Նախորդ ամիս Սհեն Տու (Չինաստան) մեկնեցան միջազգային ախոյեան եւ մարզիչ Աւետիս Սերոբեան եւ Վիգէն Տեմիրճեան` իրենց մասնակցութիւնը բերելու աշխարհի Թայ Չի Չուան Քլասիք 2013-ին, բնականաբար ներկայացնելով Լիբանանը:
Ասիկա անոնց համար աւելի եղաւ մարզիչի մարզումի բանակում մը` յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար Թայ Չի Չուանի մասին, ինչ կը վերաբերի 2020-ի ողիմպիականի խաղերուն գծով խոր գիտելիքներ ձեռք ձգելուն:
Այդ փորձերուն յաջորդեց զտումի մրցաշարք մը, որուն ընթացքին երկու լիբանանահայերը ցուցադրեցին սքանչելի ներկայացումներ` տպաւորելով չինացի ներկաները եւ արժանանալով անոնց ջերմ քաջալերանքին:
Այժմ Աւետիս Սերոբեան կը պատրաստուի Լիբանանը ներկայացնելու յառաջիկայ օգոստոսին տեղի ունենալիք աշխարհի Թայ Չիի ախոյեանութեան: Ներկայացնելով Լիբանանը` Սերոբեան Ժիաօ Զուօ քաղաքին (Հենան նահանգ, Չինաստան) մէջ պիտի փորձէ պաշտպանել աշխարհի նախկին ախոյեանի իր տիտղոսը:
Նշենք, որ լիբանանահայ երկու աթլեթներուն մասնակցութիւնը եղաւ «Էմիրէյթց» եւ «Շարժա» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Վարուժան Ներկիզեանի հովանաւորութեամբ, որուն համար անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն:




