Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով 18 յուլիսին Երեւան կը գտնուէր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասեան շրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յանձնակատար, դեսպան Անթիէ Լեյենտերթսէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայկական կողմէն քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը վարէր արտաքին գործոց փոխնախարար Զոհրապ Մնացականեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներն ու կարելիութիւնները, որոնց շարքին` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ մարդկային հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ: Քննարկուեցան նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին հետ կապուած հարցեր:


