Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ղեկավարութեան Սահմանագիծը` Բարոյական Հեղինակութեան Եւ Քաղաքական Իշխանութեան Միջեւ

August 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շատոնց մատնանշուած է եւ ճշմարտութենէ այնքան ալ հեռու չէ, որ հայը նկարագիրով ինքնակեդրոն է ու կեդրոնախոյս:

Պատմական ամբողջ ժառանգութիւն մը ունինք` համոզուելու եւ զիրար համոզելու համար, որ հայրենի մեր հողին բնական ու կլիմայական սուր տարբերութեանց եւ առանձնայատկութեանց իբրեւ հետեւանք, մեր ժողովուրդի բազմադարեան կենսափորձին մէջ շեշտուած են կեդրոնախոյս հակումները:

Մէկէ աւելի թագաւորութեանց, կաթողիկոսութեանց, յարանուանութեանց եւ լեզուամտածողութեանց ծնունդ տալու հայկական կենսափորձը խօսուն վկայութիւնն է հայուն բնորոշ այս վարքագծին:

Անշուշտ արտաքին ազդակներ եւս վճռորոշ դեր ունեցան հայկական այս մտածելակերպին ու հոգեկերտուածքին խորացման մէջ: Հակամարտ կայսրութեանց միջեւ բաժան-բաժան եղած եւ անոնց քաղաքակրթական ու մշակութային տիրապետութեանց համակերպած` մեր ժողովուրդը ինքնապահպանման եւ ինքնադրսեւորման ապակեդրոն զարգացում մը ապրեցաւ հազարամեակներու ընթացքին:

Արդի ժամանակներ մուտք գործեցինք ահա այդ ժառանգութեամբ եւ զարմանալի չէ, որ օտար բռնատէրներու կամայականութեամբ բաժան-բաժան եղած Հայաստանէն ու հայութենէն մէկ ու անհատանելի ազգ, հայրենիք եւ պետականութիւն կերտելու հայ յեղափոխական զարթօնքը, իր կարգին, հեռու մնաց քաղաքական կեդրոնաձիգ ուժի վերածուելու գաղափարական մշակոյթէն:

Այն աստիճան, որ ազգային յանկերգի վերածուեցաւ այն ընդհանրացումը, թէ երբ երկու հայեր իրարու քով գան` անպայման երկու կուսակցութիւն կը հիմնեն:

Անշուշտ թիւրիմացութիւն է եզրակացնել, որ հայուն անյարիր են ազգային միասնական մտածողութիւնն ու միաձոյլ կազմակերպուածութիւնը: Ոչ ալ անիշխանական է հայը` հեղինակութիւններ մերժելու եւ յանձնապաստան ապրելու իմաստով:

Ընդհակառակն` նոյն այդ կեդրոնախոյս մեր ժողովուրդը, երբ իր տենչերուն եւ պահանջներուն, իրաւունքներուն ու շահերուն անձնուրացաբար նուիրեալներ տեսած է եւ հոգեհարազատ գտած է անոնց մարմնաւորած ազգային-քաղաքական վարքագիծը` յաճախ տուած է ապացոյցը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնելու եւ, երկաթեայ կարգապահութեամբ, ընդհանուր գործին հաւատարմագրուելու իր ազգային խանդավառութեան, միասնական զօրաշարժին:

Պատմական ընդհանրացումներու այբուբենը վերաթարմացնելու չեն ծառայեր այս ընդգծումները: Կը թելադրուին ազգովին մեր ապրած ղեկավարութեան տագնապը հասկնալու եւ յաղթահարելու այժմէական մտահոգութենէն:

Ղեկավարութեան տագնապ կ՛ապրինք, առաջին հերթին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ արդէն 1990-ականներու մանուկ ժողովրդավարութիւնը կամ նորաստեղծ ազգային պետականութիւնը չէ այլեւս: Արդէն քսանամեայ երիտասարդ է, որ սակայն դեռ ի վիճակի չէ պետական իր վերականգնումին երթը վստահելու ղեկավարութեան մը, որ քաղաքական իշխանութեան լծակներուն տիրապետելէ անդին` բարոյական հեղինակութեամբ ոչ միայն կառավարէ հայրենիքը, այլեւ անոր շուրջ համախմբէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

Ղեկավարութեան տագնապ կ՛ապրինք նաեւ սփիւռքի տարածքին, ուր յետեղեռնեան «աւանդական» գաղթօճախներն ու անոնց միացած նորաստեղծ հայկական համայնքները, ինչպէս եւ նախկին խորհրդային թէ յետխորհրդային «ներքին» սփիւռքի հայկական կեդրոնացումները հայապահպանման եւ ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն նորովի՛:

Անշուշտ նոյն դրսեւորումները չունի սփիւռքի տարածքին, ըստ աշխարհաքաղաքական գօտիներու եւ համայնքներու կազմախօսութեան, աշխարհացրիւ հայութեան ապրած ղեկավարութեան տագնապը:

– «Աւանդական» սփիւռքը կը դիմագրաւէ նախորդ սերունդներու տասնամեակներու աշխատանքով եւ նուիրումով նուաճուած ազգային ղեկավարութեան անցեալի վարկն ու վստահութեան դրամագլուխը վերանորոգելու մարտահրաւէրը: Իսկ «աւանդական»-ին հետ կողք-կողքի կամ ընդելուզուած ապրող «նոր սփիւռք»-ը պէտք է սերնդափոխութիւն ապրի, որպէսզի նախ կարենայ թօթափել քաղաքական իշխանութեամբ յատկորոշուող ղեկավարութեան խորհրդային բնորդի ներքին կաշկանդումները, ապա` հաւատք ու վստահութիւն սնուցանէ ազգային ինքնակազմակերպման հրաշագործ զօրութեան հանդէպ:

– «Ներքին» սփիւռքը խորհրդային ժամանակաշրջանին անտեսած էր ազգային ինքնակազմակերպման հրամայականը, իսկ այսօր` հայրենիքէն թափ առած արտագաղթի քսանամեայ ալիքէն ետք` կորսուած ժամանակը եւ պատեհութիւնները արագ քայլերով վերականգնելու «սիզիֆեան մագլցում»-ի դժուարին ժամանակը կ՛ապրի: Անշուշտ մեծահարուստ հայերը անպակաս են սփիւռքեան այս գօտիին մէջ, բայց մէկ օրէն միւսը անոր աւելի քան երկու միլիոն հայերուն վստահութիւնը շարժելու համար, անհրաժեշտ է բարոյական հեղինակութիւն հաստատող ղեկավարութեան մը առաջացումը, որ իսկապէս վիթխարի գործ ու զոհաբերութեան ոգի կը պահանջէ:

Խորքին մէջ ամէնուրեք, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ղեկավարութեան տագնապը ընդհանրական նոյն ցաւէն կը տառապի, որ բարոյական հեղինակութիւն հաստատելու դժուարութիւնն է մեր ժողովուրդի պետական թէ ազգային կեանքը ղեկավարելու կոչուած նորօրեայ ղեկավարութեանց մօտ:

Փաստօրէն գլխիվայր շրջուած է հայուն հոգեհարազատ ղեկավարութեան կազմաւորման հոլովոյթը: Փոխանակ բարոյական հեղինակութիւն ներշնչող անձնական նուիրաբերման ճամբով իշխանութեան ղեկին հասնելու, նոյնինքն իշխանաւորի դիրքերէն բարոյական հեղինակութիւն պարտադրելու փորձութեան անձնատուր եղած են Ազգի ու հայրենիքի 21-րդ դարու ղեկավարները:

Բացառութիւնները չեն պակսիր, անկասկա՛ծ:

Բայց խօսքը կը վերաբերի ընդհանուր հոսանքին, որ պետական մտածողութեան շիլ ընկալումով` քաղաքական իշխանութեան եւ բացարձակ իշխանութեան կեդրոնացումը հռչակած է ինքնանպատակ եւ գերագոյն արժէք հայոց պետականութեան հզօրացման համար:

Մինչդեռ հայը, որ այնքան դժուարութեամբ կ՛ընդունի ղեկավար ունենալը, իր անձնական եւ հաւաքական վաղուան օրը նուաճելու ղեկավարութիւնը պատրաստ է վստահելու միայն անոր, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր կ՛ամբողջացնէ բարոյական հեղինակութիւն ներշնչելու նախապայմանը:

Իսկ բարոյական հեղինակութեան հայեցի ընկալումը ծայր աստիճան խստապահանջ է եւ միայն անձնական անդուլ ու անսակարկ անձնազոհութեամբ ղեկավարութիւն մը կրնայ նուաճել հայուն վստահութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Ագշամ». Հայոց Պատրաստութիւնը 2015-ի Համար

Յաջորդը

Լուսարձակ`. Լիբանանեան Բանակի Օրուան Առիթով Հայրենիքի Պաշտպան Բանակը Ի՛նք Պաշտպանութեան Կարիք Ունի (1 Օգոստոս)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.