Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայերը Ռաքքայի Մէջ

July 24, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռաքքա քաղաք մը է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Եփրատ գետի ափին: Պատմական տարեգրութեանց համաձայն Սելեւկեան կայսրութեան գահակալներէն Սելեւկոս Բ. Կալլինիկոս (Ն. Ք. 246-225) հիմնեց Կալլինիկոսը: Բիւզանդական տիրապետութեան ժամանակ քաղաքը վերակոչուեցաւ Լէոնթուպոլիս, Լեւոն Ա. (457-474) կայսեր անունով: Պարսից Խոսրով Ա. Անուշիրվան թագաւոր 524-ին կործանեց քաղաքը, բայց յետոյ Բիւզանդիոնի Յուստինիանոս  Ա. կայսր (527-565) վերակառուցեց զայն:

Կալլինիկոս ասորի վանականութեան կարեւոր կեդրոն դարձաւ: Մար Զաքքա վանքը կառուցուած էր քաղաքին հիւսիսային կողմը, բլուրի մը վրայ: Իսկ Պիզունա վանքը ժամանակ  մը աթոռանիստ եղած է:

Արաբներ 639-ին գրաւեցին Կալլինիկոսը եւ զայն վերակոչեցին Ռաքքա: 640-ին հոն կառուցուեցաւ առաջին մզկիթը: Սիֆֆինի ճակատամարտը, 657-ին, Ալի պըն Ապի Թալէպի եւ Մուաւիայի միջեւ, մղուեցաւ Ռաքքայի մօտ:

Դամասկոսի, Թըտմորի եւ Ուրֆայի միջեւ, Ռաքքայի ռազմական կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ եւ Մանսուր Խալիֆա 771-772-ին զինուորական յենակէտի վերածեց քաղաքը: Հարուն Ռաշիտ Խալիֆային ժամանակ, 796-ին Ռաքքա Խալիֆային երկրորդ մայրաքաղաքը եւ օդափոխութեան վայրը դարձաւ:

Հարուն Ռաշիտի կառուցած պալատը կը գտնուի քաղաքին հիւսիսը, եւ 10 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունի: Ռաքքայի պալատի կեանքը նկարագրուած է արաբական շարք մը բանաստեղծութիւններու մէջ, որոնք ամփոփուած են Ապու Ֆարաժ Իսֆահանիի հեղինակած «Քիթապ ալ աղանի»-ի մէջ: Սիւննի Հանաֆի  դպրոցի հիմնադիրներէն Մոհամէտ Շայպանի Ռաքքայի գատին (դատաւորը) եղաւ:

Ռաքքա 809-էն սկսեալ Աբասեան խալիֆայութեան արեւմտեան շրջաններուն (որ կ՛ընդգրկէր նաեւ Եգիպտոսը) մայրաքաղաքը դարձաւ:

Հետագային  Ռաքքայի մէջ, Պաղտատի դարպասէն հիւսիս կառուցուեցաւ Գասըր Պանաթը (աղջկանց պալատ), որուն աւերակները մնացած են մինչեւ այսօր:

Աբասեան խալիֆայութեան կազմէն ներս, անիշխանութեան տարածման եւ գարմաթական աղանդաւորներու եւ յետոյ ալ Համտանիներու տիրապետութեան պայմաններուն տակ Ռաքքա անշքացաւ: Հետագային Պանու Նումէյր եւ Ուգէյլի ցեղախումբերը իրենց հակակշիռը տարածեցին շրջանին վրայ

Մոնկոլներ 1260-ական տարիներուն կործանեցին Ռաքքան եւ բնակիչներէն շատեր ալ Սուրի քաշեցին:

Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ Ռաքքա անշուք բնակավայր մըն էր եւ արաբ եւ թուրքմէն քոչուոր ցեղախումբեր կը տիրապետէին շրջանին: Հետագային ալ չեչէններ բնակեցուեցան Ռաքքայի մէջ:

***

Հայեր Ռաքքայի մէջ բնակութիւն հաստատեցին Մեծ եղեռնէն ետք: «Ազդակ» 6 սեպտեմբեր 1953-ի թիւով եւ «Կեանքը Ռաքքայի մէջ» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

«Հիւսիսային Սուրիոյ ամենամեծ գիւղաքաղաքներէն մէկն է Ռաքքա: Հակառակն անոր որ Հարուն էլ Ռաշիտ թագաւորի պատմական օդափոխութեան վայրն հանդիսացած է ժամանակին, եւ ուր ունի նաեւ իր ամրակառոյց բերդին աւերակները իբրեւ կոթող վերոյիշեալ իրողութեան, սակայն այս տարի անօրինակ տաք եղած է ցերեկ ատենները, արեւի կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Գրեթէ մեր պտտած բոլոր վայրերուն մէջ ժողովուրդը նոյն գանգատը ունի ան. նախընթաց տաքին դէմ, բայց գիշերները ընդհանրապէս զով անցած են, մասամբ մեղմելով ցերեկի առթած տաղտուկը:

Հոմսի նման, Ռաքքան ալ` Հալէպի, Տէր Զօրի, Գամիշլի, տանող ճամբու երկայնքին (Ռաս-Իւլ-Այն, Տէրպէսսիէ եւ Ամուտա) ու Թէլ Ապիատի միջեւ կարեւոր հանգոյց մըն  է. բոլոր ճամբորդատար ինքնաշարժները հոս կանգ կ՛առնեն, ապա մեկնելու համար իրենց որոշեալ նպատակակէտին: Ահա այս է պատճառը որ այս գիւղաքաղաքը հետզհետէ զարգանալու եւ ընդլայնելու կարելիութիւններ ունի: Արդէն քաղաքի երեւոյթ առած է, սակայն ծերութիւն մը նկատառելի է, որը չենք ուզեր անտես առնել իր ապագայի փայլուն հեռանկարին հետ կապ ունեցած ըլլալուն պատճառաւ: Տուները շատ խճողուած են եւ մաքրութեան տրուելիք խնամքը կատարելապէս անտեսուած է, ինչ որ շատ անհրաժեշտ է առողջապահութեան համար:

Նկատառելի կէտ մը որ պէտք չէ վրիպի ուշադրութենէ երբ մանաւանդ ի մտի ունենալով որ բնիկ ժողովուրդին մէկ մասը ժառանգական ֆրանկախտ ունի, որուն հետեւանքով ալ հաւաքական լոգանք առնելու վայրերու շինութիւնը արգիլուած էր ատենին. նոյն դիտողութեան մաս կը կազմէ նաեւ ջուրի մասին եղած անհոգութիւնը. խոշոր կարասներու մէջ դրուած ջուրերը կը խմուին հարիւրաւոր անձերու կողմէ միեւնոյն գաւաթով, որ կրնայ զանազան հիւանդութեանց առիթ ընծայել. ըմպելու այս ձեւը կերպով մը եթէ բարեփոխուի, կրնայ նուազացնել հիւանդութեանց հաւանականութիւնը:

Բոլոր ժողովուրդն ալ Եփրատի ջուրը կը գործածէ իբր ըմպելիք, կառավարութիւնը զտարան կառուցած է դիւրութիւններ ընծայելով ժողովուդին, հակառակ ասոր, շատեր էշերով կամ կառքերով Եփրատի պղտոր ջուրը կը փոխադրեն իրենց բնական պէտքերը հոգալու համար:

Ռաքքա նշանաւոր կեդրոն մըն է առեւտուրի. ճարտարարուեստի մարզին մէջ ոչ մէկ յառաջդիմութիւն նկատելի է, ամբողջ շուկան ողողուած է մանր առեւտրականներով, արհեստաւորներով եւ նպարավաճառներով: Շրջակայ զանազան քաղաքներէն հոս խուժած են, առեւտուրի ազատ ասպարէզ մը գտած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Բացի հագուստեղէնէ, գրեթէ ամէն բան աժան կամ չափաւոր գիներով կը ծախուին: Պանիրն ու իւղը առատ եւ աժան են, նշանաւոր է իր կապեան (տեսակ մը սեխ, որ Եփրատի ցամքած ափերուն վրայ կը ցանեն, եւ որուն համար շատ անուշ է ու հոտաւէտ):

Գիւղաքաղաքի ամբողջ հարաւային մասը բլուրներու շղթայ մը կ՛եզերէ, իսկ ընդարձակ դաշտագետին մը արմտիքի եւ բանջարեղէնի մշակութեան յատկացուած է, բացի զայն շրջապատող անապատային տարածութիւններէ, որոնք հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեամբ կ՛երկարին դէպի արեւելք եւ հիւսիսային կողմը:

Հայերը բարեկեցիկ կեանք մը կը վարեն հոս, հազիւ 50 ընտանիք մնացած է 1941-ի դէպքէն ի վեր, արհեստաւոր եւ մանաւանդ խանութպան դասակարգէ:

Ունին դպրոց մը 50-էն աւելի երկսեռ աշակերտներով, որոնք հազիւ նախնական ուսում մը ստացած կամ արհեստի կը հետեւին եւ կամ ալ կրթական նախարարութեան բացած վարժարանը կը յաճախեն, ուսանելով միայն արաբերէն լեզուն, որովհետեւ եւրոպական լեզուի ուսուցումը, երկրորդական գիծի վրայ առնուած է:

Տեղւոյն հայութիւնը եկեղեցի չէ կառուցած բայց այս պէտքը կը լրացնեն տունի մը մէջ, յատկապէս վարձուած այս նպատակին  համար: Հոս ալ քահանայ չկայ. Տէր Զօրի քահանան երբեմն կ՛այցելէ եւ տօնական օրերուն ալ պատարագ կը մատուցանէ: Իսկ կնունքի, հարսանիքի կամ թաղումի մը պարագային, մասնաւոր ինքնաշարժ վարձելով կը բերեն հոգեւոր հովիւ մը որպէսզի եկեղեցական արարողութիւն կատարէ:

Հայերը գոհ են իրենց վիճակէն, կերպով մը հաշտուած ըլլալով իրենց վերապահուած ճակատագրին հետ: Արդէն իրենց կրած տարազով ալ չեն զանազանուիր տեղացիներէն: Անծանօթ մը չի կրնար համոզուած շեշտերով մօտենալ որպէս հարազատ ազգակիցի մը, եթէ չլսէ անոնց խօսակցութիւնը: Յաճախ պատահած են նման դէպքեր, օտար կարծելով տեղական լեզուով խօսած են, սակայն դիմացինը կռահելով իրենց խօսակցութենէն թէ անծանօթ հայեր են հայերէնի փոխած է խօսակցութիւնը, զարմանք պատճառելով անոնց:

Ռաքքայի օդը եւ ջուրը սքանչելի են, միայն թէ ամառ ատեն փոշի շատ ըլլալուն, շատ մը պզտիկներու աչքերը կը ցաւին: Անմիջական դարմանի համար տեղւոյն վրայ հիւանդացողներու` մասնաւոր հիւանդանոց մը կայ, բայց աւելի ծանր եղողները, կամ գործողութեան պէտք ունեցողները Հալէպ կը մեկնին դարմանուելու համար:

Ոչ մէկ օտար հասատատութիւն, բացի ֆրանսացիներու շինած զօրանոցներէ: Հայերն ալ կազմակերպուած միութենական կեանքէ ամենեւին զուրկ են, ո՛չ ՀՄԸՄ, ոչ մարզական խումբեր եւ ոչ ալ հայրենակցական միութիւններ գոյութիւն ունին: Հոս ամէն մարդ որպէս անհատ կ՛ապրի, հաւաքական ձեռնարկ ընելու կարելիութիւն չունենալուն կամ ատակ չըլլալուն համար»:

* * *

Իսկ 8 օգոստոս 1954-ի թիւով եւ «Ռաքքա եւ հայերը» թղթակցութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

Հիւսիսային Սուրիոյ արեւելեան կողմը, Հալէպէն 200 քիլոմեթր անդին, Եփրատի եզերքին վրայ կառուցուած է Ռաքքա գիւղաքաղաքը: Փոխադրական աշխատանքի եւ երթեւեկի գլխաւոր հանգոյցը հանդիսացող այս աւանը, երկրագործական եւ առեւտրական մեծ կեդրոնով մը դարձաւ վերջերս` երկրի այս շրջանին մէջ:

Ասկէ տասնեակ տարիներ առաջ գիւղի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր այցելուներու վրայ, սակայն միջավայրի ներկայացուցած կարեւորութիւնը կախարդած է հարեւան գիւղերու բնակիչները, որոնք վերջնականապէս հոս հաստատուելով, զարկ տուած են նորանոր շինութիւններու, այնպէս որ, երբեմնի գիւղի բնակարաններու թիւը կրկնապատկուած է եւ հրապարակը` բանուկ շուկայի վերածուած:

Հակառակ հողի բարեբերութեան, Եփրատի ափերուն վրայ շատ քիչ բանջարանոցներու կարելի է հանդիպիլ, մինչդեռ փոքր աշխատանքով մը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուէր, ո՛չ միայն տեղւոյն պահանջներուն գոհացում տալու, այլեւ արտածելու այլ շրջաններ: Գիւղացիները ձմերուկի եւ սեխի մշակութեան ուժ տուած են առաւելապէս:

Ռաքքայի օդը մաքուր է եւ առողջապահիկ տուեալներով հարուստ, գիշերները աստղազարդ երկնքի տակ հաճելի է ու զով, երբ մանաւանդ բացօթեայ վայրերու մէջ գիշերելու բախտը ունենաս: Ցերեկը սաստիկ տաք կ՛ընէ, հեղձուցիչ մթնոլորտ մը պարզելով բնակիչներուն առջեւ, որոնք ստիպուած` կէսօրուան մի քանի ժամերը կ՛անցնեն իրենց բնակարաններէն ներս, ամայութիւն գոյացնելով շուկայի վրայ:

Ժամանակին` Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն նշանաւոր եւ իմաստուն թագաւոր Հարուն էլ Րաշիտի օդափոխութեան վայրը եղած է Րաքքա: Անոր բերդին աւերակները տակաւին կանգուն մնացած են, հակառակ հարիւրաւոր տարիներու բերած աւերներուն: Շատեր հարստացած են այդ աւերակներու մէջէն հանուած հնութիւններով եւ մեծ դիրքերու տիրացած: Մինչեւ այսօր տակաւին կը տեսնուին պեղումներու՛ հետքերը:

Հակառակ հետզհետէ զարգանալուն, տակաւին աղտոտութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք, կարելի չէ ճանճերու յարձակումներէն եւ սուր խայթոցներէն զերծ մնալ: Մասնաւոր միզարաններ գոյութիւն չունին, ճամբորդները իրենց բնական պէտքերը կը տեսնեն բացօթեայ վայրերու վրայ, շատերու տեսողութեան առջեւ, զանց ընելով ամօթխածութեան տարրական զգացումը:

Տարիներ առաջ ըմպելի ջուրի մատակարարութիւնը Եփրատ գետէն կը կատարուէր կառքերով, էշերով կամ գլուխներու վրայ բեռցուած տիկերով: Ուրախ ենք յայտնելու, որ վերջերս մասնաւոր զտարան մը կառուցուած է եւ ջրաբաշխութիւնը կատարուած` յատուկ խողովակներով, մաքուր ջուր մը հայթաթելով ժողովուրդին: Կառուցուած է նաեւ սառի գործարան մը, շրջանի պէտքերուն գոհացում տալու նպատակով:

Հայերու վիճակը գոհացուցիչ է ընդհանրապէս, մեծամասնութիւնը արհեստաւորներէ կը բաղկանայ: 75 հայ ընտանիքներ հաստատուած են հոս. ժամանակին այս թիւը կը բարձրանար 100-ի:

Հայերը ունին դպրոց մը աւերակ վիճակի մէջ, հոն կը յաճախեն 80 երկսեռ աշակերտներ` նախակրթարանի երկու բաժիններու մէջ: Հոգաբարձութիւնը երկու ուսուցիչ եւ երկու օրիորդ վարձած է, որոնցմէ մէկը արաբերէնի համար, բացի այն ուսուցիչներէն, որը ձրիաբար կը տրամադրուին կրթական նախարարութեան կողմէ:

17,500 ս. ոսկիի գումար մը նախատեսուած է նոր դպրոցի մը շինութեան համար: Մասնաւոր յանձնախումբ մը եկած եւ քննած է դպրոցի վայրը. մօտ օրէն երկրաչափ պիտի ղրկուի եւ շինութեան նախնական աշխատանքները պիտի սկսին, դպրոցներու վերաբացումէն առաջ աւարտելու` ծրագրուած շինութիւնը:

Շրջանը չունի իր հոգեւոր հովիւը եւ ո՛չ ալ եկեղեցի: Տէր Զօրի քահանան կը կատարէ այդ պաշտօնը:

Օգնութեան խաչի կազմակերպութիւնը հոս ալ իր ցանցը հաստատած է եւ բարերար գործունէութեան մղուած: Կան նաեւ ՀՄԸՄ եւ ՀԵԸ երիտասարդական կազմակերպութիւնները: Ֆութպոլի խումբը լուծուած է, թէեւ ժամանակին յաջողութիւններ ալ արձանագրած էր:

Ընդհանուր առմամբ Ռաքքայի հայերը բարեկեցիկ են եւ գոհ իրենց վիճակէն»:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1963)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։