Ինչպէս ծանօթ է, վերջին քանի մը օրերուն սկսան Եւրոպայի բաժակի 2013-2014 տարեշրջանի մրցումները, որոնք բնականաբար որոշ փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնեն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուելիք ակումբներու դասաւորման մէջ:
Հայաստան իր կէտերը աւելցուց 0,375-ով` ընդհանուր կէտերու հաշիւը բարձրացնելով 2,125-ի:
Մրցասպարէզ դուրս եկած չորս ակումբներէն միայն Շիրակ եւ Փիւնիկ կէտեր ապահովեցին Հայաստանի, մինչ Գանձասար եւ Միքա` ոչինչ:
Հայաստան, որ նախքան այս մրցումները սկսիլը կը գրաւէր 50-րդ դիրքը` 53 երկիրներու կարգին, այժմ կը գտնուի 49-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ-ի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 9 եւ 11 յուլիսին:


