Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Կրիկորի Քարասին անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցերէն բացի անդրադարձ կատարուեցաւ վերջերս հայաստանցի վարորդ Հրաչեայ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ մերձմոսկովեան Փոտոլսքի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական արկածին, որուն պատճառով 18 անձեր մահացած են, եւ աւելի քան 30-ը` վիրաւորուած:
Օլեկ Եսայեան իր անկեղծ ցաւակցութիւնները յայտնեց կատարուածին առիթով, իսկ ռուսական կողմը վստահեցուց, որ համակողմանի քննութիւն պիտի կատարուի` պաշտպանելով մեղադրեալին օրինական իրաւունքները:
«Երկու կողմերը մտահոգութիւն յայտնեցին ողբերգութեան շահարկման անարժան փորձերուն առնչութեամբ, որոնք նպատակ ունին հրահրել ռուս-հայկական բարեկամութեան ոգիին հակասող տրամադրութիւններ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:


