Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Խուլիօ Կրոնտոնա, որ միեւնոյն ժամանակ ալ ՖԻՖԱ-ին փոխնախագահներէն մէկն է, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ՖԻՖԱ-ն կ՛ուզէ, որ 2030-ի Մոնտիալը միասնաբար հիւրընկալեն Արժանթին եւ Ուրուկուէյ:
Ան աւելցուց, որ ՖԻՖԱ-ն կ՛ուզէ Մոնտիալի 100-ամեակը տօնել Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ:
Նշենք, որ Արժանթին – Ուրուկուէյ այդ միացեալ հիւրընկալութեան գաղափարին կը զօրակցի Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Կը կարծուի, որ այս գաղափարը ՖԻՖԱ-ի նախագահին` Սեփ Պլեթըրի առաջարկած է Ուրուկուէյի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը` 2010-ի Մոնտիալին սկիզբը:


