Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւ Բացուեցաւ Արշալոյսն Այդ Վա՞ռ…

July 31, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւանեան արշալոյսը յուսադրող ու ամրապնդող է այս օրերուն… յաղթանակած երիտասարդութիւն, հիմնաւորուած նոր պահանջներ, պայքարի նոր հանգրուան… Եւ Բացուեցաւ Արշալոյսն Այդ Վա՞ռ…

Քաղաքային փոխադրամիջոցներու ուղեվարձի բարձրացումը կասեցնելու հերթական «փոշի փչելով աչք փակելու» քաղաքականութիւնը, այս անգամ չանցաւ. երիտասարդութիւնը հիմնաւորուած նոր պահանջներ ներկայացուց եւ անժամկէտ նստացոյցով կը շարունակէ իր սկսած պայքարը…

Երեւանի փողոցներու գոյնզգոյն ծաղիկները այլեւս վարդագոյն ու խաբուսիկ ծածկոյթ մը չեն կրնար ըլլալ բնակչութեան հոգերուն եւ բազում դժուարութիւններուն համար… Չափէն աւելի մեծ թիւով նստարանները «հանգստանալու» միջոց մը չեն  երիտասարդութեան, որուն համբերութեան բաժակը լեցուած է. այլեւս անոնք կը հասկնան, որ այդ ծաղիկները կը ջրուին արտագաղթած բնակիչներու դատարկ մնացած տուներու ջուրին հաշուոյն, իսկ նստարանները որքան շատ` այնքան «ուտելու» միջոցը շատ: Անոնք կը տեսնեն, որ խցկուած երթուղայիններու հաշուոյն, կողքէն անցնող յայտնի ու թանկարժէք ինքնաշարժներու տէրերը հասած են այն բոլորին, զորս ունին այսօր, որ քաղաքի կեդրոնի բարձրայարկ շէնքերը սլացած են ճզմելով ու չնչին գումարի հատուցումով վտարելէն ետք սեփականատէրերը…

Արշալոյսի առաջին շողերը բացուած են քաղաքամայր Երեւանի վրայ, եւ եթէ անոնք օրէ օր հզօրանան, պիտի ճեղքեն բոլոր խոչընդոտները` հասնելով մօտակայ գիւղէն մինչեւ սահմանամերձ գիւղակներ` միմիայն լուսաւորելու ու շէնցնելու համար… որովհետեւ այս երկիրը մեր տեսլականի ԵՐԿԻՐը դառնալու համար մեծ կարիք ունի լոյսի ու թթուածինի, զորս անոր կրնայ շնորհել պայծառամիտ ու ստրկամտութենէ հեռու երիտասարդութիւնը, երիտասարդութիւն, որուն համար երկիրը լաւ է, եթէ լաւ են բոլորը, կամ` գոնէ զգալի մասը, երիտասարդութիւն, որ եսակեդրոն չէ, երիտասարդութիւն, որ պայծառամիտ է…

Նստացոյցը կը շարունակուի…

***

… Այլ արշալոյս մըն է այսօր Երեւանի Համազգայինի թատերական սրահէն ներս, խումբ մը պատանիներ, իրենց ջանքերով կը ներկայացնեն Լիզպոնի հինգին նուիրուած փիէս մը. անոնք դերասանական վարպետութիւն չունին: Անիկա իրենց կեանքի առաջին փորձն է, սակայն ոգեշունչ ապրումներով անոնք Արայի, Սագոյի, Սեդրակի, Վաչէի եւ Սիմոնի ոգին կը փոխանցեն այնպէս, որ ես հանդիսատեսի աթոռին նստած` զգացի այն հզօր «ապտակը», զորս անոնք հասցուցին այն չստացուած ոստիկանին, որ ցոյցերուն մասնակցած հայրենադարձի մը ըսած էր` «Գնա՛ քո երկրում պայքարի»… Հաճելին այն էր նաեւ, որ պատանիներէն ոմանք արեւելահայերէն կը խօսէին, ոմանք արեւմտահայերէն, ոմանք «արեւելամտահայերէն», սակայն բոլորը կը խօսէին հայրենիք չտեսած, սակայն հայրենիքի համար անձնազոհութեան գացած սփիւռքահայ երիտասարդներուն մասին… այդ բոլորին մէջ կար Հայաստան-սփիւռք ցայտուն միասնութիւն մը…

***

…Այսօր լուսաշող այլ արշալոյս է… շող, որ Երեւանէն կը հասնի մօտակայ առաջին գիւղը… Պռօշեանի գիւղապետարանի բոլոր աշխատողները պիտի հրաժարին իրենց պաշտօններէն` յանուն արդարութեան պահանջի, անոնք ո՛չ պիտի ըսեն անարդարօրէն ընտրուած գիւղապետի հետ աշխատելուն, պիտի պահանջեն իրենց նախկին գիւղապետին սպանութեան բացայայտումն ու ազգի դաւաճան համարուող իսկական մարդասպանին պատիժը… անոնք ալ ակնյայտօրէն կը տեսնեն, որ սպանութեամբ աթոռին հասնիլը կործանարար երեւոյթ է հայրենիքի համար…

***

Կ՛ուզէի, որ յաջորդ արշալոյսի շողերը ըլլային այնքան վառ եւ մեր ցասումը ըլլար այնքան հուժկու, որ դառնար օգնութեան լաստ մը, զոր կրնայինք հասցնել յատկապէս Հալէպի մեր հայրենակիցներուն… շրջափակում, առեւանգում, մօր սպանութիւն` զաւակներու եւ ամուսնոյն աչքին առջեւ… իսկ մենք … միայն կ՛աղօթենք ու կ՛ողբանք… կամ կը խօսինք հասած ու չհասած նիւթական չնչին օգնութիւններու մասին…

Թող բացուի արշալոյսն այն վա՜ռ եւ Երկիրս, սփիւռքը փայփայելով,  շնչէ լիաթոք…

28 յուլիս, 2013

Նախորդը

«Սփիւռքահայն Աւելի Զգայուն Է` Շատ Արագ Է Սկսում Կապուել Հայրենիքին». Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցների Կարծիքների «Խաչմերուկում»

Յաջորդը

Ռաուլի Կարծիքը` 2022-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Գծով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.