«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ laureus.com կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, անցեալի չեխ թենիսվումըն Մարթինա Նաւրաթիլովա ըսած է, որ թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին տղոց մրցումներուն սեթը պէտք է 5-էն կրճատել 3-ի:
«Անարդար է, որ երբ 5 սեթ մրցում կատարած մարզիկը առանց հանգիստի ժամանակ ունենալու գրեթէ յոգնած ստիպուած է յաջորդ հանգրուանին եւ դարձեալ երկարատեւ մրցումի մը սկսիլ, որ կրնայ տեւել նոյնքան: Ասկէ մեկնելով, պէտք է աղջկանց նման իւրաքանչիւր մրցում ըլլայ 3 սեթ», կը շեշտէ Նաւրաթիլովա:


