Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջափակուած Հալէպի Մէջ Հայերը Կը Շարունակեն Դիմագրաւել Դժուարին Պայմանները

July 16, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Հալէպ քաղաքը կը շարունակէ շրջափակուած մնալ: Եօթը ամիսէ ի վեր օդային ճամբաներու փակումին կը միանայ 11 օրէ ի վեր շարունակուող ցամաքային ուղիներու փակումը, թէ՛ ներքին` նահանգէ-նահանգ, թէ՛ արտաքին` երկրէն դուրս:

Սննդեղէնի ապահովման դժուարութիւնը կը շարունակուի, թէեւ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով դրական որոշ բան կարելի է նկատել, շուկան քանի մը տեսակ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն կարելի է գտնել, սակայն սովորական սակագիներէն 12-15 անգամ աւելի բարձր գինով:

Պտղատեսակ համարեա չկայ: Դեղօրայք ապահովելու դժուարութիւնը կը շարունակուի:

Ի տարբերութիւն նախորդ ամիսներուն, ելեկտրական հոսանքի եւ ջուրի մեծ խնդիր չունինք: Թէ՛ հոսանքը, թէ՛ ջուրը քանի մը ժամ կ՛անջատուին ու կը վերադառնան:

Շաբաթ, 13 յուլիսի գիշերը Սիւլեմանիէի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ ինկան երեք հրասանդներ, որոնց պատճառած վնասները Փառք Աստուծոյ  միայն նիւթական էին:

Նոյն գիշեր Թելեֆոն Հաուայի շրջանին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ ուղղութեամբ արձակուած հրասանդ մը օդին մէջ պայթեցաւ, իսկ ուրիշ մը` եկեղեցւոյ դիմացի մայթին վրայ. կրկին մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:

Կիրակի, 14 յուլիսին, այս դժուար ու երբեմն դաժան պայմաններուն մէջ, կենսասէր հալէպահայութեան խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուած էր «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ, ուր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելի ճիգով մը ժողովուրդին հոգեկան աշխարհը խանդավառեց: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, Թատրոնը, «Զուարթնոց» երգչախումբը եւ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը կրկին ժպիտ գծեցին հալէպահայուն դէմքին :

Թեմիս առաջնորդ գերշ. տէր Շահան եպս. Սարգիսեան իր կարգին ոգեւորեց հալէպահայերը, որոնց մեծ մասն ալ իրենց տուներուն մէջ «Ռատիօ երազ»-ին ճամբով ունկնդրեցին ձեռնարկը, լսեցին սրբազան հօր յուսատու եւ ուժ ներշնչող պատգամներն ու յորդորները:

Այնքան հոծ բազմութիւն կար, որ մեծ թիւով հանդիսատեսներ սրահէն դուրս մնացին, այս իսկ պատճառով Շրջանային վարչութիւնը տեղւոյն վրայ որոշեց ձեռնարկը կրկնել յաջորդ կիրակի, 21 յուլիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նոյն սրահին մէջ:

Այս է հալէպահայութիւնը, որ ընկրկում, յուսալքութիւն չի ճանչնար: Հալէպահայութիւնը ճանչցողը գիտէ, որ ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ  իր անցեալին, ներկային եւ ապագային տէրը կանգնելու ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:

Հալէպ
«Երկիր Մետիա»

 

Նախորդը

Իւնիվերսիատ. Քազան. Մաքսիմ Մանուկեան` Արծաթէ Մետալակիր

Յաջորդը

Համազգայինի 19-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։