Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Մարդասիրակա՞ն…

August 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Չինաստանի հետ առեւտուր ընող բարեկամ մը ունիմ, որ զայրոյթով ու խոր ընդվզումով կը հետեւի Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն, անմարդկային ու նախնադարեան ոճով սպանութիւններուն (ո՞վ չ՛ընդվզիր…):

Բարեկամիս զայրոյթը ունի տարբեր տարածք մըն ալ, որ կը բխի ամերիկեան իշխանութիւններուն ապիկար երեսանցութենէն: Բացատրենք: Կը պատմէ, թէ վերջերս Չինաստանէն ներածած է զգեստներ, որոնց մէկ բաժինը պատրաստուած է կոկորդիլոսի մորթէ: Ներածումը ստուգող մաքսատան պաշտօնեան հարց տուած է, թէ փաստ ունի՞, որ մորթին համար օգտագործուած կոկորդիլոսը… մարդասիրական-մարդկային ձեւով սպաննուած է, որովհետեւ, եթէ խժդուժ կերպով սպաննուած է, կարելի չէ ապրանքը ներածել. ան բացատրած է, թէ այս երկիրը ունի մարդասիրական սկզբունքներ, շնչաւոր արարածները իրաւունքներ ունին, անասուններու պաշտպանները կը զայրանան… Ներածումը արտօնուած է Չինաստանէն գրաւոր վկայութիւն բերելէ ետք միայն: Հոն, չինացի պաշտօնեան խնդացած է այս ծանծաղամտութեան վրայ:

Բնականաբար ո՛չ անասուններու պաշտպաններուն դէմ ենք, ո՛չ ալ Պրիժիթ Պարտոյի նման կենդանասէրներուն բարեսիրական ընթացքին հանդէպ առարկութիւն ունինք: Սակայն կարելի չէ լուռ անցնիլ իշխանութեան մը ա՛յս տարողութեամբ երկդիմի վերաբերմունքին վրայէն: Մէկ կողմէ, սահմանագլուխին, նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի կոկորդիլոսի մը սպանութեան պայմաններուն նկատմամբ, սահմաններէն ասդին, ահագին աղմուկ կը բարձրացուի (իրաւամբ) անոնց դէմ, որոնք մսացուներուն նկատմամբ վայրագութիւն կը կիրարկեն, իսկ անդին, ժողովուրդներու սպանդն ու քաղաքներու քանդումը կը մնան ո՛չ միայն անտարբեր աչքերու դիմաց, այլ քանդողին, ջարդողին ու վայրագութիւնը պատկերասփիւռներէն ցուցադրողին նկատմամբ կը ցուցաբերուի բարեսրտութիւն, կիսավայրենիներուն կը խոստացուի զինական օժանդակութիւն (մի՛շտ կեցցէ զէնքի առեւտուրը):

Այո՛, անմարդկային է յիշեալ պարագաները իրարու հետ բաղդատելն անգամ: Սակայն յայտնապէս մարդասիրութիւն հասկացողութիւնն ալ նոր սահմանում ունեցեր է:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն – 25

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.