Շաբաթ, 13 յուլիսին, Սատաքայի դաշտին վրայ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի գերբաժակի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան ախոյեան Սատաքա եւ բաժակակիր լիբանանեան բանակը:
Սատաքա տիրացաւ տիտղոսին` 8-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Նշենք, որ Սատաքայի մաս կը կազմէ Սարգիս Էսքիճեան: