Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն – 25

August 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Վերջին նորութիւնը, որ եկաւ առաւել գեղեցկացնել մեր աղբազարդ ու լքուած քաղաքը` փողոցներու մէջ խորունկ փոսեր: Նպատա՞կը. մենք միայն ենթադրութիւններ կրնանք ընել, ինչ եւ կ՛ընենք.

– Ջուրի խողովակներ կը նորոգուին, որ մշտական ջուր ունենանք…

– Ելեկտրական թելերը կ՛ապահովեն…

– Չէ՜, խրամատներ կը փորեն անակնկալ յարձակումէ պաշտպանուելու համար…

– Ճանըմ, «անոնք» գետնի տակ ճամբաներ կը փորեն, որ հասնին մեր (քրիստոնէական) թաղերը: Որոշեր են պայթեցնել, պետութիւնն ալ յայտնաբերեց ու կը քանդէ…

Այսպէս, փոսերը կը շարունակեն երեւակայութիւն շարժել: Ու քանի որ ազատ ենք երեւակայելու, ես ալ իմ կարծիքս կու տամ: «Անոնք», տեսնելով մեր հնամեայ քաղաքի ռազմավարական գետնուղիները, որոնք հին քաղաքէն դէպի բերդ կ՛երթան, հաւանաբար միտք յղացան ու շինեցին իրենցը` ոչ միայն մեր քաղաքը, այլ ամբողջ երկիրը պատելով գետնուղիներու ցանցով: Արդ, երբ պատերազմը վերջանայ (իսկ ան անպայման պիտի վերջանայ)  ի՞նչ կարելի է ընել այդ գետնուղիներուն հետ: Մեթրօ կարելի չէ, քանի որ անհրաժեշտ չափով խորունկ չեն: Ես կ՛առաջարկեմ ապագային ատոնք օգտագործել կա՛մ մարզական մրցումներու, կա՛մ պատերազմական թանգարաններ շինել, որ Սուրիան քանդողներու սերունդները գան ու հիանան…

Կարծիք ունի՞ք…

***

«Որ մենք հերո՛ս…» կը սիրէր կրկնել Օտեանի գրիչին տակ անմահացած յեղափոխական մակաբոյծներէն մէկը, ու հայրենասէր եգիպտահայեր բարիքներ կը տեղային ինքնակոչ «ֆետայիին» վրայ: Շատ խիստ չըլլանք, մեր պայմանները տարբեր են ու մեր կեցուածքը` աւելի քիչ շահախնդիր: Մենք ընդամէնը մանուկի պէս քաջալերանք ու գովեստ կը սպասենք, երբ հայաշխարհին կը ներկայանանք որպէս Սուրիոյ մէջ պայքարող ու տառապող հերոսներ:

Այո՛, այս օրերուն Սուրիա մնալը մեծագոյն զրկանք է, չարչարանք, նաեւ` հոգեկան տառապանք ու կեանքի սպառնալիք ամէն պահ: Սակայն բոլոր տառապողներն ու չարչարուողները հերո՞ս են… Այդ պարագային Երրորդ աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը հերոս պէտք է հռչակել:

Սուրիա մնալը որպէս սեփական անձի հերոսութիւն  ներկայացնողներու քանի՞ տոկոսը ձեռքը կրնայ դնել խիղճին ու ըսել, թէ մնացեր է յանուն գաղութի գոյատեւումի, յանուն արդարութեան, յանուն…

Հերոսը քի՜չ մը տարբեր բան է…

Անտարակոյս կա՛ն կամաւոր կերպով մնալ որոշածներ, կան եւ հերոսներ (խոնարհ ու զիրենք չտարբողող), որոնք վտանգաւոր ու նուիրեալ աշխատանքի լծուած են յանուն ու համար… Սակայն չէ՞ որ մեր մեծ մասը մնացեր է անձնական ինչ-ինչ հաշիւներէ մղուած, ստիպողականութեան տակ: «Ինկողը կը քաշէ» ժողովրդական խօսքը հոս աւելի քան տեղին է: Ու մենք կը քաշենք: Գայթակղիչ է ստիպողական մնալը որպէս հերոսական կեցուածք ներկայացնելը, բայց, ներեցէ՜ք, ո՞ւր է ճշմարտութիւնը…

Լա՛ւ, խիստ ըլլալ չեմ ուզեր. դուք որոշեցէք` հերո՞ս էք, թէ՞ ոչ…

***

Կրկին յիշեցնեմ մոլլայի առակը. աղքատիկ ու նեղլիկ տան մէջ մեծ ընտանիքով ապրող մարդ մը մոլլային կու գայ եւ իր բախտէն գանգատի: Մոլլան կ՛առաջարկէ հաւերը տունէն ներս առնել, ապա` ոչխարները, կովը եւ այլն: Մարդուն վիճակը երբ դժոխային կը դառնայ, մոլլան կ՛առաջարկէ մէկիկ մէկիկ դուրս հանել անասունները: Ու մարդը կ՛երջանկանայ:

Այսպէս, ամէն ինչ այս փուչ աշխարհին մէջ յարաբերական է:

Զհաց մեր հանապազօր…

Այսօր աղօթքին այս խորհուրդ-խօսքը սուրիացին ուղղակի կը հասկնայ: Հաց ու ջուր հանապազօրեայ. կենսական`  մեր հոգիին պատեան մարմինը կանգուն պահելու համար: Երբ կը վտանգուի մարմինը, շատերու հոգիները կը փախչին կամ շատ խորունկները կը պահուըտին ու կը մնայ մարմինը` ստամոքսի հոգսով…  Տխո՞ւր է. իսկ մենք իրաւունք ունի՞նք հերոսացում պահանջել պարզ մարդէն ու անկէ, որ մանուկներ պիտի կերակրէ ու ամրան տաքին օրերով զրկուած է ջուրէ…

Հիմա ամէնքս անդրադարձանք այս պարզ անհրաժեշտութիւններու կարեւորութեան` հաց ու ջուր (ո՜չ` պանիր): Բայց արդեօք շատ սուղ գին չե՞նք վճարեր այդ անդրադարձին համար: Հիմա երջանիկ կը զգանք, եթէ ունինք հաց ու ջուր, նաեւ` քիչ մը ելեկտրականութիւն:

Արդէն չի մնար հեգնանքի ու զուարթամտութեան նուազագոյն նշոյլ, երբ այս տագնապի մթնոլորտին մէջ ես:

Պատկեր:

– Առտուան ժամը հինգին մայրս (ան եօթանասուներեք տարեկան է) ու ես գացինք փուռ, արդէն խճողում էր: Ժողովուրդը հաւաքուած, բայց իրենք հազիւ 8:00-ին սկսան ծախել: Թիւ առինք կարգի կենալու (այս մէկը յառաջդիմութիւն է, ստիպումէ դրդուած, որ ամբոխը ոտքի տակ չտայ զիրար: Միւս կողմէ` քանի մը ոստիկան կը հսկեն ու կը պոռան ամբողջ օրը… անհաց, անջուր…):

– Կրցա՞ք առնել…

– Երեք շարք կար` կիներու, այրերու եւ ոստիկաններու (անոնք ալ հաց պիտի ուտեն, չէ՞, մանաւանդ որ միշտ վտանգի տակ են): Մայրս խորամանկութիւն մտածեց, իր թիւը շրջեց, 83-ը կրցաւ 38 դարձնել, խճողումին մէջ անդրադարձող չեղաւ, ինձմէ առաջ գնեց ու տուն գնաց, ինծի ջուր բերաւ: Կէսօրուան երկուքին կարգս հասաւ: Գլուխս ծածկած էի, միայն թէ մէկ թեւս արեւէն այրեցաւ… Բայց կրցանք հաց գնել, ամէն մէկս` քսանական… ոտքերնիս հազիւ քաշքշելով տուն դարձանք:

Պատկեր:

Ծերուկ մը վեց ժամ ոտքի կենալով կարգի մէջ` առտու մարեր ինկեր է…

Պատկեր:

Կին մը նստեր է մայթեզրի շուքին: Տղեկ մը կ՛անցնի, ափերուն մէջ` հացեր:

– Տղա՛ս, քանիի՞ն գացիր փուռ, որ կրցար գնել:

– Գիշերուան երեքին:

Ժամը երեքին եկեր ու փուռին մայթին քնացեր է: Կէսօրուան 11:00-ին կրցաւ գնել… Հազիւ տասը տարեկան է:

Ձեր կուշտ ու կերակուրը մերժող տղոց պատմեցէք այս «հեքիաթը»:

 

 

 

Նախորդը

Սլաք. Մարդասիրակա՞ն…

Յաջորդը

Զրոյց, Արժեւորում Եւ Մտահոգութիւններ. «Հայաստանի Քաղաքացիութիւնը Իւրաքանչիւր Հայու Համար Իրաւական Կապ Է Պետութեան Հետ Եւ Լաւագոյն Դրսեւորումը` Մեր Միասնականութեան Ու Հաւաքական Ուժի» Հաստատեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.