Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեխաներուն «Ամրոցը»

July 6, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Ազգերը կը յարատեւեն, երբ կարենան առողջ սերունդ պատրաստել:

Հայ ազգային դաստիարակութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է երեխաները խնամելու առաքինի պարտականութիւնը:

Երբ մենք ազգովին կը գիտակցինք երեխաներու հոգատարութեան անհրաժեշտութեան, արդէն իսկ մեր ազգին յարատեւութեան երաշխիքը ապահոված կ՛ըլլանք:

Այս վեհ նպատակէն մեկնելով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը կազմակերպէ երեխաներու յատուկ օդափոխութեան ձեռնարկներ, որպէսզի ընկերային ծանր պայմաններու ենթակայ երեխաները չզրկուին իրենց հասակակից ընկերներուն վայելած ամառնային արձակուրդէն: Այս ձեռնարկը կը բնորոշուի իբրեւ Կազդուրման կայան: Հետեւաբար վարչութիւնը եւ ընկերային յանձնախումբը միասնաբար կը ձգտին բնականոն պայմաններ ընձեռել երեխաներուն, որպէսզի անոնք հնարաւորութիւն ունենան լիարժէքօրէն մասնակցելու մեր ապագայ սերունդին կազմաւորման ընթացքին:

Արդէն իսկ 15 տարիէ ի վեր Այնճար հայաւանը կը հիւրընկալէ Կազդուրման կայանի երեխաները: Ամէն տարի մօտաւորապէս 60-65 երեխաներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛ըմբոշխնեն Այնճարի աստուածատուր բարիքները վայելելով: Հարկ չենք զգար օդը նկարագրելու: Պէյրութի հայերը ամառնային տօթէն խուսափելու համար, առիթ չեն փախցներ Այնճար ելլելու պարզապէս «սեւն-ափ»-ի պէս վճիտ օդը շնչելու: Մրգաստանները` դաշտագնացութեան յարմարութիւններով օժտուած, որպէս ժամանցի վայր: Օմայատներու հնաւանդ բերդաքաղաքը, որպէս զբօսաշրջութեան կեդրոն, արդէն իսկ միջազգային վարկ կը վայելէ: Գետը` զովանալու, իսկ լեռը` արկածախնդրական արշաւներու հրաւէր: Ժողովուրդը` մուսալեռցի, ազգային արժանիքներով լիցքաւորուած: Իսկ նշանաբանը` «Այնճարի հայեցի դիմագիծը անաղարտ պահպանել»:

Պատասխանատու դաստիարակները առօրեայ յայտագիրներով կ՛ուսուցանեն հայկական մշակոյթը, երգ, երաժշտութիւն, պար, թատրոն, կերպարուեստ, հայոց պատմութիւն, կրօն եւ այլն… Այս միջավայրին մէջ երեխաները կը տոգորուին հայկական արժէքներով եւ կը կազդուրուին ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ` հոգեպէս: Հոս է, որ ի յայտ կու գայ Կազդուրման կայանին իսկական արժէքը: Որպէս կայանին համար կեցութեան վայր` ցարդ կ՛օգտագործուէր Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը: Սակայն շատ հասկնալի պատճառներով դպրոցին կառոյցը չի կրնար բնակութեան ամբողջական պայմանները բաւարարել ու երեխաներուն անհրաժեշտ հանգիստը ապահովել: Ուստի երեխաները իրենց կենսական կարիքները բաւարարելու համար կ՛օգտագործէին կառոյցին յարակից մասերը, ըստ յարմարութեան: Բնականաբար այս կացութեան մէջ Կազդուրման կայանի ծրագիրը կարելի չէր ամբողջական համարել: Հարկ էր անհրաժեշտօրէն ապահովել բնակութեան յարմարաւէտ կառոյցը: Այս բացը կը յամենար տանջել վարչական անդամները, որոնք գերագոյն ճիգերով կը ջանային ամբողջացնել ծրագիրը, որպէսզի առաքելութիւնը կատարեալ ըլլար:

Եւ վերջապէս ԼՕԽ-ականներուն անսպառ ճիգերը արդիւնաւորուեցան: Յայտնուեցաւ հայ իշխանական տոհմը: Իշխանական կ՛ըսենք, որովհետեւ իշխանները միա՛յն կրնան իշխանական նուիրատուութիւն կատարել: Իշխանները միա՛յն կրնան «ամրոց» կառուցել:

Երեխաներուն տեսիլը իրագործուեցաւ` շնորհիւ տէր եւ տիկին Յակոբ Գըլպաշեաններուն իշխանական եւ վեհանձն նուիրատուութեան: Կէս միլիոն տոլար: «ամրոց»-ը պիտի ձօնուի իրենց ծնողաց` Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեաններու անթառամ յիշատակը յաւերժացնելու:

Եկէ՛ք, տեսէք «ամրոցը», պիտի հիանաք: Բնութեան ծոցին մէջ, իր կազդուրիչ դիրքով: Այնճարի պարտէզներուն կեդրոնը, մրգաստաններով շրջապատուած: Բնակութեան եւ կրթական ամբողջական յարմարութիւններով: Իսկ միջավայրը` հայկական հարազատ շունչով ողողուած:

Այս հոյակապ «ամրոց»-ը լոկ կազդուրման կայան մը ըլլալէ շատ աւելին է իր յարմարաւէտ կարելիութիւններով: Ինչո՞ւ չէ, կարելի է զայն օգտագործել ամբողջ տարուան ընթացքին` կազմակերպելով ազգային օգտաշատ ձեռնարկներ եւ վերածել զայն հայու տան` «աշխարհի չորս ծագերուն, ուր կը մտնէ ամէն հայ որպէս տանտէր հարազատ»:

ԼՕԽ-ի գործունէութեան ծիրը շատ ընդարձակ է: Իւրաքանչիւր բնագաւառ հարկ է, որ ունենայ իր յատուկ գնահատանքը: Միայն բարեմաղթանքներ շարահիւսելով` կարելի չէ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը գնահատել, այլ հարկ է բառամթերքէն անդին անցնիլ եւ գործնապէս աջակցիլ ԼՕԽ-ի ծրագիրները իրագործելու: Ահա ամենախօսուն ապացոյցը` կազդուրման «ամրոցը»:

Իսկ Գըլպաշեան զոյգին իշխանավայել ազնուական վարմունքը երջանկացուց երեխաներուն սրտերը, երախտագիտական արտայայտութիւնները բաւարար չեն այդ վեհանձն հոգիները ուրախացնելու: Միայն երեխային անմեղ, բայց վճռական աչքերը կրնան ցնծացնել զանոնք, ուրկէ խոստմնալից ուխտը կը ցայտէ` «մենք պիտի պայքարինք հայ ժողովուրդին իտէալը իրագործելու»:

Այնճար

Նախորդը

Վկայութիւն

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գըլպաշեան Կազդուրման Կայանի» Բացման Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.