Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ 550-ԱՄԵԱԿԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

June 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

28-29 մայիս 2011-ին, Պոլսոյ մէջ եկեղեցական ու ազգային տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակը` մասնակցութեամբ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայութեամբ հրաւիրեալներու ու հաւատացեալներու  բազմութեան:

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ` Արամ արք. Աթեշեանի եւ Կրօնական ժողովի հրաւէրին ընդառաջելով` Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան գիր հրապարակելով յատուկ պատուիրակութիւն առաքեց Պոլիս` մասնակից դառնալու յոբելենական հանդիսութեանց: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կորիւն արք. Պապեան եւ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Սոյն տօնախմբութեան ներկայ գտնուելու համար Պոլիս ժամանած էր նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեան: Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներն էին Նաթան եպս. Յովհաննիսեան եւ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան: Իսկ Երուսաղէմի հայոց առաքելական աթոռը կը ներկայացնէր Սեւան արք. Ղարիպեան:

Շաբաթ, 28 մայիսի առաւօտեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, երբ հիւր հոգեւորականութեան ի պատիւ թափօր կազմուեցաւ եւ քահանայից դասին առաջնորդութեամբ ներկաները կանոնական աղօթք կատարեցին: Ապա, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս բարի գալստեան խօսք ուղղեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, որոնք բաժնեկից դառնալով իրենց յոբելենական ուրախութեան, ներկայացուցիչներ ղրկած էին 550-ամեակի տօնախմբութեան համար: Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ Նաթան սրբազան եւ հայ եկեղեցւոյ  նուիրապետական բոլոր աթոռներուն եղբայրական սիրոյ թարգմանը հանդիսացաւ:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք հոգեւորականներու դասը ուղղուեցաւ դէպի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատունը, ուր երանաշնորհ պատրիարքներու շիրիմներուն շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Այստեղ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խօսք արտասանեց Կորիւն արք. Պապեան` վեր առնելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ անոր քաջարի պատրիարքներուն նուիրեալ ծառայութիւնը անցնող 550 տարիներուն ընթացքին:

Յաջորդ օր` կիրակի, 29 մայիսին, Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագով ու աղօթքով նշուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակը: Սուրբ պատարագը մատուցեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը` ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներու դասուն, հրաւիրեալներուն եւ հաւատացեալներու մեծաթիւ բազմութեան:

Յընթացս սուրբ պատարագի, դէպի խորան վերաբերուեցան Ամենայն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակն ու օրհնութեան գիրը:

Երկու հայրապետները իրենց սրբատառ գրութիւններուն ճամբով իրենց հայրական օրհնութիւնը կը բերէին այն սրբազան գործին, որ դարերու ընթացքին կատարած է ու կը շարունակէ կատարել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռը: Քաղաքական թէ ընկերային տարբեր պայմաններու մէջ, անցնող դարերու ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին կատարած տիրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն բարձրօրէն գնահատած էին վեհափառները: Արամ Ա. վեհափառ յատկապէս աղօթք կը բարձրացնէր նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին առողջութեան համար: Ան ներկայիս գիտակցութեան տկարացման անբուժելի հիւանդութեան մատնուած է եւ մնայուն խնամքի ենթակայ:

Յանուն Երուսաղէմի պատրիարքութեան իր հոգեւոր խօսքը եւ շնորհաւորութիւնը արտայայտեց նաեւ Սեւան արք. Ղարիպեան: աղութին մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է, ըսաւ ան, մաս կազմել եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման ու ազգային յառաջդիմութեան գործին:

Արամ արք. Աթեշեան տուաւ իր քարոզը, որուն ընթացքին յիշելով Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան անցեալի իրագործումները, նոր հորիզոններու անկիւնադարձ նկատեց 550-ամեակը: Ընդհանուր փոխանորդ սրբազանը իր խօսքի աւարտին «Յովհաննէս Կոլոտ»ի ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը` պոլսահայ գաղութին իր բերած մեծ նպաստին համար: Ան նաեւ պարգեւատրեց Շիշլիի թուրք քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլը, որ դարձեալ մեծապէս նպաստած է իր հոգածութեան ներքեւ գտնուող տարածքի հայ բնակչութեան:

Սուրբ պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօնը Մայր խորանին վրայ` մասնակցութեամբ սրբազան հայրերուն, մինչ խորանին ճիշդ կեդրոնը պատրիարքական դատարկ գահ դրուած էր` խորհրդանշելով մէկ կողմէ պատրիարք սրբազան հօր անբուժելի հիւանդութեան բերմամբ թափուր մնացած անոր աթոռը, եւ միւս կողմէ` անոր ցանկալի ներկայութիւնը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներու թափօրով ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «Պեզճեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Արամ սրբազան խօսք առնելով հայերէնով եւ թրքերէնով անդրադարձաւ պատրիարքարանի յոբելեանին եւ խնդրեց աղօթել պատրիարք սրբազանի առողջութեան համար:

Խօսք առին նաեւ պարգեւատրեալները` դոկտ. Զաւէն Եկաւեան եւ քաղաքապետ Սարըկիւլ: Դոկտ. Եկաւեան պոլսահայ գաղութի ամուր հիմքերուն ակնարկեց` հայկական վարժարաններուն նկատմամբ հիմնարկութեան հոգածութիւնը յիշելով եւ իր անվերապահ աջակցութեան մասին հաւաստիացնելով գաղութի զաւակները: Նոյնպէս, հայ համայնքի տիպար անդամներուն մասին արտայայտուեցաւ քաղաքապետ Սարըկիւլ` մեծ պատիւ նկատելով Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ պարգեւատրուելու երեւոյթը:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՀՐԱՇՔ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»Ի ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։