Երէկ, Թայփէի մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի պասքեթպոլի միջազգային բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երկու կէտի տարբերութեամբ` 64-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եգիպտոսէն: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-19, 30-28, 48-45 եւ 64-62:
Լիբանանէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 10 կէտ եւ 7 ռիպաունտ, Ալի Հայտար` 12 կէտ, մինչ Նետիմ Սայիտ եւ Ալի Մահմուտ նշանակեցին 11-ական կէտ, իսկ Ալի Քանաան` 13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:
Ցարդ իր կատարած հինգ մրցումէն Լիբանան արձանագրած է միայն երկու յաղթանակ եւ կրած` երեք պարտութիւն:
Այսօր հանգիստի օր է:
Վաղը, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 8:00-ին, Լիբանան կը մրցի Յորդանանի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքը կ՛աւարտի կիրակի, 14 յուլիսին:


