւ այն, որ կ՛ուզէ օգտակար դառնալ գաղութին հոգեւոր, ազգային ու մշակութային վերելքին: Տիգրանին համար ազգային պարտականութիւն է այս մէկը, եւ ան կ՛ուզէ ամուր կերպով կառչիլ այս առաքելութեան: Ան ատենապետն է հայ եկեղեցւոյ Ընդհանուր ժողովին: Ամսթրտամի մէջ գտնուող Ս. Հոգի հայկական եկեղեցին հիմնուած է 1715-ին, հայերու կողմէ: Հայերը սկսած են Պելճիքա եւ Հոլանտա գաղթել Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումէն ետք, բայց նաեւ կարեւոր թիւով հայ վաճառականներ հաստատուած են Հոլանտա 17-րդ դարէն սկսեալ` տարբեր գործերով: Հայ¬հոլանտական կապերուն մէջ հաւանաբար իր իւրայատուկ տեղը ունի նաեւ այն, որ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութիւնը կատարուած է Ամսթրտամի մէջ, 1666-ին, Ոսկան վարդապետին կողմէ…

«Գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս 20 հազար հոգի», կը բացատրէ Տիգրան: Կէսը եկած է մայր հայրենիքէն, իսկ մնացեալը` Թուրքիայէն, Իրաքէն, շատ փոքր թիւով Լիբանանէն եւ Սուրիայէն: «Մեր դժուարութիւնը այն է, որ հայերը տարածուած են Հոլանտայի չորս կողմերը եւ տարբեր քաղաքներ», կ՛ընդգծէ Տիգրան: «Այս իրականութիւնը կը դժուարացնէ մեր գործը, որովհետեւ պէտք է փորձենք հասնիլ բոլոր հայերուն եւ ամէն տեղ»: Այս իմաստով, եկեղեցական Ս. պատարագ կը մատուցուի Ամսթերտամի հայ եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` Ալմելօ քաղաքին մէջ, ուր մօտաւորապէս հինգ հազար հայեր կ՛ապրին:

Նոր սերունդի դաստիարակութիւնը միայն կիրակի օրերը կը տրուի` կիրակնօրեայ վարժարանին միջոցով, եկեղեցւոյ շէնքին մէջ: Հոլանտայի մէջ կը գործեն քանի մը հայկական միութիւններ, որոնք կը ջանան հայկական կեանքը իր մշակոյթով եւ աւանդով ամուր պահել:

Չուշացան նաեւ Տիգրանին մտահոգութիւնները: «Ներկայ օրերուն եկեղեցւոյ իրավիճակը եւ առաքելութիւնը շատ դժուար են: Եթէ չփորձես քայլ պահել մերօրեայ մարտահրաւէրներուն հետ, շատ դիւրին կը դառնայ փոքրանալն ու ապա անհետանալը: Այս իմաստով, եկեղեցին հոս` Եւրոպայի մէջ իր տեղը պէտք է գտնէ: Նոր սերունդին հետաքրքրութիւնը եթէ մէկ կողմէ փոխուած է, բայց նաեւ կայ նուիրուածութեան եւ ժամանակ տրամադրելու դժկամութիւնը: Ա՛լ ինչ խօսք նիւթական ու բարոյական մեծ զոհողութիւններու մասին»: Տիգրանը այսպիսով դիմացս դրաւ արեւմտեան աշխարհին մէջ հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու մեծ մարտահրաւէրներուն ընդհանուր պատկերը:

Տիգրան նաեւ կը տեսնէ գաղութին կազմուածքն ու անոր տարբերութիւնները: «Մենք սփիւռքի մէջ վարժուած ենք ապրելու եւ պայքարելու, բայց մանաւանդ` որպէս հայ: Հայաստանէն եկող մեր հայրենակիցները այս փորձառութիւնը չունին: Այս իրականութիւնը նաեւ իր դժուարութիւնները կը յառաջացնէ, տակաւին կայ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հարցը», ըսաւ ան:

Մէկ կողմէ սկսայ կամաց-կամաց մտնել Տիգրանի ներաշխարհին մէջ, որ բազմազան ու բազմաբնոյթ է, իսկ միւս կողմէ` սկսայ հասկնալ մեր ծանրաբեռնուածութիւնը: Այս ծանրաբեռնուածութիւնը ունի նաեւ իր պատմութիւնը: 18 տարեկանին Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ դարձած Տիգրան ձգած է Պոլիսը եւ եկած է Հոլանտա: «Առաջին տասը տարիներուն կապ չհաստատեցի Պոլսոյ հետ, սակայն հիմա յաճախ կը հաղորդակցիմ ու կ՛այցելեմ: Արմատներս հոն են, եւ Պոլիսն ալ կարիք ունի սփիւռքի քաջալերանքին»:

Տիգրանին հետ իմ հանդիպումս «լեցուն» էր, բայց նաեւ` «յագեցնող», նոյնիսկ երբ բազմաթիւ էին մտահոգութիւնները եւ բազմաբնոյթ` մարտահրաւէրները: Զրոյցը լեցուն էր տարբեր երեւոյթներու եղած անդրադարձով, բայց յագեցնող էին Տիգրանին նուիրուածութիւնը եւ հայ աւանդին ու արժէքին նկատմամբ իր անսակարկ պատրաստակամութիւնը եւ տարած գործը: Եթէ մէկ կողմէ կար յուսահատութիւնը` ոչ պայծառ իրականութիւններու ի տես, բայց միւս կողմէ` կան կուտակուած մտահոգութիւններ, որոնցմէ ելք գտնելու տրամադրութիւնները առկայ են: Այս մէկը «յագեցնող» իրականութիւն է` հայը միշտ արթուն ու գործօն պահելու իր ինքնութեան եւ հաւատքին գոյապայքարին մէջ եւ աշխարհով մէկ:

***

Եոհանը եկեղեցի չ՛երթար եւ միայն հմայուած է աղօթատեղիներուն արտաքինով ու մեծութեամբ: Տիգրանը եկեղեցի կ՛երթայ ու հմայուած է անոր խորքով ու պատգամով: Եթէ Եոհանը անտարբեր է այս առնչութեամբ, բայց Տիգրանը ծանրաբեռնուած է այս առաքելութեան յառաջխաղացքին համար:

Հայուն յատուկ այս ծանրաբեռնուածութիւնն է, որ կը կրէ սփիւռքահայութիւնը` տարբեր իրավիճակներու մէջ: Եթէ հայը մէկ կողմէ կ՛ուզէ պահել պատմութիւնը, բայց նաեւ ջատագովն է այս պատմութիւնը շարունակականութեան նոյն ընթացքին մէջ դնելու: Ասիկա հայուն աւանդին ու պահանջատիրութեան շարունակականութիւնն է:

Տիգրան կը գիտակցի, որ ասիկա դիւրին ընթացք մը չէ, բայց, հակառակ ամէն ինչի, կ՛ուզէ շարունակել այդ ծանրաբեռնուածութիւնը կրել:

Տիգրանին ընթացքը հայուն ընթացքն է, ոչ թէ «չլինելու», այլ «լինելու», հակառակ ծանր բեռան, շարունակելու: Ասիկա Հոլանտայի յատուկ չէ, այլ` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Եոհանը եկեղեցի չ՛երթար: Ասիկա իր ընտրութիւնն է, թերեւս ալ իր սորվածին դրսեւորումն է: Բայց հայուն ընտրութիւնն ու սորվածը իր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան ու պատմութեան ընթացքին «եկեղեցի երթալն է»:

 

 

Նախորդը

Հայրենադարձները Իրենց Ներդրումը Ունին Հայաստանի Կայացման Եւ Զարգացման Մէջ

Յաջորդը

Արտագաղթի Վտանգաւոր Երեւոյթը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.