Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զեկուցելով Եւրոպայի Տարածքին Հայ Դատի Աշխատանքներուն Մասին «Թուրքեր Եւ Ազրպէյճանցիներ Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնեն Հակազդելու Մեր Գործունէութեան» Ըսաւ Մուրատ Փափազեան

July 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 29 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին  շահեկան հանդիպում-զրոյց մը կայացաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: ՀՅԴ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անունով Սագօ Գասապեան ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց ձեռնարկին: «Հայ դատը ներկայութիւն է Եւրոպայի գրեթէ բոլոր ատեաններուն մէջ», ըսաւ Գասապեան` նշելով, որ օգտուելով ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի եւ իրեն ընկերակցող ֆրանսահայ ընկերներու Լիբանան այցելութենէն, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն նպատակայարմար նկատեց կազմակերպել այս հանդիպում-զրոյցը: «Դատը նոյնն է, մեթոտները փոխուած են», ընդգծեց Գասապեան, ապա խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօսին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Փափազեան խօսեցաւ Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերու տարած գործունէութեան մասին` կեդրոնանալով թուրք-ազրպէյճանական հակահայ գործունէութեան ու լոպիինկի հակազդեցութեան փորձերուն վրայ: Բաղդատական քննական մօտեցումով Փափազեան ներկայացուց թրքական հետզհետէ շեշտուող ներկայութիւնը Եւրոպայի տարածքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերուն վարած քաղաքական մարտավարութեան` Եւրոպայի ղեկավար ու պատասխանատու մարմիններուն եւ ատեաններուն մօտ: «Անընդունելի է, որ հայերը իրենց կարողութիւններով մրցակցին մեզի հետ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ` զարմանք յայտնելով Հայ դատի գործունէութեան թողած ազդեցութեան գծով:

«Ցարդ քսանհինգ պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտնեց Փափազեան` ընդգծելով այս ուղղութեամբ ճիգերու բազմապատկման անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ Թուրքիա մարդուժի կողքին նաեւ տնտեսական ու նիւթական հզօրանքով կ՛ուզէ թափ տալ հակահայ քարոզչութեան, ուր օրինակ ուշագրաւ ներկայութիւն են ծայրայեղ ազգայնական տարրերը` «Գորշ գայլեր» եւայլն: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան վարչակարգին օրով Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը նոյնն է», շարունակեց բանախօսը` նշելով, որ Թուրքիա յատուկ ջանքեր կը գործադրէ «ջրելու» մեր գործունէութեան արդիւնքը եւ առ այդ նկատելի է, որ հետզհետէ թրքական ներկայութիւնը կը շեշտուի հոն, ուր հայկական գործունէութիւն կը տարուի եւ այս` հակազդելու եւ նսեմացնելու համար մեր ճիգերը: Եւրոպայի մէջ Էրտողանի վարած հակահայ քաղաքականութիւնը աւելի դրական արդիւնքներ ձեռք ձգեց, քան թրքական միւս վարչակարգերու գործօնները: «Դուք պէտք է Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպաններ ըլլաք», ըսած է Էրտողան` «Գորշ գայլեր»-ուն եւ անոնց գործակից թուրք տարրերուն ուղղելով իր խօսքը:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այս ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութեան եւ ՀՅԴ-ի յարաբերութեանց եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար  Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դիւանագիտական գործունէութիւնը Թուրքիոյ դէմ ակնկալուած մակարդակով չի տարուիր»: Ան անհրաժեշտ նկատեց ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ  ճիգերու համադրումը` Հայ դատի առնչութեամբ դրական արդիւնքներու յանգելու համար: Փափազեան մանրամասն խօսեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսայի ղեկավար մարմիններուն (յատկապէս` նախագահին եւ ազդեցիկ կուսակցութեանց) միջեւ տիրող դրական գործակցութեան մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ վերջերս աշխուժօրէն գործի լծուած ազրպէյճանական հակահայ գործունէութեան` նշելով, որ թէ՛ թուրքերը եւ թէ՛ ազրպէյճանցիները ամէն միջոց կ՛օգտագործեն, յաճախ նիւթական օժանդակութիւններով թրքական թէ ազրպէյճանական ներկայութիւն (ակումբ, կեդրոն…) հաստատելու հայկական գործօն դիրքերու եւ ակումբներու դէմ` «փորձելով տկարացնել մեր գործունէութեան ազդեցութիւնը»:  Դասախօսութեան աւարտին, Փափազեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Լիզպոնի 30-ամեակի Ոգեկոչում` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Սուրիա – Թուրքիա Սահմանին Վրայ Առեւանգուած Են 14 Եւ 12 Տարեկան Երկու Հայեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.