
Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վովա Սահակեան, որ նախորդ կիրակի համայնքին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի թեկնածուն էր, անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնէն ազատ կացուցուելու դիմում գրած է:
Սահակեան ձայներու շատ քիչ տարբերութեամբ պարտուած էր հանրապետական թեկնածու Արթուր Մուրադեանէն: Սահակեան իր պաշտօնէն ազատ կացուցուելու դիմումը ներկայացուցած էր համայնքի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վրէժ Մնացականեանին:
Սահակեան յայտնած է, որ ինք այս ձեւով չի կրնար աշխատիլ, ատիկա իրեն համար վիրաւորանք է: Սահակեանի դիմումը տակաւին չէ ընդունուած:


