Աշխարհի եւ Եւրոպայի խմբային ախոյեանութիւններուն նախօրեակին, Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը, մարզիչ Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, կը պատրաստուի եւ իր փորձերը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան:
Այս հաւաք-փորձին կը մասնակցին աշխարհի ողիմպիականի ախոյեաններ Լեւոն Արոնեան, Վլադիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Պետրոսեան:
Սակայն կրանտմասթըր Սերկէյ Մովսիսեան կը մարզուի անհատական ծրագիրով:


