Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Օծում Եւ Թաղում` Հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի

July 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, գլխաւորութեամբ` վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Արտաւազդ արք. Թրթռեանին:

Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Սուրբ եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց եւ վերջին օծումը կատարեց Ս. աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Նորայր եպս. Աշըգեանը: Յընթացս Ս. պատարագին հանգուցեալ սրբազան հօր դագաղը միաբան հայրերու կողմէ տաճարի ատեանէն բերուեցաւ Ս. խորան, ուր տեղի ունեցաւ վերջին օծման կարգը, ձեռամբ` վեհափառ հայրապետին:

Եկեղեցիէն, իր հոգեւոր եղբայրներէն ու բարեպաշտ ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելու հոգեթով շարականներու երգեցողութեան ընթացքին հանգուցեալ սրբազանին դագաղը հերթաբար դէպի արեւմուտք, արեւելք ու հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը սրբալոյս միւռոնով օծեց սրբազան հօր ճակատն ու աջը` վերջին օծումը տալով անոր: Այնուհետեւ, միաբան հայրեր ու ներկայ հոգեւորականներ խորան բարձրացան ու երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս սրբազանին օծեալ ճակատն ու աջը:

Վեհափառ հայրապետը դամբանախօսական իր պատգամին մէջ վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան զինուորագրեալ աւագագոյն հոգեւորականին աւելի քան եօթը տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը: Իր հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ ունեցած սէրը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ ունեցած իր հաւատարմութիւնը վարակիչ նկատելով նոր սերունդին, վեհափառ հայրապետը արժանի գովեստով դրուատեց սրբազանը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Արտաւազդ սրբազանին անձին եւ իր անփոփոխ ու հաստատ կապուածութեան եւ հաւատարմութեան Կիլիկեան դարաւոր Ս. աթոռին նկատմամբ, մանաւանդ պատմական ամէնէն դժուար ու դժբախտ ժամանակաշրջանին (վեհափառ հայրապետին դամբանականին խտացումը կու տանք առանձինն):

Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը` վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ: Ապա միաբան հայրեր սրբազանին դագաղը իջեցուցին իր վերջին հանգստարանը` Կիլիկեան ուխտի միաբանական դամբարան, ուր Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքումի արարողութիւնը:

Թաղման Կարգէն ետք, ներկայ հաւատացեալներ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին եւ միաբանութեան անդամներուն` վեհարանի դահլիճին մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան` Տիպար Հոգեւորականը

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.