
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 յուլիսին, Յորդանանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական լողարշաւի 11-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ, շնորհաւորելով մրցանակակիրները, անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: Ան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի անունով անոնց ըսաւ, որ այս ախոյեանութեան անոնք յաջողեցան բարձր պահել Լիբանանի անունը:
Լիբանան այս ախոյեանութեան տիրացաւ 28 մետալի (5 ոսկի, 12 արծաթ եւ 11 պրոնզ) եւ խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ հանդիսացաւ 6-րդ` 14 երկիրներու մէջ:


