Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. «Մեսիայի Բարդոյթ» Կամ` Մշակութային Բախում

July 12, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ԵՐԳԻԾԱԲԱՆ ՌԱՍԸԼ ՊՐԱՆՏ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷՐ «ՎԻՐԱՀԱՏԵԼ ԿՐՕՆԸ»` ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ: ԱՆ ԻՐ ՆՈՐ «ՄԵՍԱՅԱ ՔՈՄՓԼԵՔՍ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷՐ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՂՕԹԱՎԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ` ԿԱՐԳ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ», «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԵՒ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԵՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱԿԱՄԷՏ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ:

Ռասըլ Պրանտ կը ծրագրէր այս օրերուն այցելել Միջին Արեւելքի «թէժ վայրերը» եւ վիճայարոյց նոր կատակերգութիւն մը ներկայացնել` կրօնական հաւատքը վիրահատելու համար մզկիթներու եւ հրէական ժողովատուներու մէջ:

Իր բացայայտ ակնարկութիւններով տխրահռչակ աստղը կը յուսար «Մեսայա քոփլեքս»-ը (Մեսիայի բարդոյթը) ներկայացնել Իսրայէլի, Լիբանանի, Պաղեստինի մէջ, որեւէ տեղ, ուր առիթ պիտի տրուէր իրեն առանց գրաքննութեան ներկայացնելու զայն:

Շրջապտոյտը պիտի սկսէր օգոստոսին` Ապու Տապիի մէջ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ երկու ներկայացումներէ ետք Պրանտ պիտի ուղղուէր Պէյրութ, ուր իր գործը պիտի ներկայացնէր 9000 աթոռ հաշուող Պիելի մէջ:

Պրանտ ջնջեց Միջին Արեւելքի իր ներկայացումները, երբ տեղեկացաւ, թէ իր ապահովութիւնը երաշխաւորուած չէր:

«Շրջապտոյտը ջնջուեցաւ ծայրայեղականներու սպառնալիքներուն պատճառով: Հանդիսավայրին պատասխանատուները կապ հաստատեցին մեզի հետ եւ ըսին, թէ չէին կրնար երաշխաւորել մեր ապահովութիւնը», կը բացատրէ Պրանտ:

Էսեքս ծնած 38 տարեկան երգիծաբանը կը խոստանար «վիրահատել ընկերային եւ կրօնական տարբեր դէմքեր, ինչպէս նաեւ` անոնց կեանքին իրականութիւնը, բաղդատութիւններ կատարելով անոնց միջեւ»:

«Մեսայա քոմփլեքս» կը վերլուծէ «մտային այն խանգարումը, որուն համաձայն, մէկը կրնայ մտածել, թէ ինք մեսիան է: Արդեօք Յիսուս կը տառապէ՞ր այս խանգարումէն: Իսկ Չէ Կեւարա՞ն, Կանտի՞ն, Մալքոլմ Է՞քս, Հիթլե՞ր: Այս բոլորը ձեւաւորած են մեր կեանքը եւ իրենց ներգործութիւնը ունեցած են մեր մտածողութեան վրայ», կը շարունակէ ան:

«Աշխարհը պիտի շրջիմ «Մեսայա քոմփլեքս»-ով, վրդովմունք եւ խանդավառութիւն պատճառելով, յայտնելով կարծիքներ, որոնք ցարդ չեն լսուած կամ որոնց մասին լաւ չէ մտածուած»:

«Անշուշտ ելոյթներ պիտի տամ նաեւ անգլիախօս երկիրներու մէջ, ինչպէս` Բրիտանիա, Իրլանտա, Միացեալ Նահանգներ, սակայն նաեւ` Սկանտինաւիոյ, Ռուսիոյ, Իսրայէլի, Լիբանանի, Պաղեստինի մէջ,- ըսած էր ան:- Որեւէ տեղ, ուր մարդիկ պիտի ընդունին, որ անկեղծ վարուիմ, եւ ուր մարդիկ հանգիստ կը զգան խօսքի ազատութեամբ»:

Պրանտ անցեալ ամիս կը խոստանար աշխարհի տարածքին ելոյթներ ունենալ ոչ միայն թատերասրահներու մէջ, այլ նաեւ` «բանտերու, թմրեցուցիչի գործածութեան դարմանումի կեդրոններու, ընկերային ցանցերու, համալսարաններու, ազգայնական կազմակերպութիւններու կեդրոններու, մզկիթներու, գրաւուած բնակարաններու, ցոյցի վայրերու, հրէական ժողովատուներու եւ մարդոց անձնական բնակարաններուն մէջ»:

Պրանտ հաւանաբար ընդդիմութեան պիտի հանդիպէր նաեւ Իսրայէլի մէջ, ուր ժամանցի ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներ կոչ ուղղած են պոյքոթի ենթարկել կառավարութիւնը` պաղեստինցիներու նկատմամբ անոր վատ վերաբերումին դէմ իբրեւ բողոք:

«Եթէ ան Միջին Արեւելքի շուկային յարմար ներկայացումով մը շրջապտոյտի չձեռնարկէ, չեմ հաւատար, որ կրնայ յաջողիլ, ոչ ալ կրնամ պատկերացնել, թէ իշխանութիւնները ի՛նչպէս պիտի ընդունէին զինք», կ՛ըսէ Միջին Արեւելքի մէջ արեւմուտքցի կատակաբաններու ելոյթներ կազմակերպած «Տոն իվենց» ընկերութեան մէկ պատասխանատուն:

«Շատ պիտի զարմանայի, եթէ արուեստագէտը ի՛նք հանգիստ զգար իր ներկայացումը Միջին Արեւելք բերելով», կ՛աւելցնէ ան:

Պրանտ կ՛ըսէ, թէ կազմակերպիչները զգուշաւոր կեցուածք ցուցաբերած են հաւանաբար նաեւ ներկայացումին վերնագիրին եւ որմազդին պատճառով, որ` «զիս կը պատկերէ քիչ մը Քրիստոսի պէս», վիզէն կրօնական եւ առեւտրական ընկերութիւններու խորհրդանշաններ կախած:

Շարժապատկերի աստղ եւ հեղինակ Պրանտ թատերական իր շրջապտոյտը կը նուիրէ «այն չորս տղամարդոց, որոնք իր նիւթն են. Չէ Կեւարա, Կանտի, Մալքոմ Էքս եւ Յիսուս: Գիտեմ, թէ ա՛յս էր պահանջուածը: Եթէ ա՛յս է աշխարհին վերջը, ապա խնդալով կ՛ուզեմ հեռանալ», կ՛ըսէ ան:

Ապա կը վիճի. «Անոնց պատկերները սովորաբար կը ներկայացնեն գաղափարներ, որոնք յաճախ ոչ մէկ կապ ունին իրենց հետ: Կանտի պիտի քաջալերէ՞ր «Ափըլ» համակարգիչները: Չէ Կեւարա պիտի զօրակցէ՞ր Մատոնայի: Իսկ Յիսուս պիտի ընդունէ՞ր քրիստոնէութիւնը»:

«Բոլոր մեծ մարդիկը սխալական են: Բոլորս սխալական ենք: Սխալական անձերը մեծութեան ատակ են: Իսկ իւրաքանչիւր կուռքի ետին կը գտնուի անանուն անձերու բազմութիւն մը, որ կը ղեկավարէ զայն եւ կը կրէ անոր ծանրութիւնը: Այս ներկայացումը կը քննէ հերոսներու կարեւորութիւնը ներկայ անաստուածութեան դարուն: Եւ անշուշտ յայտնապէս կայ նաեւ սեռայինը»:

Պրանտ կրօնական հանդուրժողութեան կոչ ուղղեց Վուլուիչի մէջ ծայրայեղ իսլամական կասկածելիի մը կողմէ Տրամըր Լի Ռիկպիի սպանութեան յաջորդող օրերուն: «Երբ իսլամութիւնը կը կիրարկուի բնական անձերու կողմէ, անիկա բրտութեան ջատագովութիւն չէ,- գրեց ան:- Սպաննողները կ՛ուզեն, որ զայրացած հայրենասէրներ սկսին սրբապղծել իրենց մզկիթները եւ տարածել բրտութիւնը: Որքա՛ն ապարդիւն պիտի ըլլան անոնց ճիգերը, եթէ փոխարէնը ծաղիկներ զետեղենք մէկզմէկու սրբավայրերուն առջեւ»:

Պրանտ «Մեսայա քոմփլեքս»-ի շրջապտոյտին ձեռնարկած է 12 յունիսին` Շիքակոյի մէջ: Ան Բրիտանիա պիտի հասնի օգոստոսին եւ ներկայացումներու իր շրջապտոյտը պիտի աւարտէ 9 դեկտեմբերին` Իսլանտայի մէջ:

(Համադրաբար)

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քաթմանտուի Երգող Մայրապետը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակի Փառաշուք Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.