Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամացոյցը

July 18, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ կիրակի երեկոյ պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ` անշշուկ: Ուտել խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած` գրեթէ ուժասպառ եղած էր:

Սենեակին լոյսը բացաւ: Նայեցաւ չորս կողմը: Կարծես կորսուած էր: Հոս իր սենեակը չէր: Ուրիշինն էր: Յանկարծ նշմարեց մահճակալին մօտ ցած սեղանին վրայ տեղ գրաւած իր ժամացոյցը: Անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն իր հաւատարիմ զարթուցիչը եղած էր, ամէն առաւօտ նոյն ժամուն եւ նոյն վայրկեանին: Անխախտ եւ շիտակ: Հին, սակայն` վստահելի: Զայն խնամքով պահած էր: Գրեթէ ամէն երեկոյ զայն լարած միջոցին անոր փոշիներն ալ առած: Իր բարի «աքաղաղն» էր, շատերուն այս ձեւով ներկայացուցած էր, որուն զանգին վրայ ինք ամէն առաւօտ ճշդուած ժամուն կ՛արթննար:

Տակաւին երկու օրեր առաջ, ճիշդ ուրբաթ երեկոյ որոշած էր սենեակէն հեռացնել, աչքէ հեռու տեղ մը պահել, այդ ուրբաթ օրը իր աշխատանքի վերջին օրն էր: Իր կնոջ եւ զաւակներուն երկար ու յարատեւ պնդումներուն վրայ վերջապէս որոշած էր հանգստեան կոչուիլ: Դառնալ թոշակառու: Ուստի այլեւս պէտք պիտի չունենար այս գործիքին: Ամէն առաւօտ իր ուզած ժամուն պիտի արթննար: Սեփականութեան հրճուանք: Վերջապէս երազին պիտի յաղթէր: Ինք, որ միշտ իրեն սահմանուած աշխարհին մէջ փնտռած էր թաքնուած տառապանքն ու հրաշքը, ասկէ ետք այդ հեւքին պէտք պիտի չունենար: Վերջ: Որոշած էր ասկէ ետք կեանքը ըմբոշխնել առատ ընթերցանութեամբ, պտոյտներով, քալելով, պարտէզը մաքրելով կամ վերանորոգելով:

Գիտէր, որ ամէնօրեայ պայքարին մէջ իր գործընկերներէն շատ շատերու մօտ դժբախտաբար կեանքը կորսնցուցած էր իր շքեղանքը: Իրը տարբեր պիտի ըլլար: Կը հաւատար:

Ու տակաւին նոյն այդ ամբողջ ուրբաթ օրը իր գրասենեակէն ներս տօն էր: Խմել, ուտել եւ նորէն խմել ու անհատնում մաղթանքներ լսել: Վերջին` կանուխ տուն վերադառնալ: Նոյնիսկ հնդիկ «պոսը», մեծաւորը զինք մինչեւ իր ինքնաշարժը հասցուցած էր: Ապա ամուր մը ձեռքը սեղմած եւ ձախ ձեռքով ալ իր կռնակին քանի մը անգամներ զարնելէ վերջ խրատած.«Մի՛ ծերանար, որովհետեւ կեանքը հետաքրքրական երեւոյթ է: Նայէ՛, մըստըր Էյրամ (պարոն Արամ) աշխարհը զաւեշտ է ու անհեթեթ բաներով լեցուն: Ուստի մարդկային այդ հոգիդ թող միշտ լուսամուտ մը ունենայ. մայ ման ինճոյ եուր լայֆ, բարեկամս, կեանքդ վայելէ» ըսած էր զինք ճամբած պահուն:

Իր կարծիքով հիմա պիտի ճանչնար հաճոյքը. պիտի վայելէր կեանքը, մինչեւ որ հասնէր իր կեանքին ճակատագրական վերջին օրը: Վերջապէս ինքն իրեն պիտի կարենար նայիլ ժամանակի միւս ափէն: Այս արդէն ինքնին դրական երեւոյթ էր:

Բայց յանկարծ յիշեց տակաւին քիչ առաջուան ընտանեկան սեղանին շուրջ ստեղծուած պահերը: Արդէն շաբաթ օրուընէ ի վեր իր տան մէջ հիւրերը անպակաս էին: Ասոնց վրայ աւելցուցէք իր զաւակները` թոռներով եւ հարսերով միասին եւ անոնց մաղթանքներուն մէջէն իրեն հասցէագրուած նոր ու անգիր «պարտականութիւնները»:

– Այսպէս լաւ եղաւ կարծես, պա՛պ, պզտիկ թոռդ ամէն առտու դո՛ւն դպրոց կը տանիս:

– Պապ, թոռնուհիդ դաշնակի դասէն ետք մօտդ կ՛առնես եւ անոր դասերով կը պարապիս:

Եւ տակաւին անհատնում «պապ»-եր եւ «իշտէ քեզի զբաղում» արդարացումներ, որոնք թէեւ ինք սիրով կրնար տանիլ, սակայն… Ա՜խ, դիւրին բան չէր մեծ հայր ըլլալը: Պատասխանատուութիւն` մեծ եւ ծանր: Նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր չորս կողմը: Ճշմարտութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ երեխաները մեծցնողները իրենց ծնողները չեն, այլ` մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը: Ահա թէ ինչո՛ւ վայրկեանները երկար եւ վիրաւոր, սարսափեցան փակ դրան ետին: Կը զգար, որ իր սիրտը իր ափին մէջ էր: Կարծես մինակութիւնը ճնշած էր զայն: Շուտով դարձաւ դէպի հայելին: Երկար նստեցաւ իր պատկերին առջեւ ու իր միտքը գնաց երանաւէտ բաներու: Նախ թեթեւ ժպիտ մը դէմքին ժանգը թափեց: Ապա նոյն այդ ժպիտը շուտով չորցաւ նոյն իր դէմքին վրայ: Անակնկալ եւ ինքնածին: Չես գիտեր` ինչպէս լայն ճակատը ալեկոծեցաւ: Ակնոցին ետեւ հլուն աչքերը սկսան լողալ: Նայուածքներուն ցանցը թուլցաւ: Կանաչ օրերը յիշեց: Ուրեմն հանգիստը կամ հանգստեան կոչուիլը իրեն համար չէր: Ո՞վ ըսաւ, որ ինք պարտականութիւններէն փախչող մըն էր: Հարցուցէ՛ք: Է՜հ աշխա՛րհ: Սակայն…

Դէմքին վրայ ներքին տեսակ մը ահաբեկում մը գծագրուեցաւ: Իր միամիտ հոգին կարծես վախցաւ: Այսպէս, թեթեւ տրտմութիւն մը խառնուեցաւ իր երջանկութեան: Յստակ էր, թէ գլխուն մէջ բան մը կար, որ անուն ու ձեւ չունէր, որ մութի մէջ պահեց իր հոգին:

Միւս կողմէ, սակայն, յիշեց նախկինը: Լուսացան մէկիկ մէկիկ երանելի պահերը: Կը զգար, որ ազատ օրերու մուրացկան պիտի դառնար: Այո, ճիշդ էր, որ ինք ազատ էր, սակայն կեանքը իր ուզած ձեւովը այլեւս պիտի չապրէր:

Ինքն իր մէջ մտածելու ստիպուած ըլլալը հիմա զինք որբացուցած էր: Խեղճացած: Ճերմակ երազները փախչած էին: Ներկայացուած խորհուրդներն ու քաղաքավար «առաջարկները» չէր կրցած մերժել: Ինչպէս մերժէր: Չէ՞ որ իր հոգիի հատորներն էին այդ թոռները: Իր անձէն աւելի կը սիրէր զանոնք մէկ առ մէկ:

Այս պահուն ալ չէր հասկնար ինքզինք: Թէեւ դէմքին վրայ բազմած էին նոր խոհեր, սակայն միւս կողմէ ալ անօրինակ ուրախութիւն մը կը ցայտէր իր արեան մէջ: Ինք ինքնաբերաբար պիտի դառնար ամէնօրեայ նոր սովորութիւններու գերին:

Բոլորը կրնային վկայել, թէ պարոն Արամ մտածող միտք մըն էր: Յարգուած անձնաւորութիւն մը: Լաւ դիտող մը: Ունէր իր անձնական համոզումն ու տեսակէտը ու դատելու ճշգրիտ առաքելութիւն` անշահախնդիր մօտեցումով եւ ակնոցով:

Արեւներ անցած ու մազերուն աստղեր կառչած այս մարդը հիմա կարծես զինք լեցնող զգացումին սահմաններն նոյնիսկ չէր կրնար որոշել:

Ծրագրած էր: Նոր օրերը ախորժելի շարունակութիւն պիտի խոստանային: Կեանքը իր տան պատերէն դուրս պիտի գար: Ամէն առտու կանուխէն իր թաղին վերէն մինչեւ վար պիտի քալէր, ժպիտը դէմքին: Պիտի բարեւէր իրեն հանդիպող թաղի բոլոր դրացիներուն: Մէկ խօսքով, բնութեան զաւակը պիտի դառնար: Պիտի կատակէր ու աւելի պիտի սիրէր իր կեանքը:

Սակայն հանգիստ եւ անհոգ ապրելու համար պէտք էր իր շրջապատը մոռնար: Այս մէկը իսկապէս զարհուրելի էր: Անոր համար չուզեց ապրիլ մեղքի զգացումը:

Բայց յանկարծ կարծես իր մէջ նոր բան մը բուսաւ: Ներքին հաշտութիւն: Վերջապէս իջաւ իրական աշխարհ` ազատած ուրուականներէն: Նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզը թեթեւօրէն եւ երկար շփեց: Այս էր կեանքին հեգնանքը: Մտքին մէջ հոսանքները դիմադրութեան բախած էին: Աչքերուն մէջ ամրացան հաճելի տեսիլքներ, որոնք միայն իրեն համար ստեղծուած էին: Ինք պէտք չունէր աշխարհը համոզելու: Թոռները առաւել եւս վայելելու հաճոյքը հոսեցաւ մէջը: Ժպիտի նման նոր բան մը սահեցաւ դէմքին վրայէն:

Յանկարծ ժամացոյցը կրկնեց ժամանակը միօրինակ եւ տափակ: Կրկին լարեց զայն: Նոր օրուան նոր պարտականութեան յատուկ լարերով օժտեց: Յուզմունքէն խօսքերը շնչասպառ եղած էին եւ փոխարէնը հառաչանքի նման բան մը պոկուեցաւ կուրծքէն:

Վաղը նոր օր մըն էր, որ պիտի գար ու այս անգամ իր ժամանակը պիտի դարձնէր տարբեր եւ սակայն` ըմբռնելի ու նոյնքան ալ հաճելի:

Յիշեց: Թոռներուն դէմքերը հոգիի խաղաղութիւնը բերին իրենց հետ: Հիմա իր սիրտն էր, որ ինքնազսպումի ճիգ կը պահանջէր:

Անկասկած որ սենեակին մէջ չմեռնող բան մը կար: Ապրելու սէրը: Արդէն քունը լեցուած էր աչքերուն մէջ, իսկ դուրսը վստահաբար գիշերը սկսած էր մաշիլ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Քանատայի 43-րդ Շրջանային Ժողով

Յաջորդը

Պարսելոնա – Պուսքեց Պայմանագիրի Երկարաձգում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.