«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Թարաֆ» թերթին մէջ Թուղպա Թեքերեքի կողմէ պատմաբան Թաներ Ագչամի հետ կատարուած հարցազրոյցին առաջին մասին մէջ (երէկ, Հայ դատի էջին մէջ), յայտնի պատմաբանը կը բացատրէր, թէ ինչպէս 1915-ին տեղահանուած հայերուն գոյքերը երբեք չվերադարձուեցան, հակառակ որ միշտ ի զօրու կը մնար օրէնք մը, ըստ որուն` աքսորուած հայերու լքեալ գոյքերուն փոխարժէքը անոնց պիտի վճարուէր իրենց գացած նոր տեղը, կամ վերադարձող հայերուն ինչքերը պիտի վերադարձուէին եւ այլն: Այս օրէնքը երբեք չգործադրուեցաւ:
Հարցազրոյցին երկրորդ մասն ալ, որ «Թարաֆ»-ի մէջ հրատարակուեցաւ մէկ օր ետք, ընդհանրապէս նոյն նիւթին վրայ է: Հոն Ագչամ կը պատմէ, որ 1920 յունուար թուականով որոշ հրամանագիր մը կայ, ուր ըսուած է, որ հայերուն ինչքերը առանց պայմանի պիտի վերադարձուին իրենց: Եթէ սեփականատէրը սպաննուած է, պիտի յանձնուի անոր ժառանգորդներուն: Այս յօդուածը աւելի վերջ տեղ գտաւ նաեւ Սեւրի դաշնագրին մէջ: Ասիկա տեւեց մինչեւ 1922: 1922-ի սեպտեմբերին փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ եւ այս օրէնքը վերցուեցաւ:
Թաներ Ագչամի համաձայն, սխալ է այն պնդումը, ըստ որուն` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անջատում մըն է Օսմանեան կայսրութենէն, ուստի Թուրքիա չի կրնար պատասխանատու նկատուիլ Հայոց ցեղասպանութենէն եւ յարակից գործադրութիւններէն: Այս տեսակէտը սխալ է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրաւական տեսակէտէ, որովհետեւ հանրապետական շրջանին ընդունուած որոշ օրէնքներ եւս շարունակութիւնը կը նկատուին իթթիհատական շրջանին ընդունուած օրէնքներուն: Լոզանի դաշնագրէն ետք Թուրքիա իբր թէ ընդունեց հայերու ինչքերը վերադարձնել: Այս ուղղութեամբ 1924-էն սկսեալ օրէնքներ ընդունուեցան: Ըսուեցաւ, որ 6 օգոստոս 1924-էն սկսեալ ո՛ր հայը որ իր ապրանքին գլուխն է, դարձեալ պիտի տիրանայ իր ապրանքին: Խումբ մը ամերիկահայեր, երբ լսեցին այս որոշումը, 1923 օգոստոսին շատ օրինաւոր անցագրով եւ վիզաներով Պոլիս եկան: Բայց այն վայրկեանին, երբ Պոլիս եկան, տակաւին նաւահանգիստի վրայ ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան: Որեւէ օրինաւոր արդարացում չկար այդ ձերբակալութիւններուն համար: Ատիկա եղաւ, որպէսզի պարզապէս ապրանքները չվերադարձուին: Այն ատեն Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ դիւանագիտական տագնապ ստեղծուեցաւ: Ձերբակալուածները ամերիկացիներու ճնշումով ազատ արձակուեցան, բայց Թուրքիա Ամերիկային ապսպրեց, որ այսուհետեւ հայերու անցագիր չտրուի: Ամերիկա դժուարացաւ ընդունելու այս պայմանը, ըսաւ, որ առաւելագոյնը պիտի կարենայ յանձնարարել, որ հայերը Թուրքիա չերթան: Արդէն հայերը սկսած էին վախնալ, որ կը ձերբակալուէին, ուստի հրաժարեցան Թուրքիա գալէ: Այսինքն Թուրքիոյ ամէն կողմը պատ մը բարձրացաւ, որպէսզի հայերը չգան:
Թաներ Ագչամ տակաւին բազմաթիւ օրինակներ կու տայ բացատրելու համար, որ երբ հայերու ինչքերը խնդրոյ առարկայ կը դառնային, միշտ օրէնքները չէին գործադրուեր: Ինչպէս կարսեցիները կ՛ըսեն եղեր` «քանի որ հայ ես, պիտի տաս»: Հանրապետական շրջանի մտայնութիւնն ալ քրիստոնեաներու մշակութային եւ նիւթական գոյութեան վերջ տալու գաղափարին վրայ հիմնուած է:
Եթէ հարցուի, թէ մինչեւ ե՞րբ Թուրքիա մերժեց արտասահմանցի հայերը ընդունիլ, Թաներ Ագչամ կ՛ըսէ, որ լաւ չի յիշեր, սակայն 1950-1960 թուականներուն Լիբանանէն կամ Սուրիայէն Թուրքիա գալ եւ Թուրքիա այցելել ուզող հայերուն Թուրքիոյ հիւպատոսարանները թուղթ մը ստորագրել կու տային` «Երբ Թուրքիա երթամ որեւէ իրաւունք պիտի չհետապնդեմ իմ ապրանքներուս մասին»:
Թաներ Ագչամ դարձեալ խօսքը չի խնայեր, երբ կ՛անդրադառնայ հայերու ինչքերուն մասին կալուածագրերու վարչութեան առկայ արձանագրութիւններուն: Ան, այսպէս, կը յիշեցնէ, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ, եթէ հայ մը ելլէ եւ ըսէ, որ` «Դուն իմ ապրանքս 70-80 տարի գործածեցի,ր բայց ես հիմա տոկոսն ալ չեմ ուզեր, միայն ապրանքս վերադարձուր», ասոր դէմ «ո՛չ» ըսելու իրաւունք տուող որեւէ օրէնք չկայ: Այս պատճառով կալուածագրերու եւ «Քատասթրօի տնօրէնութիւնը 1983-ին եւ 2001-ին հրամանագրեր ղրկեց իր շրջաններուն եւ հրահանգեց. «Եթէ ոեւէ մէկը 1915-ի իր ապրանքներուն ասին ձեզմէ տեղեկութիւն ուզէ, չըլլայ որ այդ տեղեկութիւնը տաք անոր»: Իսկապէս «կալուածներու»-ի արձանագրութիւնները Թուրքիոյ գաղտնիքն են: Թուրքիոյ բարոյական խղճմտանքը հոն է, որ պառկած է: Որովհետեւ ի վերջոյ կրնաս արտասահմանին բացատրել, թէ հայերը աքսորեցիր երկրին ապահովութեան համար, բայց չես կրնար բացատրել, թէ ինչո՛ւ նստար աքսորուած այդ հայերուն ինչքերուն վրայ: Վերը Աստուած կայ, «գող» կ՛ըսեն քեզի: Թուրքիա հիմա այսպիսի խղճմտանքի յանցանքի մը տակ կը ճզմուի եւ այդ պատճառով ալ կը պոռայ: Կը մտածէ, որ եթէ պոռայ, կրնայ թաքցնել իր յանցանքը:
