Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինին (ԼՊՄ), ՀՅԴ ԼՊՄ երէց պատանիներուն տարեկան մէկ շաբթուան բանակումը սկսաւ կիրակի, 28 յուլիս 2013-ին, Այնճարի ԼՊՄ-ի բանակավայրէն ներս:
Բանակումը, որ կը կրէ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 90-ամեակի թեման, առիթ մը հանդիսացաւ դարձեալ վերահաստատելու, որ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, մարդ կերտելու առաջին սանդխամատը կը հանդիսանայ պատանեկութիւնը: Պատանիներն են, որոնք պիտի դառնան երկրագունդի ընդարձակ ցամաքամասերուն «տէրն ու տիրական»-ները` փորձելով արդարօրէն լուծել մարդկութեան ու ազգերուն ցարդ անլուծելի թուացող բոլոր դժուարութիւնները:
Այս իմաստով բանակումը ընդգծեց կարեւորութիւնը պատանեկան տարիքի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան: Դաստիարակութիւն մը, որ ներփակեց մարդկային, ընկերային, ազգային հասկացողութիւններուն բոլոր երեսները` պատանին վերածելով մարդկութեան մէջ գործող ինքնավստահ ու արդարադատ ընկերային արարածի մը:
Բանակումի ընթացքին դաշնակցական պատանին վարժուեցաւ հանդուրժել այն, ինչ որ կրնար անհանդուրժելի թուիլ առաջին վայրկեանին, յարգել ընկերներուն կարծիքը, արտայայտել նաեւ սեփական մտքեր, ենթարկուիլ կարգապահութեան եւ կազմակերպել ու գործել հաւաքաբար: Ասոնց կողքին ան տոգորուելու առիթը ունեցաւ ազգային գիտակցութեամբ, մարդու եւ հայու իրաւունքներուն քաջածանօթ դառնալու, մշակուեցաւ հաւաքականութեան ծառայելու տրամադրութեամբ:
201Յ-ի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց պատանիներու տարեկան բանակումին կը մասնակցին 150 պատանիներ, որոնք բաժնուած են չորս խումբերու:
Խումբերը կը կրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հակադաշնակցական դաւադիր ձեռքերու կողմէ առեւանգուած ու նահատակուած պատասխանատու ընկերներու անունները` Սարգիս Ազնաւուրեան, Սարգիս Զէյթլեան, Զաւէն Թաշճեան եւ Աբօ Աշճեան: Անոնք նաեւ կը կրեն չորս գոյնի թի-շըրթներ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ մոխրագոյն:
Նշենք, որ բանակումը կ՛աւարտի կիրակի, 4 օգոստոս 201Յ-ին:


