Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնուականութեան Ապացոյցը (Գըլպաշեան Ընտանիքին)

July 10, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Լիբանանահայ գաղութը եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բազմանդամ ընտանիքը ցնծութեան եւ գոհունակութեան օրեր ապրեցան ի լուր եւ ի տես ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան»-ի նորակառոյց շէնքին:

Տարիներու երազուած ծրագրի մը իրականացումն էր այս, որ յաջողեցաւ շօշափելի իրագործում դառնալ` շնորհիւ Գըլպաշեան ազնուազարմ ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեան:

«Ազդակ»-ի 6 յուլիս 2013-ի համարի էջերուն մէջ արձանագրուած են յիշեալ կառոյցին իրագործման մասին պատմական թէ գնահատանքի յօդուածներ, վկայութիւններ` ԼՕԽ-ականներու եւ այլ ազգայիններու գրիչով: Կիրակի, 7 յուլիս 2013-ի կէսօրուան ժամերէն մինչեւ երեկոյ, կատարուեցաւ բացման արարողութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, պետական թէ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ականներու: Պաշտօնական այս հանդիսութեան մասին կարդալ «Ազդակ»-ի 8 յուլիս 2013-ի համարը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանող՝ ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Թազեան

1970-ական թուականներու սկիզբէն կը սկսի Գըլպաշեան ընտանիքի, Յակոբ, Վահէ եւ Ալիս Գըլպաշեաններուն նուիրած հողաշերտով, Պուա տը Պոլոնիայի հովասուն սարահարթին վրայ, վասն կառուցմանը ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի: Բոլորս ալ գիտենք Լիբանանի ապրած վերջին 40 տարիներու անորոշ, ռազմական եւ տեղաշարժային կացութիւնը, որով ուշացաւ այս յոյժ կենսական ծրագրի իրագործումը: Կը սպասուէր ձեռնտու ժամանակաշրջանի: Վերջապէս Այնճարը եղաւ ընդունելի եւ յարմարաւէտ վայրը կառուցելու կազդուրման կայանը:

Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեաններու որդիները` Յակոբը, Վահէն եւ Ալիսը ստանձնեցին շէնքին կառուցման ծախսերը` կէս միլիոն տոլարի ներդրում մը, վասն նորագոյն սերունդի առողջ եւ հայաշունչ կազմաւորման: Սա ինքնին հիանալի եւ պատմական իրագործում մըն է մեծատուն տոհմի մը ՏԱԼՈՒ արժանիքին: Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեաններ անժամանակ հեռացած են իրենց ընտանեկան օճախէն: Օրիորդ Ռոզ Մխճեան-Բեւեռին ներկայութիւնը ծնողազուրկ այս ընտանիքին մէջ եղաւ մայրական գուրգուրոտ սիրտ մը, որ կրնար ստանձնել Արաքսի Մխճեանին հարազատ քոյրը: Մօրաքոյր մը` մայրական նուիրումով:

Յակոբին բախտաւորութիւնը Թալինի հետ` եղաւ նորագոյն ծաղկումը Գըլպաշեան ընտանիքին: Թալին օժտուած համալսարանական բարձրագոյն գիտական ուսումով` ծառայեց ԼՕԽ-ին յաջորդական չորս տարիներ, իբրեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի: Այնուհետեւ սիրոյ եւ նուիրումի յաւելեալ զգացողութեամբ պարուրուած Գըլպաշեանները չէին կրնար յետաձգել ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի կառուցումը: Այժմ իրագործուած է ՈՒԽՏԸ: 40 տարիներու յապաղումով իրագործուած այս պատմական նուիրաբերումին մեղքը կը վերաբերի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ անոր ցարդ երկարաձգուած անհամ վիճակին:

Այնճար. մօտ 75 տարիներու պատմութիւն ունեցող հայկական այս գիւղաքաղաքը իր դալարագեղ բնութեամբ, արեւաշող մթնոլորտով, հայադրոշմ դիմագիծով կրնար ըլլալ լաւագոյն կեդրոնը մեր նորագոյն սերունդին պարգեւող «առողջ միտք եւ առողջ մարմին»:

Օմայատներու պատմական բերդին շուքին, հայու քրտինքով ծաղկած մրգաստաններու համին ու բոյրին արբեցողութեամբ, այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի քան 100-150 հայածին զաւակներ ընդգրկել արդիական այս կառոյցին մէջ, ամառնային արձակուրդի եղանակին: Բարիք մըն է այս անգնահատելի չափանիշով:

Սիրելինե՛ր Յակոբ եւ Թալին, ձեր ազնիւ հիւրընկալութիւնը վայելած էի պատերազմի թէժ տարիներուն, երբ «Ազդակ»-ի խմբագիրները փակուած կը մնային արեւմտեան Պէյրութի խմբագրատան մէջ: Անձնապէս ամիսներ շարունակ զիս նկատեցիք ձեր ընտանիքի մէկ անդամը: Ձեր մօրաքրոջ` Ռոզ Բեւեռին անսահման գուրգուրանքը մամուլի ներկայացուցիչի մը նկատմամբ: Լուռ երիտասարդներ էիք դուն եւ եղբայրդ` Վահէն: Ակնյայտ էր ազգասիրական ձեր հոգեբանութիւնը, եւ հաւատքով կը սպասէիք Լիբանանի չար օրերու աւարտին: Դուք մնացիք Լիբանանի մէջ, ծառայեցիք մեր ժողովուրդին` առանց աղմուկի: Լռութիւնը ձեր գերբնական ուժն էր: Ազնուազարմ գերդաստանի մը շառաւիղներն ըլլալով` կը մնայիք պատնէշի վրայ: Այժմ հանրայայտ է այդ ամէնը, յանուն մեր ժողովուրդին, մեր գաղութին պայծառակերպութեան:

ՏԱԼ գիտնալու արուեստը մեծահոգի ծնունդներուն արժանիքն է:

ՏՈՒԻՔ` ըստ քրիստոնէական եւ հայկական հաւատքին ընդառաջ: Տուիք առատ եւ զուարթ` իբրեւ հետեւորդները երկնային պատգամին: Հետեւաբար աւարտեմ այս գիրը հետեւողութեամբ Սուրբ Գրային խօսքին. «Առատ ու զուարթ տուողը կը սիրէ Աստուած»:

 

 

Նախորդը

Նախ Արձանագրութիւններից Հրաժարուէք

Յաջորդը

«Ռոնալտօ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Աւարտէ Ռէալ Մատրիտի Հետ» Ըսաւ Փերես

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.