Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Գիտնականները Կ՛աղօթե՞ն

July 22, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԳՈՂՏՐԻԿ ԵՒ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՅՆՇԹԱՅՆԻ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ ՋԵՐՄ ՆԱՄԱԿՆԵՐԷՆ: ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՓՈՔՐԻԿ ԱՂՋՆԱԿԻ ՄԸ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ` ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ:

Մանուկներ յատուկ կարողութիւն մը ունին մշակութային ամէնէն բարդ երեւոյթներուն խորքը թափանցելու` չափահասները մղելով, որ վերատեսութեան ենթարկեն ենթադրութիւններու բազմաշերտ խաւերը: Մանուկները անգիտակցաբար փայլուն խորհրդածութիւններ կը կատարեն սեռերու տարբերութեան առնչուող ըմբռնումներուն մասին կամ երեւութապէս պարզ, սակայն խորաթափանց հարցումներ կ՛ուղղեն աշխարհի մէջ իրերու ընթացքին մասին: Օրինակ` գիտութեան եւ կրօնի միջեւ դարաւոր լարուածութիւնը, որ տանջած է Կալիլէոյի եւ Քարլ Սէյկընի նման լուսաւոր դէմքերու, ինչպէս նաեւ` այսօրուան ամէնէն անուանի գիտնականներուն ուղեղը: Հարցումը կը կրէ մշակութային հսկայական բեռ մը, սակայն ասիկա պատճառ մը չէր, որ 1936-ին Նիւ Եորք բնակող աղջիկ մը` Ֆիլիս, զայն չուղղէր նոյնինքն մեծն Ալպըրթ Այնշթայնի, նամակի մը մէջ, որ մաս կը կազմէ «Տիր փրոֆեսըր Այնշթայն. Ալպըրթ Այնշթայն՛զ լեթըրզ թու էնտ ֆրամ չիլտրըն» նամակներու գիրքին (լոյս տեսած է 2002-ին):

Տը Ռիվըրսայտ Չըրչ

Յունուար 19, 1936

Սիրելի տոքթ. Այնշթայն,

Մենք կիրակնօրեայ մեր դպրոցին մէջ կը հարցնենք հետեւեալ հարցումը. գիտնականները կ՛աղօթե՞ն: Հարցը ծագեցաւ, երբ սկսանք մտածել. արդեօք կրնա՞նք հաւատալ թէ՛ գիտութեան եւ թէ՛ կրօնի: Հարցումը նամակով կ՛ուղղենք գիտնականներու եւ այլ յատկանշական անձերու, որպէսզի լուծում մը ունենանք մեր հարցին:

Մեծ պատիւ պիտի զգանք, եթէ պատասխանէք մեր հարցումին. գիտնականները կ՛աղօթե՞ն, եւ` ի՞նչ բանի համար կ՛աղօթեն:

Մենք վեցերորդ դասարանի աշակերտներ ենք, օրիորդ Էլիսը մեր ուսուցչուհին է:

Յարգանօք ձերդ,

Ֆիլիս

Միայն հինգ օր ետք Այնշթայն պատասխանած է նամակին: Իրապէս հիանալի չէ՞, երբ մշակութային հսկաներ կը հակազդեն մանուկներու անկեղծ հետաքրքրութեան: Այնշթայնի պատասխանը կը կրէ գիտութեան նոյն այն ոգեղէն որակը, զոր տասնամեակներ ետք պիտի պանծացնէր Քարլ Սէյկըն, եւ զոր պանծացուցած էր Պտողեմի` հազարամեակներ առաջ: Նամակին պատասխանելէ 6 տարի առաջ Այնշթայն այս նիւթը հետազօտած էր շատ աւելի բարդ լեզուով եւ ուղեղը լարող հռետորութեամբ, հնդիկ փիլիսոփայ Թակորի հետ իր առասպելական զրոյցին մէջ:

Այնշթայնի պատասխանը.

Յունուար 24, 1936

Սիրելի Ֆիլիս,

Պիտի փորձեմ հարցումիդ պատասխանել այնքան պարզ, որքան որ կարելի է: Ահաւասիկ պատասխանս.

Գիտնականներ կը հաւատան, թէ իւրաքանչիւր պատահար, ներառեալ` մարդ արարածին պատահող բաները, արդիւնք են բնութեան օրէնքներուն: Հետեւաբար գիտնական մը չի կրնար հակամէտ ըլլալ հաւատալու, թէ աղօթելով կրնայ ներգործութիւն ունենալ իրերու ընթացքին վրայ, այսինքն` գերբնական մակարդակի վրայ արտայայտուած փափաքով մը:

Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունինք, թէ այս ուժերուն մասին մեր գիտութիւնը կատարեալ չէ: Հետեւաբար, ի վերջոյ վախճանական գերագոյն ոգիի մը գոյութեան գաղափարը հիմնուած է որոշ տեսակի հաւատքի մը վրայ: Նման հաւատք մը լայնատարած ներկայութիւն է,  նոյնիսկ` գիտական ժամանակակից իրագործումներուն առընթեր:

Սակայն նաեւ ոեւէ անձ, որ լրջօրէն կ՛աշխատի գիտական մարզին մէջ, կը համոզուի, թէ տեսակ մը ոգի գոյութիւն ունի տիեզերքի օրէնքներուն մէջ: Ոգի մը, որ շատ աւելի հզօր կերպով գերադաս է մարդէն: Այսպէս, գիտութեան կիրարկումը կ՛առաջնորդէ կրօնական որոշ զգացումներու, ինչ որ վստահաբար տարբեր է աւելի պարզունակ անձի մը կրօնական զգացումներէն:

Ջերմ բարեւներով,

Քոյդ`

Ա. Այնշթայն

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1963)

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Երկար Կեանքի Մեր Անտեղի Մարմաջը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.