Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

August 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատալով «Դէպի երկիր» կարգախօսին եւ յատկապէս Արցախի Քաշաթաղ շրջանին նեցուկ կանգնելու համար` «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը 9-րդ տարին ըլլալով կառչած կը մնայ «Դէպի երկիր» յանձնախումբին միջոցով գործուղումներ կազմակերպելու յանձնառութեան:

Գործուղումներու այլազանութեան մէջ, այս տարի «Քաշաթաղը իմ տունն է – 2013» գործուղումը արդէն ընթացքի մէջ է: Ինչպէս նշած էինք նախապէս, «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ընկերները խմբային դրութեամբ բաժնուած են հիւսիսային եւ հարաւային Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ` գործադրելու համար դաստիարակչական ծրագիրի մը ներկայացումը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ ընկերային եւ մանկապատանեկան, ինչպէս նաեւ բարեսիրական բնոյթ ունեցող այլ երես մը:

7 գործուղուած ընկերներէն 4-ը կը գտնուին Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Այգեհովիտ, Սարատակ եւ Տիգրանաւան գիւղերուն մէջ, ուր տեղւոյն պատանիներուն կը ներկայացնեն հայոց պատմութեան, գրականութեան, հայոց մշակոյթի պատմութեան, անգլերէնի եւ առողջապահական դաստիարակութեան պահեր, ինչպէս նաեւ, տարիքային բաժանումի հիմամբ, ձեռային աշխատանքի, երգի, պարի, ատենամարզանքի եւ խանդավառութիւն ստեղծող այլ միջոցառումներ: Նշենք, թէ ԶՈՄ-ի ընկերներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է վերոնշեալ 3 գիւղերու եւ մօտակայ շրջաններու պատանիներու, ծնողներու եւ պատասխանատու մարմիններու շրջանակին մէջ: Քաշաթաղի նշեալ շրջաններուն մէջ ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն թիւը կը հասնի 80-ի:

Ինչ կը վերաբերի Քաշաթաղի հիւսիսային շրջանի Մոշաթաղ գիւղին, հոն եւս 3 ԶՈՄ-ական ընկերներ կը գործադրեն դաստիարակչական նոյնանման ծրագիր մը. ծրագիրին կը մասնակցին նաեւ մօտակայ գիւղերէն  պատանիներ, այսպիսով զանազան շրջանները գումարած կը կազմեն մօտաւորապէս 60 պատանիներ: Ծրագիրին  զուգահեռ, ընթացք պիտի առնէ շինարարական աշխատանք մը: ԶՈՄ-ի ընկերներուն հսկողութեամբ եւ ուղղակի մասնակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Մոշաթաղ գիւղի 50 տուները, որոնց մեծ մասը մինչեւ այսօր կը տառապի ըմպելի ջուր չունենալու հարցէն, պիտի ունենան ըմպելի ջուրի խողովակներ` հասած մինչեւ տուները:

Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար հետեւեցէք «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի լուրերուն եւ յայտագիրներուն, ինչպէս նաեւ «Դիմատետր»-ի վրայ ԶՈՄ-ի պաշտօնական էջերուն եւ ԶՈՄ-ի կայքէջին»` հետեւեալ հասցէով www.zavarian.com

Նախորդը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Անդամներ Մեկնեցան Ճաքարթա

Յաջորդը

Ակնարկ. Թրքական Պատրանքներու Չքացումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.