Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մալքարայի Հայոց Գերեզմանատունը Գինետունի Կը Վերածուի

July 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի 2 յուլիսի թիւին մէջ Էմրէ Էրթանի լոյս ընծայած «Մալքարայի հայոց գերեզմանատունը գինետունի կը վերածուի» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը հաղորդուի, որ Թեքիրտաղ-Մալքարայի քաղաքապետութեան աճուրդի հանած Մալքարայի հայոց գերեզմանատունը շահած է տեղւոյն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարչականներէն Տեմիրալի Փալա, որ զայն պիտի վերածէ սրճարանի, գինետան եւ գիշերային զբօսավայրի:

Այս նիւթին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն տուած է լրագրող-ուսումնասիրող Իւմիթ Պայազօղլու, ըստ որու, Մալքարայի հայկական համայնքէն այսօր մնացած է միմիայն փլատակ Ս. Թորոս եկեղեցին եւ թալանուած գերեզմանատունը` աւելցնելով, որ մինչեւ 70-ականներու աւարտը եկեղեցին վարձու կը տրուէր իբրեւ շարժապատկերի եւ հարսանիքի սրահ, ապա 80-ական եւ 90-ականներուն անիկա գործածուեցաւ իբրեւ արմտիքի շտեմարան, իսկ վերջին տասը տարիներուն ամբողջովին լքուեցաւ փլուզումի ենթարկուելու. ան նշեց, որ փլուզումը արագացնելու համար եկեղեցւոյ տանիքը քանդեցին, այդ պատճառով ալ ձիւնն ու անձրեւը կը տեղային եկեղեցւոյ ներքնամասը. այժմ մնացած է միայն չորս պատ:

Ինչ կը վերաբերի հայոց գերեզմանատան, Պայազօղլու ըսաւ, որ 50-ական եւ 60-ականներուն անիկա տակնուվրայ եղաւ գանձ փնտռողներու կողմէ, յետոյ քաղաքապետարանին հրահանգով շիրմաքարերը տեղահանուելով գործածուեցան իբրեւ կոյուղիներու կափարիչ:

Պայազօղլու հետեւեալ ձեւով ներկայացուց այժմու վիճակը. «Անցեալ շաբթուան այցելութեանս ժամանակ տեղեկացայ, որ քաղաքապետութեան կողմէ աճուրդի հանուած գերեզմանատունը շահած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանի վարչականներէն Տեմիրալի Փալա` զայն վերածելու համար սրճարան-գինետուն-գիշերային զբօսավայրի մը եւ արդէն սկսած է պեթոնապատելու ծրագրած համալիրը. իսկ շինարարութեան համար պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած ոսկորներն ու քարերը նետուած էին աղբանոց»:

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստան Ժամանած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Սնոուտընի Նախահայրերը

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։