Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, աւարտեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ վերոնշեալ ակումբին փակ դաշտերուն վրայ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 345 երկսեռ խաղացողներ, որոնք մաս կը կազմեն ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած 17 ակումբներու:
Փոքր աղջկանց մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Ճենիֆըր Խայյաթ հանդիսացաւ երկրորդ` Լեթիսիա Ազարի ետին (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա):
Իսկ տղոց կրտսերներու մրցաշարքին, Քրիս Եմճեան (Շեպիպեթ Մասիհիեհ) հանդիսացաւ առաջին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


