Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ թիւ 10 մարզաշապիկով, կը գրէ ArmFootball.com-ը:
«Նոր տարեշրջան, նոր մարզաշապիկ: Անհամբեր կը սպասեմ յառաջիկայ տարեշրջանին, Սպարտակի կազմին հետ դաշտ ներկայանալ թիւ 10 մարզաշապիկով», ըսած է Եուրա:
Մովսիսեան, որ նախապէս կը կրէր թիւ 12 շապիկը, այժմ պիտի կրէ Արտեոմ Ճուպանի կրած թիւ 10 շապիկը. վերջինս տեղափոխուեցաւ Ռոսթով:


