Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Մեր Հայ Հայրենակիցները Նախատող Մարզիկ Մը Դրօշակ Կը Կրէր…»

July 3, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սապահ»-ի մէջ սիւնակագիր Հընճալ Ուլուչ պախարակեց Թուրքիոյ ըմբշամարտի ախոյեան Ռըզա Գայաալփը, որ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցի առաջին օրերուն շատ ծանր գրութիւն մը հրատարակած էր Թուիթըրի մէջ` ցուցարարներուն ըսելով հետեւեալը. «Հրապարակը հայերու ձգեցիք, Աստուծմէ գտնէք, չափուլճու (թալանող, աւազակ.- Ա.) ցուցարարներ: Ես ձեր ցոյցին մէջ… ընեմ: Դուք Հայաստանի ժողովուրդը ուրախացուցիք»:

Հընճալ Ուլուչ եւս ցաւ կը յայտնէր, որ այսպիսի ցեղապաշտ մարդու մը կրել տուին Ողիմպիականներու թրքական պատուիրակութեան դրօշակը: Ան ծանրապէս մեղադրելի կը գտնէ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

Ատկէ առաջ Ուլուչ կը թուէ բազմաթիւ օրինակներ` մարզական աշխարհի  խաթարումներէն ու գայթակղութիւններէն: Մարզիկներուն մեծագոյն մասը խթանիչ դեղեր կ՛օգտագործէ մրցումներու ընթացքին, ան նաեւ կ՛ըսէ. «Կաշառքի եւ այլ գայթակղութիւններն ալ առին քալեցին, իսկ ցեղապաշտութիւնը ինքզինք ցոյց կու տայ մարզական աշխարհէն ներս եւս: Այս բոլորը եթէ ուրիշ երկրի մը մէջ պատահէին, մարմնակրթութեան նախարարները իրարու ետեւէ կը հրաժարէին: Մեր մօտ ոչ մէկուն հոգն է ասիկա»:

Հընճալ Ուլուչ դիտել կու տայ, որ այս խնդիրներուն դիմաց լռութիւն կը պահէ Թուրքիոյ Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ուղուր Էրտեները, եւ անոր կ՛ուղղէ երկու հարցումներ, նախ` թէ ան ի՞նչ կը մտածէ խթանիչներու մասին, ապա այն, թէ ինք բնաւ չանհանգստացա՞ւ, երբ Ողիմպիականներու բացման ընթացքին դրօշակը կրելու պատիւը տրուեցաւ Ռըզա Գայաալփի:

«Երբ մեր հայ հայրենակիցները նախատող մարզիկ մը դրօշակ կը կրէր, դուն ինչպէ՞ս կրցար անշարժ նստիլ պատուոյ թրիպիւնին մէջ», կը հարցնէր Հընճալ Ուլուչ Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ուղուր Էրտեներին:

Նախորդը

«Այո՛, Բոլորս Ալ Հայ Ենք»

Յաջորդը

«Եթէ Հրեայ, Հայ Կամ Յոյն Էք, Հասկացողութեամբ Կը Դիմաւորեմ Կեզի Պարտէզի Ձեր Արարքը»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.