Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբեան Սուրիահայերու Հարցերու Լուծման Աջակցելու Խնդրագիր Ներկայացուցած Է Թրայան Հրիսթէայի

July 18, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրաւէրով 17 յուլիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէայի հետ հանդիպում մը: Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ սփիւռքի նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած հայերուն հիմնախնդիրներուն լուծման գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումն ու իրականացուցած ծրագիրները:

Նախարարը յատկապէս անդրադարձած է Հայաստանի իրաւական դաշտին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն` կրթութեան, առողջապահութեան, գործարարութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` աշխատանքով եւ կացարաններով ապահովման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն: Հ. Յակոբեան ներկայացուցած է Աշտարակ քաղաքին մէջ Նոր Հալէպ թաղամասի հիմնադրման ծրագիրը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը յատկապէս լուսարձակի տակ առած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրները` 2012-2013-ին, հիմնականօրէն իրականացուած են պետական պիւտճէով եւ համահայկական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ. ան դիմած է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն  հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրները, մասնաւորաբար բնակարանաշինութեան ծրագիրը Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորելու խնդրանքով` քաղաքացիական պատերազմին պատճառով հարկադրաբար իրենց երկրէն այլ պետութիւններ արտագաղթած Սուրիոյ քաղաքացիներուն յատկացուող հսկայական գումարներու ծիրին մէջ:

Հրանուշ Յակոբեան Թրայան Հրիսթէային յանձնած է նաեւ տեղեկագիր` սուրիահայերուն հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման հոլովոյթներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` աջակցութեան խնդրանքով գրութիւն:

Յաջորդ կարեւոր հարցը, որուն անդրադարձած է նախարարը, Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող ճգնաժամային իրավիճակն է: Երկրին երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը մօտ 10 օրէ կը գտնուի շրջափակման մէջ, հոսանքազրկուած է, կայ սննդամթերքի, դեղօրայքի պակաս: Քաղաքի բնակիչները կրնան սովի մատնուիլ, ուստի վտանգուած է քաղաքացիներուն, որոնց կարգին հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը:

Նախարարը դիմած է Թրայան Հրիսթէային`  խնդրելով բարձրացնել Հալէպի շրջափակման վերացման, երկրին մէջ կայունութեան հաստատման հարցերը, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան հասցնելու անհրաժեշտութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ միջազգային կառոյցներուն առջեւ:

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը իր կարեկցանքը յայտնած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է նշեալ խնդիրները արծարծելու համապատասխան մարմիններուն մէջ:

 

 

Նախորդը

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Համար Ազրպէյճանական Տարածքները Պէտք Է Ազատուին» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.