ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 14 օգոստոսին Իտալիոյ մէջ գտնուող «Սթատիօ Օլիմփիքօ» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` նուիրուած Հռոմի պապին:
Քանի մը ամսուան բանակցութիւններէ ետք ի վերջոյ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց այս մրցումին կայացման թուականը:
Նախքան մրցումը տեղի ունենալը, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, որ ֆութպոլասէր մըն է, պիտի հիւրընկալէ երկու կազմերուն մարզիկները:
Վերջին անգամ երկու խումբերը իրարու դէմ յանդիման եկած են 2001-ին, որուն ընթացքին Արժանթին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած է:


