Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ձայներ. Դասական Երգի Պատգամաբերը Շողիկ Թորոսեան

July 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Երգը, արուեստներու իր հնչուն զօրութիւնը կը պահէ աշխարհի տարածքին: Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր իւրայատուկ մօտեցումը կեանքը երգով արտայայտելու, ցաւի, տառապանքի, ուրախութեան եւ յաղթանակներու մեկնաբանութեամբ: Հայ ժողովուրդի ձայնաւոր արտայայտութիւնները եղած են դարերու պատմութիւնը փոխանցող գործօններ: Եթէ կարելի չէ եղած գիր ու գիրքով փոխանցել տուեալ ժամանակաշրջանի տարողութիւնը, հայը երգած է ու նոյնիսկ բարձրաձայն կոչած` «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»:

Հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակները մեզի կտակած են հիանալի ժառանգութիւն երգարուեստի: Տաղասացներ, գուսաններ, աշուղներ, սուրբ հայրեր եւ հայրապետներ, յեղափոխականներ լսելի դարձուցած են իրենց սրտին ու հոգիին զգացումները, ապրումները` հրաշագեղ թէ վշտալի: Յուզական թէ խնդութեան պահերու արտայայտիչները անբացակայ ներկայութիւն եղած են մեր կեանքին մէջ` միշտ ջահը փոխանցելով նորագոյն սերունդին, թարմացնելով ժառանգութեան արժէքը, պահելով նոյն ատեն ազգային դիմագիծը եւ ինքնութեան փայլուն դրոշմը:

Մայր հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի մօտ ու հեռու տարածքներուն վրայ շնչող հայը իր ձայնը կը բարձրացնէ երգով` իբրեւ ներկայութեան եւ գոյատեւման փաստ, հետեւելով բանաստեղծին սրտառուչ պատգամին.

«Երգ սիրեցէք կեանքից, գինուց աւելի,
Առանց երգի` վիշտն աշխարհը կ՛աւերի…»:

Լիբանանահայ երգարուեստի մեր դաշտը եղած է բեղուն ու ծաղկուն: Կարելի է թուել բազմատասնեակ երգիչ-երգչուհիներու անուններ, որոնք ծաղկեցուցին մեր կեանքը որքան ժողովրդային, նոյնքան դասական երգեցողութեան ասպարէզին մէջ:

Ներկայ դարուն տեսակ մը անտարբերութիւն ստեղծուած է դասական ազնուագոյն երգարուեստին նկատմամբ (համաշխարհային իմաստով), փոխարէնը` տեղ տրուած է խաժամուժի մը, որ կատաղի բռնկումներու աղմուկն է` ականջներ խլացնող: Վստահ ենք` այս անարուեստ ժխորն ալ պիտի ձանձրացնէ մարդկութիւնը, պիտի ունենանք տրամաբանական ու գովելի վերադարձ մը դէպի ազնուագոյն երգարուեստ:

Վերջին քանի մը տարիներուն լսելի դարձաւ անուն մը` Շողիկ Թորոսեան: Համազգայինի  «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի` Թագուհի Թեքեանի աշակերտուհիներէն եղած է Շողիկ Թորոսեան, քնարաշունչ լիրիք սոփրանօ ձայնով օժտուած, նոյն ատեն` ջինջ ու զուլալ, բարձրագոյն ձայնանիշներու տիրապետած հնչեղութեամբ: Վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին ներկայացուցած է համերգներ` առանձին թէ խմբական մասնակցութեամբ: Ան մենակատարն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին: Հրապարակած է խտասալիկ, վերջինը` նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին: Այս խտասալիկը կը բովանդակէ 14 շարականներ, միջնադարեան տաղեր, մեղեդիներ, ստեղծագործութիւն` մեր սրբազան հայրերուն: Դաշնաւորումները կատարած են Կոմիտաս վարդապետ, Զարեհ արք. Ազնաւորեան, Եդուարդ Յակոբեան, Էմի Աբգար եւ Ստեփան Էմմիեան: Տեւողութիւնը` մէկ ժամ: Խտասալիկին վրայ արձանագրուած է իւրաքանչիւրին կատարման ժամանակամիջոցը, երեք վայրկեանէն մինչեւ 6 վայրկեան տեւողութեամբ:

Ունկնդրելով խտասալիկ-սկաւառակը, նախ կը զմայլիս ձայնին քաղցրահունչ յստակութեան, բառերուն հասկնալի հնչեղութեան, ու կը մտածես, թէ որքան ուշադրութիւն եւ յարատեւում ներդրուած է մատչելու համար այս որակաւոր արձանագրութեան:

Երգեցողութեան երգեհոնի ընկերակցութիւնը կատարած է Յասմիկ Գասպարեան, այնքան ներդաշնակ, նուրբ եւ ուշադիր հետեւողութեամբ, վարպետ նուագողի մատներով դրոշմուած:

Դասական երգարուեստն է այս, որ կը պահանջէ ունկնդիր ականջ, որպէսզի հաղորդուի դարերէն եկած եւ յաճախ հեղինակը անծանօթ մեր հոգեզմայլ երգարուեստին, եղանակաւորման ու յօրինումի արուեստով հիւսուած: Այս խտասալիկը պատգամ մըն է գալիք սերունդներուն, կը փոխանցուի իբրեւ հայկական եկեղեցական պաշտամունքի արտայայտիչ: Քրիստոսի ծննդեան, յարութեան, քրիստոնէական տաղաւարներուն ձօնուած մեղեդիներ, տաղեր, շարականներ: Աստուածամայրը չէ մոռցուած` իր «Վարանիմք» մեղեդիով: Զմայլելի եղանակ, սիրտերը ցնցող, հոգիները հանդարտեցնող յօրինումով:

«Վարանիմք ի մեղաց, դու ազատիչ մեղուցելոյս, ո՜վ Տիրամայր»: Բառեր, որոնք զգաստութեան կը հրաւիրեն մարդը, հայը, իսկ եղանակն ու երգեցողութիւնը հոգիներու խաղաղութեան հրաւէր կու տան:

Շնորհակալութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին: Շողիկ Թորոսեանին կը մաղթենք ձայնային անսպառ ուժ եւ ոգեւորութիւն: Այսօր, դարերու յաւերժութիւնը հնչեցնող նոր ձայն մը կը հնչէ:

 

 

Նախորդը

Վկայութիւն Յորդանանէն. «Մեռեալ» Ծովն Ու «Ապրող» Եկեղեցին

Յաջորդը

Արթուր Եուզպաշեան Հանդէս Պիտի Գայ Ղազախստանի Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.