Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Արխիւներու Թուայնացման Աշխատանքները Աշխուժ Թափով Կ’ընթանան

July 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 մարտին բացումը կատարուեցաւ  «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին, որուն հիմնադրութեան նպատակն է ամբողջական արխիւները թուայնացնել եւ առիթ տալ գրասէրներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն «Ազդակ»-ի յարկին տակ իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարելու:

Ուսումնասիրութեան կեդրոնին աշխատանքներուն լծուած է Թալին Գալայճեան, որ մասնագիտական կերպով կը տանի գործը. ան տարբեր համալսարաններու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի, Զմմառու վանքի եւ Հալէպի  ձեռագիրներու թուայնացումը կատարած է: Ան 10 տարի աշխատած է «Էյչ. Էմ. Էմ. Էլ.»  յատուկ հաւաքածոներուն գրադարանին մէջ, որ հին ձեռագիրներու թուայնացման գործունէութիւն կը տանի:

«Ազդակ»-ի արխիւներու թուայնացումը պիտի անցնի 3 հանգրուաններէ:  Առաջինը`  թերթերու լուսանկարչութեան հանգրուանն է, ուր էջ առ էջ պիտի նկարուին թերթերը եւ այս աշխատանքը պիտի տեւէ նուազագոյնը 6 ամիս: Երկրորդ հանգրուանը պիտի ընդգրկէ թեքնիք աշխատանքը, այսինքն` լուսանկարներուն ուղղութիւնը շտկել, կտրել  եւ վերանուանել: Վերանուանումը պիտի դիւրացնէ ուսումնասիրողին գործը, որ պարզապէս իր փնտռած թերթի տարեթիւը եւ էջը դնելով փնտռտուքի յատուկ բաժինին մէջ պիտի յաջողի գտնել զայն: Երրորդ հանգրուանը կը նախատեսէ որոնելի դարձնել այս արխիւները յատուկ ծրագիրի մը միջոցով, եւ ուսումնասիրողը պիտի կարենայ յօդուածի մը վերնագիրը կամ յօդուածագիրին անունը դնելով իր փնտռտուքը կատարել: Այս արխիւները պիտի պահուին տի. վի. տի.ներու եւ հարտ տիսքի վրայ` իւրաքանչիւր տարին մէկ տի. վի. տի.ի վրայ:

Այս աշխատանքը կը դիմագրաւէ տարբեր դժուարութիւններ. Կան թերթեր, որոնք չորնալու սկսած են եւ էջերը կը փտտին թերթատելու ընթացքին: Աւելի ուշ, նորոգութեան աշխատանք ալ պիտի կատարուի: Կայ նաեւ այլ հարց մը ` կարգ մը էջեր մինչեւ ծայր չեն բացուիր եւ այդ պատճառով վերջին սիւնակի բառերը անընթեռնլի կը մնան: Տակաւին կայ այլ հարց մը, որ տարբեր պատճառներով «Ազդակ»-ի կարգ մը արխիւներ չկան մեր տրամադրութեան տակ: Կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որպէսզի անոնք, որոնք հետեւեալ թուականներու` 1928, 1930, 1931, 1932, 1936, 1940, 1944 «Ազդակ»-ներ ունին կապուին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն: Թիւերը կրնանք նկարահանել եւ վերադարձնել բնագիրները:

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Քլասիքոյի Առաջին Մրցումը` «Նու Քամփ»-ի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.