
Իտալական Նափոլի ակումբի նախագահ Աուրելիօ Տը Լորենթիս յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուեն եւ Լիվըրփուլի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա պիտի միանան իտալական ակումբին:
Ան ըսաւ, թէ երկու խաղացողներն ալ յաջողած են կատարել իրենց առողջապահական քննութիւնները ակումբին հիւանդանոցին մէջ եւ երկուշաբթի, 29 յուլիսին «Սան Փաուլօ» մարզադաշտին մէջ անոնք պիտի ներկայանան ակումբին համակիրներուն դիմաց: Այս լուրը կը հաղորդէ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի պաշտօնական կայքէջը:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ տարեշրջանին (2012-2013), Հիկուեն սպանական ախոյեանութեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խաղերուն մասնակցած է ընդհանուրը 37 խաղի եւ նշանակած է 17 կոլ, սակայն Ռէյնա` Լիվըրփուլի հետ մասնակցած է 31 խաղերու եւ ստացած է 34 կոլ:
Կ՛ըսուի, թէ Հիկուենի փոխանցումը արժած է 40 միլիոն եւրօ, իսկ Ռէյնա մէկ տարուան համար փոխ տրուած է:


