Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Աճպարար Օդաչու Մը Ի՛նչ Կրնայ Սորվեցնել Մեզի…

July 5, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

… ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՆՏԵՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ԿԱՄ` «Ո՞Վ ԿՐՆԱՐ ՇՆՉԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ, ՈՒՐ ԿՇՌՈՅԹԸ ԿԷՏԱԴՐՈՒԱԾ ՉԷՐ»: «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՏԸ ՌԱՅԹԻՆԿ ԼԱՅՖ» ԳԻՐՔԷՆ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ԵՒ ՑՆՑԻՉ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՄԸ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄ ՄԸ. ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԲԱՆ ՄԸ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ` ԶԱՅՆ ԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԻԲՐԵՒ «ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆ»:

«Շէնքերը փուլ կու գան, նոյնիսկ հողը կը մեռնի: Երէկուան ցորենի դաշտը այսօր կը վերածուի գիւղական բնակարանի,- գրած է Վըրճինիա Վուլֆ` լեզուի եւ անտեւականութեան մասին իր անժամանցելի խորհրդածութեան մէջ:- Սակայն բառերը, երբ ճիշդ գործածուին, կը թուի, թէ կրնան յաւիտեան ապրիլ»: Իսկ Հենրի Միլըր գրած է. «Միշտ ալ կործանումը նկատած եմ կեանքի նոյնքան հրաշալի արտայայտութիւն մը, որքան` աճումը»: Այսուհանդերձ, ստեղծագործականութեան մեր ըմբռնումը առաւելաբար կապ ունի տեսանելի, շօշափելի եւ լսելի բաներու հետ. այլ խօսքով` զգալի եւ տեւական: Սակայն, եթէ պիտի հետեւինք երաժիշտ Պրայըն Ինոյի խորհուրդին, ան կը շեշտէր հետեւեալը. «Դադրեցէ՛ք արուեստի գործերու մասին մտածելէ իբրեւ իր եւ սկսեցէք անոնց մասին մտածել իբրեւ փորձառութիւններու խթան»: Ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Ինչպէ՞ս պիտի յայտնուէին ստեղծագործական այս փորձառութիւնները:

Իր «Տը ռայթինկ լայֆ» գիրքով Էնի Տիար բան մը կ՛աւելցնէ արուեստի ամէնէն գեղեցիկ սահմանումներու պատմութեան վրայ` նկարագրելով աճպարար օդաչու մը, որուն բարեկամացած է, եւ` անոր անտեղիտալի նուիրումը այնպիսի արուեստի մը, որ միայն անցողակի է եւ լաւագոյն օրինակն է` «փորձառութեան մը խթանին»:

Տիար կը պատմէ.

«Օդանաւային խաղերու հանդիսավարը լռեց: Ամբողջ օրը պոռչտալէ ետք ան լռած էր: Բազմութիւնը քարացաւ: Նոյնիսկ մանուկները ապշահար կը դիտէին, մինչ իրարու վրայ զետեղուած երկու թեւերով հին սեւ օդանաւը բզզաց օդին մէջ: Ռամ գեղեցկութիւն կը ստեղծէր իր ամբողջ մարմնով. կրկնուող պատկերներ կը ստեղծէր, եւ մենք կը դիտէինք, թէ` ինչպէ՛ս: Օդանաւը կը շարժէր գիծի մը պէս եւ իր հակակշիռին տակ կը պահէր երեք տարաչափութիւններ, այնպէս, որ գիծը օդին մէջ կը կազմէր զանգուածային տարողութեամբ խորհրդաւոր շերտեր` քանդակներու պէս: Օդանաւը գծեց օղակ մը եւ անցաւ անոր մէջէն` կռնակը մարզիկի մը պէս կամարելով: Պահ մը դանդաղեցաւ, վար ինկաւ, ապա մագլցելով` դուրս եկաւ օղակէն, մէկ կողմի վրայ ոլորապտոյտ դառնալով` կտրուկ ուղղուեցաւ դէպի արեւմուտք, ապա նոյն ձեւով վերադարձաւ արեւելք: Պառկեցաւ թիկունքին վրայ, ինչ որ ֆիզիքապէս անկարելի կը թուի, իր գծած ուղիին հետ խաղցաւ կծիկի թել մը քակող կատուի մը պէս: Օդաչուն ինչպէ՞ս գիտէր, թէ ո՛ւր կը գտնուէր օդին մէջ: Եթէ կորսուէր, գետինը կուլ պիտի տար զինք»:

«Ռամ իր օդանաւով գծեց ամէն շարժում, որ կարելի էր. պոչին վրայ դարձաւ ուղղահայեաց, հորիզոնական դարձաւ` չորս չափի աստիճաններ կտրելով, ոլորապտոյտ դարձաւ հորիզոնական առանցքի վրայ, 8 մը գծեց օդին մէջ, մէկ թեւը միւսէն աւելի երկարելով` դարձաւ ոլորապտոյտ, ուղղահայեաց դարձաւ ինքն իր վրայ եւ քիթը վար` խոյացաւ դէպի գետին, ոլորապտոյտ դարձաւ պոչին վրայ: Միւս օդաչուները եւս կարգով նոյն աճպարարութիւնները կատարեցին վարպետօրէն: Սակայն Ռամ անխոնջ վարեց իր օդանաւը, վրձինի մը պէս, առանց յատուկ ճիգի»:

«Համակ ուժ էր ան եւ ջինջ ոգի: Տարիներ շարունակ մտածած եմ այս մասին: Ռամի շարժումները իրարու կը հետեւէին ճի՛շդ ժամանակին: Անոնք երաժշտութեան պէս ապագան կը կանխէին իր եզրին, կը հետազօտէին ներկան: Մենք` ակնդիրներս, կը սպասէինք ներկային մէջ մետասաներորդ պահու գեղեցկութեան ոլորքի մը յայտնութեան: Մարդկային օդաչուն` Տէյվ Ռամ կ՛աշխատէր խցիկին մէջ, ուղղակի օդանաւին քթին: Ինքնին անոր մարմինը մեզի համար կը խոյանար դէպի ապագայ եւ զայն կը բերէր գետին` ոլորուած կեղեւի մը պէս»:

«Ոեւէ լաւ արուեստագէտի պէս, ան իր հակակշիռին տակ կը պահէր հանդիսատեսին լարուած սպասումը: Ակամայ կը ցանկայիր որոշ ձեւի թաւալում մը, մագլցում մը կամ վերադարձ մը` դէպի օդին որոշ մէկ մասը, եւ ան կը հակէր գոհացում տալու համար պահանջիդ, բանաստեղծի մը պէս, կամ` կը խուսափէր, մինչեւ որ զգայիր, թէ պիտի պայթէիր, ապա անակնկալօրէն կ՛իրականացնէր փափաքդ, այնպէս, որ կը հեւայիր եւ ճիչ մը կ՛արձակէիր»:

«Ամէնէն տարօրինակ, ամէնէն խանդավառող եւ ամէնէն սպառող երեւոյթը այն էր, թէ ան երբեք կանգ չէր առներ: Անոր երաժշտութիւնը կէտադրուած չէր, հանգիստ չկար, ոչ ալ` աւարտներ: Բանաստեղծութեան գեղեցիկ նախադասութիւնը երբեք չէր աւարտեր: Շարժումը վերջ չունէր, քանդակուած ձեւերը կը կուտակուէին վերեւ, կ՛ընդելուզուէին մէկը միւսին մէջ, առանց դադարի: Ո՞վ կրնար շնչել աշխարհի մը մէջ, ուր ինքնին կշռոյթը կէտադրուած չէր»:

Տէյվ Ռամ… «բանաստեղծի մը պէս»…

 

 

 

 

 

 

 

 

Ռամ կը կիրարկէր Ճափոնական ուապի-սապի աշխարհահայեացքը` անտեւականը ընդունելով ոչ միայն իր արուեստին մէջ, այլ նաեւ` կեանքին, որդեգրելով մահկանացուի հակասութիւնը: Տիար կը յիշէ զրոյց մը` օդանաւով երկրագործական դաշտեր սրսկող օդաչուի մը հետ: «Անոնք շատ ցած կը թռչին, կը զարնուին շէնքերու եւ ելեկտրական թելերու: Տեղ չունին թակարդէ մը դուրս գալու եւ տեղ չունին գահավիժող անկում մը շրջելու», կը գրէ ան: Ասիկա շատ վտանգաւոր գործ մըն է: Այնքա՛ն, որ նման օդաչուի մը կեանքի միջին տեւողութիւնը 5 տարի է: Ապա Տիար կը խորհրդածէ Ռամի քաղցր ու դառն ընտրանքին մասին եւ կը գրէ.

«Նախաճաշի պահուն իրեն հարցուցի, թէ որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը սրսկէր ցանքերը: «Չորս տարի,- պատասխանեց ան, եւ թիւը պահ մը օդին մէջ ինկաւ մեր միջեւ:- Գիտես, որ օր մը պիտի մեռնիս թռչելու ժամանակ,- աւելցուց ան: Ընդունած ենք: Ասիկա մաս կը կազմէ մեր գործին»: Այժմ կը մտածեմ, թէ ցանքերը սրսկող այս օդաչուն 20-ական տարիքի մէջ ըլլալով` ընդունած էր պարզապէս այն, թէ նման բաներ պէտք էր ըսէր, մինչդեռ ներքուստ ան գրաւը դրած էր վտանգը շրջանցելու վրայ: Կ՛ենթադրեմ, թէ Ռամ եւս կը գիտակցէր այս իրողութեան: Սակայն չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը զգար: «Կ՛արժէ՛-, ըսած էր ֆրանսացի առաջին օդաչուներէն` Մերմոզ, որ Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերիի բարեկամն էր:- Կ՛արժէ՛ վախճանական ջախջախումը: Ռամի օդանաւը ջախջախուեցաւ Յորդանանի Հիւսէյն թագաւորին դիմաց, օդանաւային աճպարարութեան մը ժամանակ: Օդանաւը ոլորապտոյտ գահավիժեցաւ եւ չյաջողեցաւ վերագտնել իր հաւասարակշռութիւնը: Անիկա ուղիղ քթին վրայ սուզուեցաւ, խրեցաւ գետնին եւ պայթեցաւ»:

Մեկնելով մշակութային մեր զգացողութենէն, ուր շօշափելի արուեստը կ՛օգտագործենք մենք մեզ խարսխելու համար ներկային մէջ, մեր մէջ եւ կեանքին մէջ, Տիար իրեն յատուկ նրբութեամբ եւ կեանքի իմաստին առկախ թելերը քաշելով` հարցականի տակ կ՛առնէ մեր հիմնական ըմբռնումները, ինչ որ միաժամանակ կ՛անհանգստացնէ մեզ եւ գեղեցկօրէն կ՛ազատագրէ:

«Ջինջ ըլլալու համար պէտք չէ բաժնուիլ տիեզերքէն, այլ պէտք է աւելի խորանալ անոր մէջ», ըսած է ֆրանսացի փիլիսոփայ Թեյեր տը Շարտան: Դժուար է պատկերացնել աւելի խոր թափանցում մը տիեզերքի մէջ, քան` Ռամի վերջին խորասուզումը իր օդանաւով, կամ` անոր աննկարագրելի, անասելի, անանձնական թռիչքին արձանագրութիւնը օդին մէջ, ապա` անոր ջնջումը: Արուեստի որեւէ այլ ձեւ կրնայ յաւիտենական ըլլալ: Բայց ես չեմ կրնար յիշել Ռամի գծած շարժումներու շարքերէն որեւէ մէկը: Ան յանպատրաստից շարժումներ կը կատարէր օդին մէջ: Երբ Քրիսթօ շէնքերը կը պատէ ծածկոյթով կամ ամբողջ նաւահանգիստ մը` ներկով, մենք կը բաժնենք անոր դիպուկ եւ բուռն այն գիտակցութիւնը, թէ` իր ստեղծած գործը քանի մը օրէն պիտի չքանայ: Ռամի օդանաւը ժապաւէն մը ձգեց տիեզերքին մէջ. ժապաւէն մը, որուն վերջաւորութիւնը քակուեցաւ յիշողութեան մէջ, իսկ սկիզբը բացուեցաւ իբրեւ անակնկալ: Թերեւս ան պիտի ընդունէր, թէ ինչ որ կ՛ընէր, արուեստ կարելի էր կոչել, սակայն կը կարծեմ, թէ ան գաղափարը պիտի ընկալէր հասարակաց սխալ իմաստով, որուն համաձայն, արուեստը կարողութեան մը վերջին ծայրայեղութիւնն է: Ռամ ընթացաւ կարելիին ուղղութեամբ, յայտնաբերեց զայն եւ լարեց զայն դէպի վայրէջք: Ան իր շլացուցիչ խորասուզումը կատարեց մէկ շունչով: «Աշխարհը  գրաւուած է, եւ գրաւուած է Բացարձակով,- գրած է տը Շարտան:- Ասիկա տեսնելը ազատագրուիլ կը նշանակէ»:

Բառերով կարելի չէ նկարագրել, թէ որքա՛ն հոյակապ եւ որքան կենսական է «Տը ռայթինկ լայֆ»-ը` իր ամբողջութեան մէջ:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Օտար Տեսիլքներ

Յաջորդը

Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.