Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

15-ամեակ. «Ովասիս 2013» Ամառնային Ծրագիրը Սկսաւ Նոր Եռանդով Եւ Իւրայատուկ Ծրագիրներով

July 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 29 յունիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան «Ովասիս»-ի ծրագիրը, աշխատանքներն ու հոլովոյթը: Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ նշեց, որ այս տարի «Ովասիս»-ի 15-ամեակն է, եւ այս շրջագիծին մէջ պիտի իրականան ան 15-ամեակի իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին է քերմեսի եւ ճաշկերոյթի կազմակերպումը:

Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս տարի նախկին ովասիսականներ արդէն մաս կը կազմեն «Ովասիս 2013»-ի տեսչական կազմին, ինչ որ սերնդափոխութեան եւ գոյատեւման լաւ ցուցանիշ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս «Ովասիս»-ը արձանագրէ նոր ոստումներ եւ առողջ ու հայեցի դաստիարակութեամբ ստեղծէ օգտակար, խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ:

Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանքներու բաժանումը: Թերզեան մաղթեց, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն «Ովասիս»-ը ունենայ նոր ճիւղաւորումներ եւ աշխատանքներու նոր հորիզոններ:

Իսկ երէկ, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրին մասնակից աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, ժամանեցին դպրոց: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ովասիս»-ի ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:

Յայտնենք, որ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) խումբեր, որոնք բաժնուած են 10 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 24 օգոստոս 2013-ին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Ճատրակի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ. Տիգրան Լ. Պետրոսեան` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 30-ամեակ. 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.