Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Տոքթ. Ճոզըֆ Մալիքեանի Հետ

June 29, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց ամերիկահայ հոգեբուժ տոքթ. Ճոզըֆ Ի. Մալիքեան եւ հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին հետ: Տոքթ. Մալիքեան օսմանեան ժամանակաշրջանի հայկական լուսանկարներու հաւաքման եւ պահպանման աշխատանքի մը ձեռնարկած է եւ արդէն այս նիւթով լուսանկարներու շարք մը ցուցադրող գիրքի մը հեղինակն է:

Տոքթ. Մալիքեանի` օսմանեան լուսանկարներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ծնունդ առած է իր ընտանիքին հին լուսանկարներէն, իսկ գիրքի հրատարակման նպատակը եղած է լուսանկարներու ճամբով Օսմանեան կայսրութեան հայերուն պատմութիւնը պատմել, ինչպէս նաեւ օսմանեան վարչակազմը ներկայացնել, 1895-ի ջարդերուն մասին խօսիլ, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ վերապրողներուն անդրադառնալ: Գիրքին մէջ ներառուած են 1890-ական թուականներու վերջաւորութենէն մինչեւ 1920-ական թուականներու սկիզբը երկարող ժամանակաշրջանի լուսանկարներ, որոնք ձեռք ձգուած են բազմաթիւ արխիւներէ: Զինք մասնաւորաբար տպաւորած է Կեթի հետազօտութեան հիմնարկի «Փիեռ տը Ժիկոր օսմանեան հաւաքածոյ»-ն: Լուսանկարներու հաւաքման համար օգտագործած է նաեւ օտարներու կողմէ գրուած գիրքերը` զգուշանալով կողմնակալութեան ամբաստանութենէն:

Գիրքի հրատարակութենէն ետք կը շարունակուի արխիւային լուսանկարներու հաւաքման իր հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ «այդ լուսանկարները պատմութիւն մը կը պատմեն»: Իր ուշադրութիւնը սկսած է կեդրոնացնել Միջին Արեւելքի մէջ հայ լուսանկարիչներու կողմէ լուսանկարուած նկարներուն վրայ, սակայն նաեւ հետաքրքրուած է օտարազգի լուսանկարիչներու արխիւային լուսանկարներով` զանոնք բաղդատելու նպատակով: Արխիւային լուսանկարներու իր հետաքրքրութիւնը ծնունդ տուած է մէկ այլ հետաքրքրութեան` 1865-1940 ժամանակաշրջանի լուսանկարիչները: «Երբ քննենք Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջանները, կը տեսնենք, որ հայերը այդ ասպարէզին գերիշխած են», նշեց ան` աւելցնելով, որ ներկայիս այդ լուսանկարիչներուն գործերը կը հետազօտէ, սակայն աշխատանքի սահմանը ընդլայնելով կը ներառէ նաեւ Պուլկարիոյ եւ ռուսական կայսրութեան շրջանները, ուր եւս հայ ականաւոր լուսանկարիչներ գոյութիւն ունէին:

Տոքթ. Մալիքեան յայտնեց, որ այժմ աշխատանք կը տանի իր հաւաքած լուսանկարները կրթական հաստատութեան մը մէջ պահ դնելու եւ այդ նպատակով ալ ընտրած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` իր ունեցած արխիւային նիւթերու պահպանման ժամանակակից յարմարութիւններուն պատճառով:

Նախքան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ան իր հաւաքած շուրջ 1500 լուսանկարները ցոյց տուած է Հարվըրտ համալսարանի պաշտօնատարներուն, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են, սակայն ան նախընտրած է այդ լուսանկարները Պէյրութ բերել` մեկնելով այն համոզումէն, որ այդ նիւթերը իրենց «ծննդավայրին» մէջ պէտք է մնան: Ան կ՛ընդգծէ, որ ասիկա հայկական ծրագիր մը եղած է եւ պիտի մնայ, սակայն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ պիտի պահուի, որովհետեւ նշեալ համալսարանը այդ մէկը կատարելու կարողութիւնը ունի` աւելցնելով, որ այդ լուսանկարներու արխիւը հասանելի պիտի ըլլայ:

Տոքթ. Մալիքեան այժմ Լիբանան կը գտնուի լիբանանահայ անհատներու մօտ գտնուող ընտանեկան հին լուսանկարներ հաւաքածոյին միացնելու աշխատանքով` նկատի ունենալով, որ անոնք ընդհանրապէս բնակարաններուն մէջ պահ դրուած են վատ վիճակի մէջ եւ այդ պատճառով վտանգուած են, իսկ համալսարանին մէջ ոչ միայն լաւապէս պիտի պահպանուին, այլ նաեւ թուայնանան:

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Դուին Մումջողլեան Մեկնեցաւ Փուսան

Յաջորդը

Նահատակութիւնը Յաղթանակ Է. «Հողը Արիւնով Են Փրկում, Իմացէ՛ք»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.