Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏ ԹՈՄ ԷՆԿԸԼՀԱՐԹ*: «ՏԸ ՆԷՅՇԸՆ ԻՆՍԹԻԹՈՒԹ»-Ի ԻՐ ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՂ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԷ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷ ԵՒ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻԱԿ ԳԵՐՈՒԺԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՍՆԱՆԿԱՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՏԻՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԷ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԱՅՆ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԸ, ՈՐՈՒՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՏԻՐԵԼ: ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՇՏ ԱԼ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԵՆ ԵՒ ՔԱՅՔԱՅՈՒԱԾ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՐՑԸ ԱՅՆ ՉԷ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ «ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ» ՊԻՏԻ ԳՈՅԱՏԵՒԷ՞, ԱՅԼ` ԱՐԴԵՕՔ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱ՞Յ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ ՆՄԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿՈՎ:
Անիկա կը տարածուէր Կասպից ծովէն մինչեւ Պալթեան ծով, կեդրոնական Եւրոպայէն մինչեւ Խաղաղականի Քըրիլ կղզիները, Սիպերիայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա: Անոր հիւլէական զինապաշարը կը հաշուէր 45 հազար հիւլէական ռմբաձիգներ, իսկ բանակը` 5 միլիոն զինուոր: Եւրոասիոյ տարածքին նման ուժ մը չէր յայտնուած այն ժամանակներէն, երբ մոնկոլները գրաւած էին Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիոյ մէկ մասը եւ Իրանեան բարձրաւանդակը, ապա արշաւած էին դէպի Միջին Արեւելք` կողոպտելով Պաղտատը: Այսուհանդերձ, երբ 1991-ի դեկտեմբերին քայքայուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, երկարգունդին վրայէն չքացաւ ամէնէն աղքատ եւ տկար կայսերական ուժը:
Ապա յայտնուեցաւ այլ ուժ մը: Պատմութեան մէջ երբեք նման պահ մը չէր արձանագրուած. երկիր մը երկրագունդը կը նուաճէր առանց որեւէ լուրջ մրցակիցի: Նոյնիսկ կարելի չէր բնորոշել այս երկիրը, որ աւելի մտային վիճակ մըն էր: «Գերուժ» (սուփըրփաուըր) եզրը արդէն կը գործածուէր, երբ երկու նման ուժեր գոյութիւն ունէին: Կարճ ժամանակ մը գործածուեցաւ «գեր-գերուժ» (հայփըրփաուըր) եզրը, սակայն չընդհանրացաւ: Որոշ ժամանակ մը որդեգրուեցաւ «միակ գերուժ» (սօլ սուփըրփաուըր) եզրը, սակայն այս ալ գոհացուցիչ չէր: «Մեծ ուժ» (կրէյթ փաուըր) եզրը, որ ժամանակին կոչումներուն գագաթնակէտն էր, այլեւս նուազ կշիռով եզր մըն էր. կը յիշեցնէր այն դարերը, երբ եւրոպական տարբեր երկիրներ եւ Ճափոն կ՛ընդարձակէին իրենց կայսրութիւնները: Ոմանք սկսան խօսիլ «միաբեւեռ» աշխարհի մը մասին, ուր բոլոր ճամբաները կը տանէին… Ուաշինկթըն:
Մինչեւ այսօր չենք ընկալած այն պահը, երբ խորհրդային կայսերական փտութիւնը, մասնաւորաբար` Ուաշինկթընի համար անսպասելի կերպով առաջնորդեց կայսերական փլուզումի: Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած կողմը կը թուէր ըլլալ աշխարհի մէջ ամէն բանի կայսրութիւնը: Կարծէք մարդկութիւնը միշտ ալ ուղղուած էր դէպի այս կէտը: Կը թուէր, թէ հասած էինք ճամբուն վերջը:
Վերջի՞ն Կայսրութիւնը
Կը թուէր, թէ գործընթաց մը վերջ գտած էր ասորեստանեան, հռոմէական, պարսկական, չինական, մոնկոլական, սպանական, փորթուգալեան, հոլանտական, բրիտանական եւ ճափոնական կայսրութիւններուն ծնունդէն եւ քայքայումէն ետք: Միացեալ Նահանգներ աշխարհի տիրական ուժն էին նախապէս աներեւակայելի ձեւով: Միայն հոլիվուտեան ժապաւէններու մէջ տեսած էինք, թէ ինչպէ՛ս չարանենգ մարդիկ բարձրաձայն կը ծիծաղէին` աշխարհին տիրելու իրենց ծրագիրները ի գործ դնելով:
Ամէն բանէ առաջ Միացեալ Նահանգներ համաշխարհային դրամագլուխի կայսրութիւնն էին: Խորհրդային ձեւի համայնավարութեան քայքայումով, ինչպէս նաեւ Չինաստանի մէջ համայնավար իշխանութեան կերպարանափոխումով, որուն համաձայն, երկիրը դարձաւ դրամատիրութեան ճամբան բռնած ինքնիշխան պետութիւն, Միացեալ Նահանգներէն զատ տնտեսական այլ օրինակ չկար: Գոյութիւն ունէին Ուաշինկթընի օրինակը, Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Աշխարհի դրամատան օրինակները, որոնք երկուքն ալ կը ղեկավարուէին Ուաշինկթընի կողմէ: Այլընտրանքը միւս ճամբան էր, զոր արդէն կտրած էր Խորհդային Միութիւնը, եւ շատ յստակ էր, թէ ո՛ւր կ՛առաջնորդէր` դէպի փտութիւն եւ քայքայում:
Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներ ունէին զինուորական աննախընթաց ուժ: Մինչ Խորհրդային Միութիւնը կը տատանէր, Ամերիկայի ղեկավարները շուրջ տասնամեակ մը շարունակ գիտակից կերպով «զինական մրցակցութեան» միջոցը կ՛օգտագործէին` իրենց հակառակորդը վայրկեան առաջ գերեզմանելու համար: Հետաքրքրական բան մը տեղի կ՛ունենար դարեր շարունակ կիրարկուած զինական մրցակցութիւններէ ետք. չէր մնացած մէկը, որուն հետ կարելի ըլլար մրցիլ: Միացեալ Նահանգներ առանձին շարունակեցին զինական մրցակցութիւնը:
Յաջորդ տարիներուն Միացեալ Նահանգներ պիտի գերազանցէին բոլոր միւս երկիրները կամ երկիրներու խումբերը` աներեւակայելի գումարներ ծախսելով զինական մարզին մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործէին աշխարհի ամէնէն հզօր զինագործարանները, երկիրը արհեստագիտական գետնի վրայ շատ աւելի յառաջադէմ էր, քան` որեւէ այլ պետութիւն, եւ կը շարունակէր զէնքեր կատարելագործել ապագայի համար, այսինքն` 2020-ի, 2040-ի, 2060-ի, նոյնիսկ, երբ գրեթէ մենաշնորհ մը հաստատած էր համաշխարհային զինական առեւտուրին մէջ եւ կ՛որոշէր, թէ ո՛վ պէտք էր լաւ զինուէր եւ ո՛վ լաւ չզինուէր:
Երկիրը ունէր խարիսխներու կայսրութիւն մը արտասահմանի մէջ. աւելի քան 1000 խարիսխ` աշխարհի տարբեր կողմերուն, ինչ որ աննախընթաց երեւոյթ էր: Նաեւ տիրական էր մշակութային առումով, դարձեալ` այնպիսի ձեւով, որ պատմական այլ պահերու հետ բաղդատութիւնը ծիծաղելի պիտի թուէր: Այնպէս ինչպէս Ամերիկայի զինագործարանները կ՛արտադրէին բաներ, որոնք գիշերը կը տեղային աշխարհի գլխուն, նոյնպէս ալ` Հոլիվուտի էքշըն եւ երեւակայական ժապաւէնները կը փոթորկէին աշխարհը: Այս ժապաւէններուն կողքին կար ՄքՏոնալտի, Նայքիի եւ անձնական համակարգիչներու համաշխարհային տարածումը. գոյութիւն չունէր որեւէ այլ մշակոյթ, որ կրնար բաժնել համաշխարհային մօտաւոր դիրք մը:
Այդ ժամանակներուն տնտեսական ոչ ամերիկեան ուժի կեդրոններ` Եւրոպայի եւ Ճափոնի զինուորական ուժը կախեալ էր Ուաշինկթընէն: Ամերիկեան խարիսխներ կը վխտային անոնց հողատարածքներուն վրայ: Այս երկիրները թառած էին Ուաշինթընի հիւլէական ամպհովանիին տակ: Զարմանալի չէր, որ Խորհրդային Միութեան քայքայումին յաջորդած պահը Միացեալ Նահանգներու մէջ հռչակուեցաւ «պատմութեան աւարտը», իսկ «ազատական ժողովրդավարութեան» յաղթանակը կամ «ազատութիւնը» պանծացուեցան այնպէս, կարծէք ապագայ գոյութիւն չունէր եւ միայն ներկան էր, որ օր մը աւելին պիտի մատուցէր:
Հետեւաբար զարմանալի չէր, որ այս նոր դարուն նոր պահպանողականները եւ անոնց զօրակցող բանգէտները սկսան ըսել, թէ Բրիտանական եւ Հռոմէական կայսրութիւնները երկրորդական մակարդակի կայսրութիւններ էին` բաղդատած ՄիացեալՆահանգներու: Զարմանալի չէր, որ Ճորճ Պուշի վարչամեքենային մէջ եւ անոր շուրջ գլխաւոր անձեր կ՛երազէին «Ամերիկեան խաղաղութիւնը» հաստատել Մեծն Միջին Արեւելքի տարածքին եւ հաւանաբար` ինքնին ամբողջ երկրագունդին (ինչպէս նաեւ Հանրապետական դաշինքը` երկրին մէջ): Անոնք կ՛երեւակայէին, թէ իրապէ՛ս պիտի կարենային կանխարգիլել յայտնութիւնը որեւէ այլ մրցակիցի մը կամ մրցակիցներու պլոքի մը, որ երբեւիցէ պիտի կարենար մարտահրաւէր ուղղել ամերիկեան ուժին դէմ:
Զարմանալի չէ, որ անոնք յատկանշականօրէն տատամսելու սակաւաթիւ պատճառներ ունէին, երբ իրենց անհամեմատօրէն հզօր զինուորական ուժը ի գործ դրին` Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց սկսած պատերազմները մղելու համար: Ի՞նչ բան կրնար ձախող ընթացք ունենալ, կը մտածէին անոնք: Ի՞նչ բան կրնար խափանել ընթացքը` պատմութեան մէջ երբեւիցէ յայտնուած մեծագոյն ուժին:
Կայսերական Պահուան Արժեւորումը`
21-րդ Դարու Ոճով
Խորհրդային Միութեան անհետացումէն գրեթէ քառորդ դար ետք յատկանշականը այն է, թէ որքա՛ն շատ կամ քիչ բան փոխուած է:
Որքա՛ն շատ բան փոխուած է. այս ճակատին վրայ կը տեսնենք հետեւեալը. Ուաշինկթընի զինուորական փառքի երազները ուշագրաւ արագութեամբ յօդս ցնդեցան Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ: Ապա` 2007-ին դրամագլուխներու մականցական կայսրութիւնը եւս ինք իր վրայ փուլ գալու նշաններ ցոյց տուաւ, երբ դրամական միաբեւեռ աղէտ մը սփռուեցաւ աշխարհի տարածքին: Ասիկա մտածել տուաւ, թէ արդեօք աշխարհի մեծագոյն ուժը իրականութեան մէջ այնքան ալ մե՞ծ չէ եւ կրնա՞յ ձախողիլ: Եւ ամէն ոք սկսաւ ըսել, թէ յանկարծ ինկած էինք «բազմաբեւեռ աշխարհի մը մէջ»:
Մինչ այդ, Մեծն Միջին Արեւելքը ինկաւ ցոյցերու, ապստամբութիւններու, քաղաքացիական պատերազմներու եւ քաոսի ստեղծած կացութեան մէջ: Ոչ ոք կը տեսնէր Ամերիկեան խաղաղութիւնը, մինչ Ուաշինկթընի հակակշիռին տակ Պաղ պատերազմի ոճ մը կը ցնցէր շրջանը` առանց տակաւին քայքայելու զայն: Երկրագունդին վրայ իր կամքը պարտադրելու Ուաշինկթընի կարողութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի անհաւատալի ցնորք մը կը թուէր ըլլալ, մինչ իւրաքանչիւր նախանշան, ինչպէս` ազգային դրամական հարստութեան արիւնահեղութիւնը` պատերազմներու յատկացուած միլիառաւոր տոլարի կորուստով, կ՛արտացոլէր ոչ թէ վերելք, այլ` հաւանական վայրէջք:
Իսկ որքա՛ն քիչ բան փոխուած է. եւրոպացիները եւ ճափոնցիները շարունակեցին մնալ ամերիկեան «ամպհովանիին տակ»: Անոնց հողատարածքները տակաւին լեցուն էին ամերիկեան խարիսխներով: Եւրոգօտիին մէջ պետութիւններ շարունակեցին իրենց շահարկումները կրճատել ՕԹԱՆ-ի մէջ, ինչպէս նաեւ` իրենց սեփական զինուորական կառոյցներուն: Ռուսիա կը շարունակէր պահել իր նկատառելի հիւլէական զինապաշարը, ինչպէս նաեւ` թէեւ թիւով նուազած, սակայն տակաւին հսկայական զինուորական ուժը: Այսուհանդերձ, անիկա «գերուժի» որեւէ յաւակնութիւններ ցոյց չէ տուած: Շրջանային այլ ուժեր տնտեսապէս մարտահրաւէր ուղղեցին միաբեւեռութեան դէմ: Կարելի է նշել Թուրքիան եւ Պրազիլը իբրեւ երկու օրինակներ: Սակայն անոնց մարտահրաւէրը զինուորական չէր, եւ ոչ մէկը առանձին կամ հաւաքաբար ցոյց տուաւ որեւէ տրամադրութիւն` կայսերական մակարդակով մրցելու Միացեալ Նահանգներու հետ:
Աշխարհի մէջ Ուաշինկթընի թշնամիներուն թիւը յատկանշականօրէն համեստ էր (թէեւ վիթխարի համեմատութիւններով ուռճացուած էր ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ): Անոնց շարքին էին շրջանային քանի մը տկար ուժեր (Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա), քանի մը ապստամբ փոքրամասնութիւններու եւ իսլամական «ահաբեկչական» համեմատաբար փոքր խմբաւորումներ: Այլապէս աշխարհի վրայ իբրեւ ուժի չափանիշ` հազիւ քանի մը երկիրներ իրենց սահմաններէն դուրս ունէին զինուորական հազիւ քանի մը խարիսխներ:
Նման պայմաններու մէջ աւելի տարօրինակ բան չէր կրնար պատահիլ, քան` հետեւեալը. աշխարհի միակ գերուժը իր ամբողջական հզօրացումի պահուն, աւեր սփռող իր զինուորական ամբողջ կարողականութեամբ եւ կատարելագործուած արհեստագիտութեամբ, չէր կրնար յաղթել պատերազմ մը` նուազագոյն չափով զինուած հայդուկային խումբերու դէմ: Աւելի ուշագրաւը այն էր, թէ որեւէ տեղ լուրջ ընդդիմադիրներ չունենալով` կը թուէր, թէ Միացեալ Նահանգներ ոչ թէ աւելի կը հզօրանային, այլ` կը գահավիժէին: Անոնց ենթակառոյցները կը փտէին, բնակչութիւնը տնտեսական քայքայում մը կ՛ապրէր, հարստութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի անհաւասար կը բաժնուէր, Ներկայացուցչական տան բարեփոխութիւնը անկարելի կը թուէր, մինչ դրամն ու ուժը կը ներծծուէին դէպի ազգային անվտանգութիւն: Ուշ կամ կանուխ կը քայքայուին բոլոր կայսրութիւնները, սակայն տուեալ պահը իրապէ՛ս հետաքրքրական էր:
Ապա անշուշտ կար Չինաստանը: Երկրագունդին վրայ մարդկային բնակութեան վերջին քանի մը հազար տարին նկատի ունենալով, արդեօք կարելի՞ է հարցականի տակ առնել, թէ Չինաստան պիտի ըլլա՞ր այն ուժը, որուն կարելի պիտի ըլլար մարտահրաւէր ուղղել, եւ որ ուշ կամ կանուխ պիտի դառնար ներկայի գլխաւոր տիրական ուժը: Կարգ մը գնահատումներու համաձայն, մինչեւ 2030 Չինաստան պիտի գերազանցէ Միացեալ Նահանգները իբրեւ աշխարհի գլխաւոր տնտեսութիւնը ունեցող երկիրը:
Կը թուի, թէ ներկայիս նախագահ Օպամայի վարչամեքենան կը գործէ ճիշդ այս ենթադրութեամբ: Ասիան «վերահաւասարակշռելու» իր լաւ ծանուցուած արշաւով` անիկա կը փորձէ «խեղդել» այն երկիրը, որ կրնայ դառնալ յաջորդ գերուժը: Այսուհանդերձ, թէեւ Չինաստան իրապէ՛ս կը զօրացնէ իր զինուորական ուժը եւ մարտահրաւէր կ՛ուղղէ Խաղաղականի իր դրացիներուն, սակայն ոչ մէկ նշան կայ այն գծով, թէ երկրին ղեկավարութիւնը պատրաստ է համաշխարհային մարտահրաւէր մը ուղղելու Միացեալ Նահանգներու դէմ, ոչ ալ նման մարտահրաւէր մը ուղղելու կրնայ ձեռնարկել նախատեսելի ապագային: Չինաստանի ներքին հարցերը` օդի ապականութենէ մինչեւ քաղաքական խռովութիւններ, այնքա՛ն գերակշիռ են, որ դժուար է երեւակայել, թէ Չինաստան մինչեւ 2030 կամ աւելի երկար ժամանակով ներգրաւուած պիտի չմնայ իր ներքին հարցերուն մէջ:
Կար Ու Չկար Երկրագունդ Մը Կար
Զինուորական, մշակութային եւ նոյնիսկ որոշ չափով տնտեսական առումով` Միացեալ Նահանգներ իբրեւ կայսրութիւն զարմանալիօրէն կը շարունակեն առանձին մնալ երկրագունդին վրայ, նոյնիսկ, երբ իրերը հազուադէպօրէն կ՛ընթանան Ուաշինկթընի ծրագիրներուն համաձայն: Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, թէ ինչպէ՛ս ամերիկեան տիրական ուժը եւ անոր նահանջը կ՛ընթանան ձեռք ձեռքի, իսկ նահանջը ուշագրաւ կերպով մեծ մասամբ արդիւնք է ինքնակործանումի:
Այսուհանդերձ մեր դիմաց ունինք իրական եւ նոյնիսկ հակասական կարելիութիւն մը. 1990-ական տարիներու «միաբեւեռութեան» պահը խորքին մէջ իրապէ՛ս պատմութեան վախճանական պահը կրնայ ըլլալ: Այսինքն` կարելի՞ է ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներ վերջին կայսրութիւնն են, այնպէս ինչպէս մարդկութիւնը հազարամեակներէ ի վեր ճանչցած է պատմութիւնը իբրեւ կայսրութիւններու ծնունդին եւ քայքայումին ամբողջութիւնը: Արդեօք գոյութիւն պիտի չունենա՞յ յաջորդ կայսրութիւն մը, որովհետեւ` խոր մակարդակի վրայ բան մը փոխուած է կայսրութիւններ կերտելու ոլորտին մէջ: Մէկ բան հետզհետէ յստակ կը դառնայ. ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուի կայսերական Ամերիկան, մարդկութեան ապագային մէջ շատ աւելի ճակատագրական բան մը բռնած է քայքայումի ընթացքը. անշուշտ խօսքը կը վերաբերի ինքնին երկրագունդին:
Դրամատիրութեան օրինակը, որ գոյութիւն ունեցող միակ օրինակն է հզօրացող որեւէ երկրի համար, ինչպէս` Չինաստան, Հնդկաստան կամ Պրազիլիա, նաեւ օրինակն է մեր երկրագունդին քայքայումին, հաւանաբար` գահավիժող թափով: Ինքնին յաջողութեան սահմանումը, այսինքն` աւելի մեծաթիւ միջին դասակարգի սպառողներու եւ ինքնաշարժի տէր աւելի մեծ թիւով անձերու գոյութիւնը, որ կը նշանակէ բրածոյ վառելանիւթերու յաւելեալ սպառում եւ դէպի օզոնի խաւը բարձրացող յաւելեալ կազերու արտանետում, նաեւ սահմանումն է ձախողութեան, ինչ որ ցարդ աներեւակայելի էր: Որքան աւելի մեծ որակուի «յաջողութիւնը», նոյնքան աւելի դաժան երաշտներ պիտի տիրեն, աւելի ահեղ մրրիկներ պիտի փոթորկին, կլիման աւելի խիստ պիտի ըլլայ, ծովերուն մակարդակը աւելի պիտի բարձրանայ, ջերմաստիճանը աւելի պիտի տաքնայ, քաոսը աւելի համատարած պիտի դառնայ արեւադարձային երկիրներու մէջ, ձախողութիւնը շատ աւելի խոր պիտի ըլլայ: Հարցումը հետեւեալն է. արդեօք ասիկա վերջ մը պիտի դնէ՞ պատմութեան նախկին կրկնօրինակներուն, ներառեալ` մինչեւ այսօր մեզի համար նախատեսելի յաջորդ մեծ ուժի մը, յաջորդ կայսրութեան մը ծնունդին: Արդեօք նոյնիսկ կարելի՞ է պատկերացնել կայսերական հսկայութեան յաջորդ հանգրուանը` հետզհետէ վատթարացող պայմաններու մէջ թաւալող երկրագունդին վրայ:
Իւրաքանչիւր գործօն, որ բնականաբար պիտի առաջնորդէր «մեծութեան», այժմ կ՛առաջնորդէ համաշխարհային անկումի: Այս գործընթացը, որ աւելի անարդար չէր կրնար ըլլալ որեւէ երկրի նկատմամբ, քան` այն երկիրներուն, որոնք աւելի ուշ ապրած են իրենց ճարտարարուեստական եւ սպառողական յեղափոխութիւնները, նոր իմաստ մը կու տայ «աղէտալի դրամատիրութիւն» եզրին:
Օրինակ` Չինաստան, որուն ղեկավարները Մաոյի օրինակը իրենց ետին ձգելով` դիմեցին ամէնէն բնական քայլին. անոնք իրենց երկրին ապագայի տնտեսութիւնը հիմնեցին Միացեալ Նահանգներու օրինակին վրայ, այսինքն` յաջողութեան վրայ, այնպէս, ինչպէս կը սահմանուէր «յաջողութիւնը»: Հակառակ աւանդական եւ համայնավարական յեղափոխական աւանդոյթներու, անոնք որոշեցին, թէ աշխարհի մէջ ուժ դառնալու համար պէտք էր ինքնաշարժ արտադրէին (ասիկա կը նշանակէր, թէ իւրաքանչիւր անձ պէտք էր ինքնաշարժ վարէր), ինչ որ պիտի դառնար ապագայ դրամատիրական Չինաստանի մը սիւնը: Չինացիք կը մտածէին, որ եթէ այս մէկը արդիւնք տուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա կրնար արդիւնք տալ նաեւ իրենց երկրին մէջ: Կարճ ժամանակի մէջ այս երազը դարձաւ իրականութիւն, դրամատիրութեան հրաշքը տեղի ունեցաւ, եւ Չինաստան հզօրացաւ:
Այսուհանդերձ, այս ընթացքը նաեւ ճամբան էր զանգուածային ապականութեան, կենսոլորտի փճացումի եւ ցարդ աննախընթաց համեմատութեամբ բրածոյ վառելանիւթերու արտանետումին` դէպի օզոնի խաւ: Եւ միայն Չինաստանը չէ խնդրոյ առարկան: Միեւնոյնն է, երբ կը խօսինք այս երկրին մէջ վառելանիւթի անյագ սպառումին մասին, ներառեալ` անոր ապագայի «ածուխի ռումբերու» արտանետումներուն, կամ` ծայրայեղ միջոցներով վառելանիւթի արտադրութեամբ (ժայռերը ճեղքելով, կուպրով լեցուն աւազը զտելով, ծովուն յատակը փորելով) ամերիկեան նահանջը կասեցնելու կարելիութեան: Նման միջոցներ, որքան ալ անմիջական վնաս կը պատճառեն շրջապատի կենսոլորտին, կրնան նոյնիսկ Միացեալ Նահանգները վերածել «նոր Սէուտական Արաբիոյ»: Իսկ այս մէկը, իր կարգին, կրնայ շատ աւելի փճացնել երկրագունդը եւ զայն շատ աւելի լայն տարողութեամբ առաջնորդել քայքայումի:
Հապա՞, եթէ 21-րդ դարուն վերելք կը նշանակէ վայրէջք: Հապա՞, եթէ միաբեւեռ պահը վերածուի մոլորակային պահու մը, երբ նախապէս անջատ կայսերական իրադարձութիւններ, այսինքն` կայսրութիւններու ծնունդը եւ քայաքայումը միաձուլուին աղէտալի հոլովոյթի մը մէջ:
Հապա՞, եթէ մեր ժամանակներու պատմութիւնը այս է. կար ու չկար, երկրագունդ մը կար, եւ անիկա կ՛իյնար վար:
* Թոմ Էնկըլհարթ հիմնադիրներէն է «Ամերիքըն էմփայր փրոճեքթ» մատենաշարին, որուն նիւթերը կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան կայսերապաշտ եւ ծաւալողապաշտ ոտնձգութիւններուն: Էնկըլհարթ հեղինակն է «Տը Եունայթըտ Սթէյթց աֆ ֆիր էզ ուել էզ է հիսթըրի աֆ Քոլտ ուոր» եւ «Տի էնտ աֆ վիքթըրի քալչըր» գիրքերուն:


