Խումբ մը հասարակական գործիչներ կանգառներու մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն կրկին կը բաժնէին «Վճարեցէ՛ք 100 դրամ» արձանագրութեամբ թռուցիկներ եւ կոչ կ՛ուղղէին ուղեւորներուն չվճարելու նոր` 150 դրամի սակագինը:
Ուղեւորներէն ոմանք կ՛ըսէին, թէ իջած են եւ իբրեւ բողոքի նշան` 100 դրամ վճարած:
Երթուղայիններու վարորդները որոշ պարագաներու գործիչներէն կ՛առնէին թռուցիկները, որոշ պարագաներու ալ գծատէրերուն իրենց վճարելիք գումարներու ցանկը ցոյց տալով կը դժգոհէին:
Երէկ իր բողոքի շարժումը շարունակեց նաեւ երգիծական «Կարգին հաղորդման» յայտնի հերոս Հայկոն` Հայկ Մարութեան: Ան իր ինքնաշարժով մարդոց անվճար կը տեղափոխէր` յորդորելով չվճարել 150 դրամ:
«Ատիկա կը կոչուի քարփուլ ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ դուն դէպի որոշ տեղ կ՛ուղղուիս եւ քու ուղղութեամբ գացող մարդոց կը հարցնես եւ ով որ այդ ուղղութեամբ կը մեկնի` կը տանիս հետդ», պարզաբանեց Հայկոն. «Օրական չեմ գիտեր քանի հոգի կը տեղափոխեմ` որքան որ կարելի է, բայց ես կ՛օգնեմ: Եթէ շատ մարդիկ միանան, շատ մարդոց կ՛օգնեմ: Ասիկա է բողոքի իմաստը»:
Քարփուլ շարժումին այս օրերուն տասնեակ անհատներ միացած են, որոնց շարքին հանրածանօթ մարդիկ, օրինակ` Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան, «Արմքոմետի» երգիծական հաղորդման համահեղինակ եւ վարող Սերկէյ Սարգսեան: Երգիչ Արթուր Իսպիրեան շարժումին վաղն իսկ միանալու իր մտադրութիւնը յայտնած է:


