Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն Լէոնարտոյի կախակայումը 13 ամիսով երկարաձգուեցաւ: Ան այսպիսով կախակայուեցաւ մինչեւ 30 յունիս 2014:
Ան նախորդ մայիսին Վալանսիենի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1) փորձեց յարձակիլ իրաւարար Ալեքսանտր Քասթրոյի վրայ` Փարք տը Փրենսի դաշտին վրայ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի մրցումին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ախոյեանէն խլուեցաւ նաեւ երեք կէտ:


