Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոհեր` Ցանողն Ու Հնձողը

July 6, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ

«Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի սեփական շէնքին բացումը առիթ կու տայ ԼՕԽ-ականներուս` վայրկեան մը թափ տալու մեր յիշողութեան եւ ակնարկ մը նետելով դէպի անցեալը` անդրադառնալու մեր կազմակերպութեան կեանքի ընթացքին:

Որքա՜ն շարունակականութիւն եւ հետեւողականութիւն կայ հոն, որքա՜ն իրար ագուցուած են անոր ընթացքի բոլոր հանգրուանները եւ ուրախութեամբ, նոյնիսկ երբեմն հպարտութեամբ կ՛անդրադառնաս, որ դուն անձնապէս, որպէս ԼՕԽ-ական, այդ ընթացքին հետեւորդն ես ու ԼՕԽ-ը նոր հանգրուաններու հասցնող ապրող դերակատարներէն ես:

Ո՞վ եւ ե՞րբ երազեց կազդուրման կայանի սեփական շէնքի մը կառուցման գաղափարը, ո՞վ ցանեց զայն եւ ո՞վ է այսօր հնձողը: Աւելի քան քառասուն տարիներ անցած են այն օրէն, երբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչական անդամներ` Վերժին Տէր Կարապետեան, Արշալոյս Արմէնեան, Վերժին Ֆաթթալ, Լիւսի Գրիգորեան, Լիւսի Տումանեան, Բերկրուհի Առաքելեան, Լոլա Սասունի, Արաքսի Արծրունի եւ տակաւին ուրիշներ (ներողութիւն, եթէ ոմանք մոռցայ) երազեցին եւ ցանկացան կարիքաւոր փոքրերու լաւագոյն կազդուրման կայան մը ապահովել ու ցանեցին իրենց երազը, Գըլպաշեան ընտանիքի պատուական զաւակները` Յակոբ, Հայկ եւ Ալիս, ստանձնեցին այդ ցանքին մշակումն ու իրականացումը եւ այսօր, այսքան տարիներ ետք, նոր Շրջանային վարչութիւն մը իր ամբողջ անդամներով կը քաղէ ու կը վայելէ այդ հունձքը:

Որքան հաղորդական, հոգեկան ու գործնական կապ կայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի աշխարհին մէջ եւ որքան գործօն է այդ կապը, որուն շնորհիւ ալ կը գոյատեւէ ու յարաճուն զարգացումով կը շարունակէ իր երթը:

Մեծ պատգամ ունի այս կառոյցին իրագործումը, որ ամէն օր բարիք ցանելու պարտաւորութեան մը տակ կը դնէ ԼՕԽ-ականն ու անոր հաւատարիմ ու հաւատացող հայորդին, օր մը անպայման արժանաւոր հնձուոր մը գտնելու յոյսով, յոյս մը, որ կը կոչուի` լաւագոյնը բոլոր կարիքաւորներուն…

Անցած ու ներկայ բոլոր ԼՕԽ-ականներու անունով` շնորհակալութի՛ւն:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը

Յաջորդը

Ոչ Սովորական Դպրոց

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.