Լիբանանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւնը, որուն ընթացքին սուր պայքար մղուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ անոր դաշնակիցներուն եւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ անոր դաշնակից ուժերու թեկնածուներուն միջեւ:
Ընտրութեան մասնակցեցաւ 3171 բժիշկ:
Ընտրութեան արդիւնքներուն համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից ուժերու թեկնածուները յաղթանակ արձանագրեցին:
Առաջին հանդիսացաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու Ժան Ժոզեֆ Մուաուատ, երկրորդ հանդիսացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան թեկնածու Հիշամ Նաժիպ Ղարիզի, երրորդ հանդիսացաւ Հասան Համատ Ապտալլա, իսկ չորրորդ հանդիսացաւ Սայետ Ժորժ Տըրղամ:
Նշենք, որ սենտիքային յատուկ կարգապահական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի ու անոր դաշնակիցներու թեկնածուներէն Էլիաս Ժամիլ Շլալա եւ Ալի Հասան Իսմայէլ:


