Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Եգիպտական Մամուլին Մէջ

August 3, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի մէջ 30 յունիսին կատարուած իշխանափոխութենէն խիստ անհանգստացած է Թուրքիան, որ կ՛ընդդիմանայ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ պահանջէ նախկին նախագահ Մուրսիի վերադարձը: Թուրքիոյ այս կեցուածքը կ՛անհանգստացնէ եգիպտական որոշ շրջանակներ, որոնք ժամանակը ճիշդ կը նկատեն` Թուրքիոյ դէմ տարբեր ուղղութիւններով միջազգային արշաւներ սկսելու: Ոմանք Թուրքիոյ դէմ այս արշաւներու շարքին կարեւոր ուղղութիւն կը նկատեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Եգիպտական «Սատա Պալատ» օրաթերթը 20 յուլիսին հրատարակեց «Թուրքիան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը, որ ստորագրուած է եգիպտացի լրագրող Մոհամետ Մանտուրի կողմէ:

Մանտուր կը գրէ. «Թուրքիոյ վերջին կեցուածքները եւ անոր մասնակցութիւնը Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ վերջապէս Եգիպտոսի արիւնալի դէպքերուն, մեզի կը յիշեցնեն 98 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

«Թուրքիոյ կողմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին պիտի բոլորէ իր 100-ամեակը: Հակառակ անոր որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած կանխամտածուած սպանդներուն, բռնագաղթին, ինչպէս նաեւՀամաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք գործուած բռնարարքներուն մասին կան պատմական փաստեր եւ ապացոյցներ, Թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ իր գործած ոճիրը:

«1915-ին Էրտողանի նախահայրերը, օգտագործելով միջազգային անտեսումի քաղաքականութիւնը, իրագործեցին մարդկային պատմութեան մէջ մեծագոյն ոճիրը` հայկական ջարդը, որ ծանօթ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւն անունով: Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի նախահայրերուն ձեռամբ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձեալ հորիզոնին վրայ կը փայլի` նկատի ունենալով օսմանեան արիւնարբու ժամանակաշրջանը վերադարձնելու Էրտողանի ախորժակները Թուրքիոյ դրացի երկիրներու մէջ: Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն զօրակցելով Էրտողան պիտի փորձէ ջնջել այն, ինչ որ կը խոչնդոտէ իր երազներուն իրականացումը:

«Լիպիոյ մէջ Էրտողանի դաւադրութիւններուն արձանագրած յաջողութիւնները, Լիպիան զինեալ խումբերու երկրի մը վերածելը եւ անոր հարստութիւնները թալանելն ու զանոնք Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու տրամադրելը, Լիպիոյ ժողովուրդը աղքատութեան մատնելը եւ շուրջ երեք միլիոն լիպիացի բռնագաղթի ենթարկելը, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ տագնապին ակնյայտօրէն միջամտելը եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն զօրակցիլը, մեզի կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերուն գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր:

«Այս հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալը` Եգիպտոսի եւ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի: Հայաստան մնայուն կերպով պահանջած է աշխարհի երկիրներէն ճանչնալ թուրքերուն կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ցարդ կրցած է 20 պետութեան ճանաչումը ապահովել: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի` Թուրքիոյ վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու եւ եգիպտական ներքին հարցերուն անոր միջամտութիւնը կասեցնելու նպատակով:

«Ինչպէս ծանօթ է, հայերը Եգիպտոսի հետ ունին պատմական յարաբերութիւններ: Թուրքիայէն բռնագաղթած հայութիւնը նախընտրեց ապրիլ Եգիպտոսի եւ Պիլատ Շամի մէջ, մինչեւ որ 90-ական թուականներուն Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց եւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ անկախ պետութիւն: Բայց եւ այնպէս, եգիպտահայերը նախընտրեցին բնակիլ իրենց հիւրընկալած երկրին մէջ, իսկ թրքական նենգ քաղաքականութեան ի տես աւելի քան կարեւոր դարձաւ Հայ դատին զօրակցութիւն ապահովելը:

«Կոչ կ՛ուղղեմ Եգիպտոսի քաղաքական բոլոր ուժերուն, միջազգային օրէնքի փորձագէտներուն եւ դասախօսներուն, դիւանագէտներուն եւ եգիպտահայ գաղութին` Թուրքիոյ դէմ պայքարելու եւ արագօրէն օգտագործելու այս հանգրուանը, կանխարգիլելու համար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ ճիգերը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները համոզելու, որ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդին կամքով իրականացած 30 յունիսի յեղափոխութիւնը կը մերժէ եւ պիտի մերժէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն»:

Միւս կողմէ եգիպտական «Մալ» օրաթերթը (31 յուլիս) կը յայտնէ, թէ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրականացման դէմ ժողովրդային ճակատը վերջերս հանդիպում ունեցած է եգիպտահայ պատուիրակութեան մը հետ եւ քննած է Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած հարցեր: Ճակատը պատուիրակութեան յայտնած է, թէ ինք պատրաստ է հայկական պահանջները օրինական բոլոր միջոցներով հետապնդելու եւ Էրտողանի դէմ դատական հարց բարձրացնելու միջազգային քրէական դատարանին առջեւ` տրուած ըլլալով, որ ան Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչն է:

Ճակատի իրաւաբան Թարեք Մահմուտ պատուիրակութենէն ստանձնած է փաստաթուղթեր` զանոնք հայկական թղթածրարին միացնելու նպատակով: Մահմուտ յայտնած է, թէ ինք մօտ օրէն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի բացայայտէ հայերուն դէմ գործուած թրքական բոլոր արարքները եւ միջազգային քրէական դատարանին դիմելու թուականը:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

2 օգոստոս, 2013

Նախորդը

Սփիւռքահայ Լրագրողներն Ու Երիտասարդ Առաջնորդները Այցելեցին Նախագահի Նստավայր

Յաջորդը

Ըստ Դրամական Միջազգային Ֆոնտին. Յունաստանի Փրկութեան Համար Մինչեւ 2015 Յաւելեալ 11 Միլիառ Եւրօ Անհրաժեշտ Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.